«Հովուական Առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ» Նիւթով Միօրեայ Իւրայատուկ Սեմինար
«Հովուական առաքելութիւնը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ» նիւթով, հինգշաբթի, 1 նոյեմբեր 2012-ին, Զմմառու Վերափոխման վանքին կից գտնուող կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր սեմինար` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, ինչպէս նաեւ` Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր խումբի ներկայացուցիչ Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեանի եւ Ռաֆայէլ սրկ. Ժաուհարժիի:
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին սեմինարին բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Ռիթա Ումուտեան, որ նշեց, թէ սեմինարը իր տեսակով եւ բնոյթով իւրայատուկ է եւ լաւագոյն առիթն է միասնաբար քննարկելու հոգեւոր հարցեր եւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած խնդիրներ: Ումուտեան ըսաւ. «Մենք ունինք աշակերտութիւնը եկեղեցւոյ կապելու մարտահրաւէր: Ներկայիս երիտասարդները օր ըստ օրէ կը հեռանան եկեղեցիէն, հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն, եւ մենք այս բոլորը սրբագրելու համար մեծ պարտականութիւն ունինք»:
Իր կարգին, խօսք առաւ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ նշեց, թէ վարժարանին մէջ հովուական աշխատանքը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային երեք բնագաւառ` աշակերտ, ուսուցիչ եւ ծնողք: Հայր Կարապետեան ըսաւ. «Եկեղեցին պէտք չէ նպատակ ըլլայ դաստիարակչական ծրագիրին մէջ, այլ` մասնակցող: Այդ մասնակցութիւնը պիտի իրականանայ հոգեւոր խումբին ճամբով, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ առողջ սկզբունքներու վրայ` բարելաւելու աշակերտութեան հոգեւոր, եկեղեցական ու կրօնական դաստիարակութիւնը»:
Ապա աշակերտները բաժնուեցան խումբերու` քննութեան առարկայ դարձնելու վարժարանի հոգեւոր մթնոլորտը, առկայ խնդիրները, բարելաւելու կարելիութիւնները եւ ծրագիրները: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ սուրբ պատարագ` հոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Կէսօրուան ճաշէն ետք, իւրաքանչիւր խումբ կատարեց իր ներկայացումը եւ փոխանցեց առաջարկները: Աշակերտները խօսեցան արդիական միջոցները օգտագործելու եղանակին, աշխարհաբար պատարագ մատուցելու կարելիութեան, Ս. Աւետարանի ընթերցման պահի յատկացման, կրօնի դասապահերու վերարժեւորման եւ աշակերտական հոգեւոր կեանք ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին:
Սեպուհ վրդ. Կարապետեան հաստատեց, որ հոգեւոր խումբը բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ` իրականացնելու նպատակները: Իսկ Րաֆֆի Տեմիրճեան նշեց, որ ներկայ աշակերտները այսօրուան երիտասարդութեան ապառողջ հոգեւոր մթնոլորտին պատճառները չեն, սակայն անոնք լուծումներուն մասնակից պէտք է դառնան, այլապէս իրենք ալ թերացած կ՛ըլլան: Տեմիրճեան յայտնեց, որ երիտասարդը փոփոխութիւն յառաջացնելու կամքը պէտք է ունենայ, որ պէտք է ամրապնդուի ազգային ու հոգեւոր ամուր հաւատքով:
Սեմինարի աւարտին մասնակիցները մօտէն ծանօթացան Զմմառու Վերափոխման վանքին: Միօրեայ հաւաքին ներկայ գտնուած աշակերտները հոգեպարար մթնոլորտի մէջ վերադարձան, այն յոյսով, որ այս մթնոլորտը բազմատեսակ աշխատանքներով կը դարձնեն աշակերտութեան սեփականութիւնը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

