Ներածական. Այնճար Հայաւանի Փոխուող Դիմագիծը

Այնճար հայաւանին հիմը դրուած է 1940-ական թուականներու սկիզբը` Մուսա լեռէն գաղթող հայերուն կողմէ, ֆրանսական մանտադի կառավարութեան կողմէ տրամադրուած խոպան հողին վրայ` սուրիական սահմանին մօտ: Հիմնադրութեան տարիներուն զինուորական շարքով, լուցկիի տուփերու նման տնակները սկսան կամաց-կամաց կորսուիլ կանաչազարդ պարտէզներու մէջ, իսկ մշակելի հողերը սկսան արտադրել արմտիք եւ պտուղներ: Սա տեւեց մինչեւ 1975 թուական, երբ ծայր առաւ Լիբանանի 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմը: Այդ շրջանին Այնճարի զարգացման գործընթացը դանդաղեցաւ: 1990 թուականէն ետք, երբ քաղաքացիական պատերազմը վերջացաւ, հայաւանը նոր շունչ մը առաւ եւ շինարարութիւնը նոր թափ ստացաւ: Իսկ սուրիական բանակին Լիբանանէն հեռանալէն ետք Այնճարի բարգաւաճման ընթացքը առաւել եւս աշխուժացաւ:

Վերջին քսան տարիներու ընթացքին յատկանշական զարգացումներու շարքին կարելի է թուել հետեւեալները.

ա.- Այնճարի մուտքէն մինչեւ Ս. Պօղոս եկեղեցի երկարող կանաչազարդ եւ լուսաւոր պողոտան:
բ.- Մուսա լերան 1915-ի քառասուն օրերու պայքարին նուիրուած յուշակոթողի կանգնումը Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ կից:
գ.- Աքուա Սեւան շալեներու համալիրը` իր լողաւազանով:
դ.- Ակին մօտ պանդոկի մը կառուցումը:
ե.- Դէպի պարտէզները երկարող ճամբաներու կուպրապատումը:
զ.- Զանազան թաղերու մէջ նորակառոյց մենատուները` ներքին եւ արտաքին ներդրումներով:

Հակառակ այս բոլոր բարեփոխութիւններուն,  դժբախտաբար, Այնճարի բնակչութեան թիւը փոխանակ յաւելում արձանագրելու, սկսաւ նուազիլ` երիտասարդութեան համար աշխատանքի կարելիութեանց սահմանափակ ըլլալուն պատճառով:

Հետաքրքրականը այն է, որ այս շրջանին Այնճար հայաւանը սկսաւ աւելի արագօրէն բացուիլ արտաքին աշխարհին: Բացատրելու համար այս երեւոյթը, հանդիպումներ ունեցայ Այնճարի մէջ հինգ գործարարներու հետ, որոնց հետ կատարած տեսակցութիւններս յաջորդաբար կը ներկայացնեմ ընթերցողին:

Զ. Գ. Ղ.

ՔԱՓԹԸՆ ԿԱՐՈՆ

Վարդաստան

Ամիսը մայիս էր` վարդերու ամիս: Բանաստեղծութիւն չէ, որ կ՛ուզէի գրել, կինս վարդ կը փնտռէր վարդի անուշ պատրաստելու համար: Տեղեակ էի, որ Այնճարի մեր ամառնային տունին ետին կ՛ապրի Կարօ անունով մէկը, որ վարդ կը բուծանէ: Ուստի քայլերս ուղղեցի դէպի Կարոյին բնակած շէնքը: Կարոն հոն  չէր, իր կնոջմէն երկու քիլօ վարդ գնելով` կը վերադառնայի տուն, երբ ուշադրութիւնս գրաւեցին գրեթէ երեսուն հատ մէկ մեթր տրամագիծով մետաղեայ ափսէներ, որոնց վրայ փռուած էին ծիրանի պաստեղներ` չորնալու համար, նոյն ատեն` սնտուկներով վարդեր եւ ծիրաններ: Հետաքրքրութեանս գոհացում տալու համար ուզեցի հանդիպիլ նոյնինքն Կարոյին: Հեռաձայնի միջոցով յաջորդ օրուան համար ժամադրուեցանք իր աշխատանոցին մէջ:

Կարոն, որ գիւղին մէջ ճանչցուած է որպէս Քափթըն Կարօ, իր 185 սմ հասակով, ջղուտ մարմնով ու գլխարկով, աւելի շատ կը նմանէր ամերիկեան «ուեսթըրն քապոյներուն»: Խնդրեցի իրմէ, որ պատմէ իր արտադրութիւններուն մասին:

Քափթըն Կարօ

Ան իր յաջողութեան պատմութիւնը սկսաւ իր կենսագրականով. «Ծնած եմ 1959-ին, Այնճար, Մուսա Լերան պիթիասցի ընտանիքի մը մէջ: Հայրս` Պօղոս Քէշիշեան, իսկ մայրս` Խաթուն Էմմողլեան: Այնճարի աւետարանական եւ Յառաջ վարժարաններուն մէջ ամբողջացնելէ ետք երկրորդական ուսումս, յաճախեցի Պէյրութի «Օրիյենթըլ Ինսթիթիութ ֆոր սայընսըզ» բարձրագոյն ուսումնարանը, զոր աւարտեցի ելեկտրոնագիտութեան Թի. Էս. վկայականով: Բախտս փորձեցի կարգ մը առեւտրական գործերու մէջ, ինչպէս` երաժշտական ձայնագրութիւններու, հագուստի եւ ծովային ուտելիքներու խանութներ բանալով: 1999-ին` ամէն ինչ լքելով եկայ հաստատուեցայ ծննդավայրս` Այնճար, ուր սկսայ լոլիկի մածուկի արտադրութեան, որ հետագայ բոլոր յաջողութիւններուս սկզբնակէտը պիտի ըլլար: Ամուսնացած եմ Սիլվա Ճանսըզեանին հետ, ունիմ մանչ մը եւ դուստր մը: Մանչս կը հետեւի մեքենայի ճարտարագիտութեան, իսկ դուստրս` ձեւագծումի:

«Ինչպէս վերեւ յիշեցի, երկրագործական արտադրութիւններուս սկսայ լոլիկի մածուկի պատրաստութեամբ, կամաց-կամաց գործս սկսաւ ընդարձակուիլ, լոլիկի մածուկի վաճառականութեան յաջորդեց մեծ դդումի եւ պղպեղի առեւտուրը, թոներով անոնցմէ կը տանէի Պուրճ Համուտ` Մարաշի շուկան: Անոնց զուգընթաց սկսայ պատրաստել ու վաճառել անուշներու ու թթուաշներու տեսակներ` դդումի, թուզի, ընկոյզի, ծիրանի, վարդի, նարինջի անուշներ, իսկ թթուաշներէն վարունգի, լոլիկի, պղպեղի: Նշմարեցի, որ ամէն տարի Հալէպէն մեծաքանակ կը ներածուին վարդի թերթեր եւ կը ծախուին Մարաշի շուկային մէջ: Մտածեցի` ինչո՛ւ վարդենի չցանել Այնճարի մէջ: Սկսայ 7000 քառ. մեթր հողի վրայ աճեցնել վարդի թուփեր` հակակշռելով  Հալէպէն ներածուած վարդերու քանակը: Յաջորդ քայլս եղաւ ծիրանի, թուզի եւ սալորի պաստեղի պատրաստութեան ձեռնարկել: Պեքաան հսկայ շտեմարան մըն է ծիրանի: Լիբանանի մէջ սպառուող ծիրանի պաստեղները ընդհանրապէս կու գան Սուրիայէն, անոնց խառնուած կ՛ըլլան քիմիական նիւթեր` շաքար, նշայ: Ես սկսայ պատրաստել պաստեղներ զուտ ծիրանի հիւթով, որոնք շուտով մեծ ժողովրդականութիւն ունեցան շուկայի վրայ:

Կարոյին գործունէութեան տարողութեան մասին գաղափար մը կազմելու համար հոս կը ներկայացնենք իր արտադրութիւններուն քանակը` թուանշաններով.

Տարեկան ան կ՛օգտագործէ շուրջ

Ծիրան 40    թոն
Վարդ  15    թոն
Դդում  80    թոն
Լոլիկ  50    թոն
Պղպեղ 100   թոն

Պաստեղներ

Այս արտադրութիւններուն մէկ մասը իբրեւ հում նիւթ կ՛իջեցնէ շուկայ, մաս մըն ալ կ՛օգտագործէ անուշներ ու թթուաշներ պատրաստելու համար:

Անուշներու, թթուաշներու, ռուպերու, քացախներու, օշարակներու ու վարդի ջուրի պարագային իւրաքանչիւրին տարեկան արտադրութիւնը կը տարուբերի 500-էն մինչեւ 3000 քիլոկրամի միջեւ:

Լոլիկի մածուկի եւ պաստեղի տարեկան արտադրութիւնը իւրաքանչիւրը կը շրջանցէ 10 թոնը:

Բոլոր արտադրութիւնները «Հոմ մէյտ» անունով կը վաճառուին շուկայի վրայ: Արտադրութեան կեդրոնը Պիթիաս թաղի իրենց բնակած շէնքն է, ունին 5 արական եւ 20 իգական սեռէ գործաւորներ, բոլորն ալ շրջանի արաբ գիւղերէն: Գործը կը կառավարուի ընտանիքի անդամներուն կողմէ:

ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ
ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES