Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցին Եւ Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը Վնասուած` Բախումներու Պատճառով

Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերուն եւ զինեալ ընդդիմութեան միջեւ շարունակուող բախումներուն պատճառով էական վնաս կրած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին:

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան Tert.am լրատուական կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ եկեղեցին եւ Մեծ եղեռնի նահատակներու յուշահամալիրը վնասուած են յարակից շէնքերուն մօտ տեղի ունեցած կրակոցներու եւ պայթումներու պատճառով:

Այս եկեղեցի-յուշահամալիրին մէջ ամփոփուած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին Տէր Զօրի անապատներուն մէջ զոհուած բազմաթիւ հայերու մասունքները, իսկ Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ Ցեղասպանութիւնը հաւաստող բազմաթիւ վաւերագիրներ կան:

ՄԻՒՍ կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:20-ին, հինգ հրասանդի հրթիռներ ինկան Հալէպի Վիլլաներ թաղամասի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղին մէջ: Սկզբնական տեղեկութիւններու համաձայն, ֆիզիքական կորուստներ չկան, սակայն կարգ մը շէնքերու տանիքներ վնասուած են, կը լսուին նաեւ կրակոցներ:

«Տէր Զօրի Յուշահամալիրը Պիտի
Վերանորոգուի
, Անմիջապէս
Որ
Ապահովութիւնը Վերահաստատուի»

Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իմանալէ ետք, որ Տէր Զօրի յուշահամալիրը ռմբակոծման պատճառով ենթարկուած է լուրջ վնասներու, Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս կապ հաստատեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանին հետ:

Վեհափառ հայրապետը նախ տեղեակ դարձաւ յուշահամալիրին կրած վնասներէն: Յստակ է, թէ յուշահամալիրը որեւէ ձեւով թիրախ չէ դարձած ռմբակոծումի կամ կողոպուտի: Անոր կրած վնասները հետեւանք են իր մօտակայքը ինկած քանի մը ռումբերու:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց մեր հոգեւոր ու ազգային պատասխանատուներուն կողմէ մեր ժողովուրդին կատարուող ծառայութիւններուն համար: Իր հայրական քաջալերանքին ու թելադրութիւններուն կարգին վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ «Տէր Զօրի յուշահամալիրը պիտի վերանորոգուի, անմիջապէս որ ապահովութիւնը վերահաստատուի»:

Share this Article
CATEGORIES