Ինտիանափոլիսի Մէջ Մեծ Պայթում Մը Բնակարաններ Կը Քանդէ

Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա նահանգի Ինտիանափոլիս քաղաքին մէջ մեծ պայթում մը երկու բնակարաններ քանդեց եւ 14 ուրիշներու վնասներ պատճառեց: Արձանագրուեցան 2 զոհեր, իսկ 200 ուրիշներ իրենց տուներէն տեղահանուեցան: 4 քաղաքացիներ դարմանումի համար հիւանդանոց փոխադրուած են: Չէ բացառուած, որ զոհերուն թիւը բարձրանայ:

Տասնեակներով հրշէջներ դէպքին վայրը փութացին: Պայթումին պատճառը տակաւին չէ յստակացած, սակայն բնական կազի սպրդումը հաւանական պատճառ կը նկատուի:

Ինտիանափոլիսի հրշէջներու բաժանմունքը յայտնեց, որ դէպքին վայրը պատերազմի թատերաբեմի կը նմանի:

Share this Article
CATEGORIES