1973-Էն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Իսրայէլեան Բանակը Զգուշացման Նպատակով Սուրիոյ Ուղղութեամբ Կրակ Բացաւ

Իսրայէլեան բանակէն եւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերէն զինուորներ կը քննեն հրթիռին ինկած վայրը

Իսրայէլեան բանակը երէկ զգուշացման նպատակով սուրիական հողամասերու ուղղութեամբ կրակ բացաւ, երբ Սուրիայէն արձակուած հրասանդի հրթիռ մը ինկաւ հիւսիսային Իսրայէլի վրայ:

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլացի զինուորները հոկտեմբեր 1973-էն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող դէպքով մը սուրիական բանակին դիրքին մօտ եղող շրջանի մը ուղղութեամբ կրակ բացած են:

Իսրայէլեան բանակէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իսրայէլացի զինուորները դիտմամբ չեն հարուածած սուրիական բանակի դիրքը` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը հակադարձելու համար օգտագործած է հակահրասայլային համակարգ մը, որ թիրախը հարուածելու բարձր ճշգրտութիւն ունի:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «քիչ առաջ Կոլանի բարձունքին վրայ հրասանդի հրթիռ մը հարուածեց Սուրիա-Իսրայէլ սահմանին վրայ գտնուող իսրայէլեան բանակին պատկանող դիրք մը` Սուրիոյ մէջ ներքին տագնապի ընթացքին: Ի պատասխան իսրայէլացի զինուորները սուրիական շրջաններուն ուղղութեամբ զգուշացման նպատակով կրակ բացին»:

Իսրայէլ Կոլանի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն բողոքագիր մը ներկայացուց` զգուշացնելով, որ «Սուրիայէն Իսրայէլի ուղղութեամբ հրթիռներու արձակման նկատմամբ բարեացակամութիւն պիտի չցուցաբերուի եւ մեր պատասխանը խիստ պիտի ըլլայ»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին Իսրայէլի կողմէ փոխանցուած է պատգամ մը, թէ պէտք է վերջ տայ Կոլանի մօտ ընդդիմադիր զինեալներուն դէմ յարձակումներուն` նշելով, որ «եթէ սուրիական կողմէն հրթիռ մը իյնայ, պիտի հակադարձենք»:

Մինչ այդ, «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ընդդիմադիր խմբակները Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ գումարած իրենց ընդհանուր ժողովին ընթացքին համաձայնագիր ստորագրած են ձեւաւորելու համար միացեալ ղեկավար նոր մարմին մը, որ պիտի կոչուի Ազգային համաձայնական մարմին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը ընդդիմադիր նոր մարմինի մը ստեղծման դէմ է եւ երեք օր առաջ քրիստոնեայ մը` Ժորժ Սապրան ընտրած էր իբրեւ իր ղեկավարը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Տոհայի մէջ ընթացող սուրիական ընդդիմութեան ժողովը եւ վերջինիս ընթացքին որդեգրուած նոր ղեկավար մարմինի մը կազմութեան որոշումը:

Միւս կողմէ, սուրիական ընդդիմութենէն լաւատեղեակ աղբիւր մը եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին յայտնեց, որ գոյութիւն ունի ռուսական առաջարկ մը, ըստ որուն, ընդդիմադիր եւ իշխանամէտ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ սուրիական նոր կառավարութիւն մը յարանուանական բաժնեկցութեամբ կամ լիբանանեան Թաէֆի համաձայնագիրին նման նոր համաձայնութեան մը ճամբով սուրիական նոր կառավարութիւն մը պիտի կազմուի եւ Ասատ մինչեւ 2014-ի աւարտը իշխանութեան վրայ պիտի մնայ` ամբողջացնելով իր նախագահական նստաշրջանը:

Աղբիւրը նշեց, որ առաջարկներէն մէկը կազմութիւնն է կառավարութեան մը, որուն մէջ պաշտպանութեան ու ներքին գործոց նախարարները վարչակարգէն եւ ալեւի պէտք է ըլլան` իբրեւ երաշխիք այդ յարանուանութեան, իսկ մնացեալ նախարարները ըլլան ընդդիմութենէն, իսկ նախագահ Ասատ մինչեւ 2014` իր նախագահական նստաշրջանին աւարտը մնայ իր պաշտօնին վրայ:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ գոյութիւն ունի նաեւ առաջարկ մը` կնքելու սուրիական Թաէֆի համաձայնագիր մը, որուն հիմամբ նախագահը ալեւի պէտք է ըլլայ, իսկ վարչապետը` սիւննի մը, որ հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւններով օժտուած պէտք է ըլլայ:

Աղբիւրը սակայն կը նշէ, որ ընդդիմութիւնը, մասնաւորաբար զինեալ խմբաւորումները, պիտի մերժեն որեւէ համաձայնութիւն կամ նախաձեռնութիւն, որ իշխանութենէն Ասատի հեռացումը չի նախատեսեր:

Նշենք, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը երէկ Սուրիոյ քիւրտերուն կոչ ուղղեց` զինեալ խմբաւորումներուն դէմ դնելու: «Թայմ» պարբերաթերթը կը գրէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը ըմբոստները կը նկատեն «իսլամական կացնաւորներ», որոնք Թուրքիոյ հաշուոյն կը գործեն:

 

Share this Article
CATEGORIES