Կազայէն Իսրայէլի Վրայ Շուրջ 30 Հրթիռ Արձակուած Է

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ Կազայէն Իսրայէլի դէմ շուրջ 30 հրթիռ արձակուած է: Վիրաւորուած են իսրայէլացի 4 քաղաքայիններ եւ վնասուած են քանի մը շէնքեր:

Իսրայէլեան բանակը, պատասխանելով հրթիռարձակումին, Կազայի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ քանի մը թիրախներ հարուածեց: Ըստ զինուորականներու տուեալներուն, յարձակումի ենթարկուած են զէնքի պահեստանոցներ, ինչպէս նաեւ այդ վայրերը, ուրկէ հրթիռները արձակուած էին:

Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, Կազայի մէջ արձանագրուած է զոհ մը եւ քանի մը վիրաւոր:

Նշենք, որ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան հարուածներու պատճառով Կազայի մէջ առնուազն 5 զոհեր եւ 20 վիրաւորներ արձանագրուած էին:

Share this Article
CATEGORIES