Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ կը նախատեսեն, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ չորեքշաբթի օր գումարելիք իր նիստին ընթացքին կատարէ Լիբանանեան համալսարանի նախագահներուն նշանակումները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի եւ Կիպրոսի դեսպաններ Հիլըրի Չայլտ Էտըմզը եւ Հոմեր Մաւրոմաթիսը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը փափաքին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան թղթածրարը փոխանցուի Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ այսօր կէսօրէ առաջ հանդիպում մը պիտի ունենայ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտի հետ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաղթական դուրս պիտի գան, ինչ ընտրական օրէնքի հիման վրայ ալ կատարուին այդ ընտրութիւնները:
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբը յայտնեց, որ Թուրքիոյ կողմէ դրական նշաններ կան` առեւանգեալները ազատ արձակելու իմաստով:
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին հետեւող կրօնաւոր շէյխ Ապպաս Զուղէյպ շեշտեց, որ լիբանանցի առեւանգեալներուն ազատ արձակման որոշումը Թուրքիոյ մօտ կը գտնուի եւ ոչ թէ Դամասկոսի եւ Թեհրանի:
Այս շրջագիծին մէջ շէյխ Զուղէյպ հաստատեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները տակաւին չեն որոշած Պէյրութի սուրիական եւ իրանեան դեսպանատուներուն առջեւ բողոքի ցոյց կատարել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական տագնապին լուծումը պէտք է ապահովուի լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Խուրի խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընթացքն ու վարուելակերպը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ բջիջային հեռաձայնի ծառայութիւնը պիտի բարելաւուի եւ իր բնականոն ընթացքին մէջ պիտի ըլլայ 2013-ի գարնան` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը կը միտի բջիջային հեռաձայնի երկու ընկերութիւնները պատժել` իրենց արձանագրած բացթողումներուն համար:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ ուժերու նախկին պատասխանատու Մահմուտ Իսա, որ ծանօթ է Լինօ ծածկանունով, յայտնեց, որ Ֆաթհ Իսլամի եւ Ժունտ Շամի մնացորդացները Այն Հելուէի մէջ սպանութիւններ պիտի կատարեն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պքերքէ այցելող Հըզպալլայի պատուիրակութիւնը մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտնեց, որ կուսակցութիւնը ոչ մէկ չէզոք կառավարութեան պիտի զօրակցի: Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին «Առաքելական յորդոր»-ը որդեգրողը ապօրինի զէնք կրողներու հետ չի հանդիպիր: Ժահժահի կատարած այս յայտարարութիւնը, ըստ Պքերքէի, կրակին վրայ ձէթ թափելու փորձ մըն է:
ՄԱԿ-Ի Ապահովութեան խորհուրդը Լիբանանի յատուկ դռնփակ նիստ մը պիտի գումարէ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ իրանցի պատասխանատու մը մօտիկ ապագային այցելէ Լիբանան:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա կը ծրագրէ Լիբանանը իր հակակշիռին տակ առնել` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին տապալումէն անմիջապէս ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կառավարական աղբիւր մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Լիբանան իսկական տնտեսական տագնապ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը այդ տագնապին դրսեւորումը կը նկատուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը ամէնէն վտանգաւորն է` նկատի ունենալով Սուրիոյ դիմագրաւած ծանր հանգրուանը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը ներկայիս բացառուած է:

