«Կը Մաղթենք, Որ Կեղծուած Դեղորայքին Թղթածրարը Չքաղաքականացուի» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ նշեց, որ բացայայտուած կեղծուած դեղորայքին թղթածրարը արդէն իսկ արդարութեան նախարարութեան փոխանցուած է:

Ան մաղթեց, որ այդ թղթածրարը չքաղաքականացուի` շեշտելով, որ առողջապահութեան նախարարութիւնն էր, որ նախաձեռնեց կեղծուած դեղորայքի հարցը քննարկելու:

Ալի Հասան Խալիլ աւելցուց, որ իրենք դեղորայքին թղթածրարը պիտի քննարկեն, նոյնիսկ եթէ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի եղբայրը մեղսակից է այդ հարցին:

Նշենք, որ նախապէս վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնած էր, որ պետութիւնը ոչ ոքի ապօրինութիւնը պիտի հովանաւորէ:

 

Share this Article
CATEGORIES