Զօր. Աուն. «Լուրջ Փոփոխութիւններ Չեմ Տեսներ Մինչեւ Յառաջիկայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Կայացումը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իր կարծիքով, մինչեւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւնները լուրջ փոփոխութիւններ չկան: «Բայց եւ այնպէս մենք փոփոխութեան դէմ չենք», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութեան մէջ լիբանանեան քաղաքական ուժերը շատ աւելի լաւ ձեւով ներկայացուած են, քան` նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան անդամները, որոնք քաղաքական միակողմանի իշխանութեան ներքեւ կը գտնուէին:

Անդրադառնալով վարչապետարանին դէմ կատարուած ներխուժումի փորձին` զօր. Աուն ըսաւ, որ այդ ներխուժումը ինքնաբուխ չէր, ինչպէս նաեւ կարելի չէր անձնական «նախաձեռնութիւն» նկատել:

Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը:

 

Share this Article
CATEGORIES