«Լիբանանը Դարձած Է Սուրբ Հող` Իր Նահատակներուն Շնորհիւ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց իր եղբօր` Սելիմ Ռայիի մահուան առիթով:
Ռայի պատրիարքին այցելեցին եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման:
Երէկ երեկոյեան Ռայի պատրիարքը ուղղուեցաւ Էշրեֆիէի Սեն Ժորժ հիւանդանոցը, ուր այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Իգնատիոս Դ. Հազիմ պատրիարքին:
Ռայի պատրիարքին ընկերակցեցան Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը եւ մարոնի համայնքի Գահիրէի առաջնորդ Ժորժ Շիհան եպիսկոպոսը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա:
«Քարիթաս»-ի հիմնադրութեան 40-ամեակին նուիրուած պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, որ մնայուն կերպով զօրակցութիւն կը յայտնէ Միջին Արեւելքին:
Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց նաեւ «Քարիթաս»-ի դերակատարութիւնը եւ լիբանանցիներուն մատուցած անոր ծառայութիւնները:
Ռայի պատրիարքը պատարագէն ետք հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ի գործ դրած ջանքերը` երկխօսութեան միջոցով լուծելու համար քաղաքական տարակարծութիւնները:
Նշենք, որ շաբաթ օր Ռայի պատրիարքը այցելեց Էշրեֆիէն հարուածած պայթումին վայրը, ուր յայտնեց, որ Լիբանանը դարձած է սուրբ հող` իր նահատակներուն շնորհիւ:
«Մենք պէտք է փակենք ատելութեան եւ պատերազմի էջը, որպէսզի լիբանանցի նահատակներուն արիւնը յումպէտս չհոսի: Նահատակներուն եւ վիրաւորներուն կ՛ըսենք, որ պէտք է ընդունիլ այս նահատակութիւնը` հայրենիքի խորանին վրայ: Այդ նահատակները Լիբանանի ապահովութեան եւ խաղաղութեան սիրոյն զոհուած նահատակներ են», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

