Սայտայի Մէջ Զինեալ Միջադէպեր` Շէյխ Ասիրի Եւ Հըզպալլայի Հետեւորդներուն Միջեւ

Բանակի զրահապատ ջոկատ մը այն վայրին մէջ, ուր միջադէպերը տեղի ունեցան

Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր եւ անոր հետեւորդները բողոքի ալիք մը բարձրացուցին Սայտայի մէջ Հըզպալլայի բարձրացուցած կարգախօսներուն, դրօշակներուն ու որմազդներուն դէմ եւ պահանջեցին զանոնք շրջանէն վերցնել:

Այս պահանջը ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի կողմէ փոխանցուեցաւ Հըզպալլայի, որուն հետեւորդները վերցուցին իրենց դրօշակները, բացի իսրայէլեան ուժերուն հետ բախումի մը ընթացքին Դիմադրութեան գրաւած իսրայէլեան  զրահապատէն:

Հըզպալլայի հետեւորդներուն կողմէ Շարպելի կոչին ընդառաջելու քայլը ետ մղեց շէյխ Ասիրի հետեւորդները իրենց կատարելիք բողոքի ցոյցէն, սակայն, երբ Սայտայի մէջ բնակող երիտասարդներ փողոց իջան եւ Սայտայի հրապարակին վրայ Աշուրայի յատուկ պաստառներ բարձրացուցին, շէյխ Ասիրի թիկնապահներն ու հետեւորդները դարձեալ փողոց թափեցան եւ ուղղուեցան դէպի Թաամիր-Այն Հելուէ շրջան, ուր սկսան զինեալ բախումները` Թաամիրի բնակչութեան եւ Ասիրի հետեւորդներուն միջեւ:

Զինեալ բախումներուն պատճառով սպաննուեցան Ասիրի թիկնապահները` Լուպնան Ազզի եւ Ալի Սամհուն, ինչպէս նաեւ 16 տարեկան եգիպտացի պատանի մը: Բախումներուն պատճառով ինկան նաեւ 8 վիրաւորներ, որոնց շարքին նաեւ Հըզպալլայի Սայտայի պատասխանատու շէյխ Զէյտ Տահեր, որ կուրծքէն եւ թեւէն փամփուշտներ ստացաւ, սակայն աւելի ուշ վիրահատութեան ենթարկուելէ ետք իր առողջական կայուն վիճակը վերագտաւ:

Սայտայի «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ խստիւ մերժեց Սայտայի մէջ տարբեր յարանուանութիւններու միջեւ մղուած պայքարը: Ան ըսաւ, որ Սայտայի մէջ արձանագրուած դէպքերը խենթութեան արշաւ մը կը նկատուին` առաջնորդութեամբ շէյխ Ասիրի, որ կրօնական, օրինական կամ տրամաբանական եւ ազգային ոչ մէկ պատճառաբանութիւն կամ արդարացում ունի ներկայացնելիք:

Շէյխ Համմուտ շեշտեց, որ Ասիր ապագայի ոչ մէկ հեռանկարով կ՛առնէ այդ քայլերը:

Միւս կողմէ, շէյխ Ասիրի հետեւորդները յարձակում մը գործեցին նաեւ հանգուցեալ նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Սաատի կնոջ` Նաժլա Սաատի ինքնաշարժին դէմ եւ օդին մէջ կրակեցին ու խոշտանգեցին Սաատի վարորդը:

Նաժլա Սաատ յայտնեց, որ շէյխ Ասիրի հետեւորդները լուտանքներ տեղացուցին Նասըրական շարժումի ղեկավար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատի հասցէին:

Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատ հերքեց Թաամիր-Այն Հելուէ շրջանին մէջ արձանագրուած միջադէպերուն հետ Նասըրական շարժումին կապը` շեշտելով, որ Ասիրի հետեւորդներն են, որոնք կը յարձակին շրջանին բնակչութեան վրայ եւ կը փորձեն Սայտան արեան ծովի վերածել:

Պէտք է նշել նաեւ, որ շէյխ Ասիր բախումներ ունեցաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն հետ, որոնք անցարգել մը զետեղած էին Սայտայի մուտքին եւ կեցուցած էին իր զաւակը, որ առանց արտօնագիրի անթափանց ապակիներով ինքնաշարժ մը կը վարէր:

Շէյխ Ասիր կրցաւ իր զաւակն ու անոր ինքնաշարժը փրկել ապահովութեան ուժերէն:

Նկատի ունենալով զինեալ բախումներուն սաստկացումը` լիբանանեան բանակը եւ անոր մասնայատուկ ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին Սայտայի մէջ եւ շրջափակեցին Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթը, ուր կը գտնուէր շէյխ Ասիր` առաջքը առնելու համար յաւելեալ բախումներու:

Բանակին ընդհանուր հրամանատարութիւնը աւելի ուշ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը իր ամբողջ ուժով հակակշիռի տակ պիտի առնէ զինեալ երեւոյթները եւ պիտի խուզարկէ կասկածելիներու բնակարաններ` շարունակելու համար երէկուան միջադէպերուն շուրջ իր բացած հետաքննութիւնը:

Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Շարպել Սայտայի սերային մէջ նախագահեց ապահովական յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան Սայտայի բոլոր ապահովական պատասխանատուները:

Նախքան նիստին սկսիլը, Շարպել յայտնած էր, որ Սայտայի մէջ ոչ մէկը անձեռնմխելի է եւ բանակը կրակ պիտի բանայ բոլոր զինեալներուն դէմ:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցելու Ազգային երկխօսութեան նիստին` շեշտելով, որ ինք շէյխ Ասիրի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն չէ ունեցած:

Նիստէն ետք Շարպել յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը եւ բանակը իրենց հակակշիռին տակ պիտի առնեն Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդարձակ հետաքննութիւն մը պիտի բանան` ճշդելու համար երէկուան միջադէպին պատասխանատուները:

Շարպել ընդգծեց, որ ապահովական ուժերը խիստ հրահանգներ ստացած են վերջ տալու զինեալ որեւէ երեւոյթի, իսկ զինեալներուն կողմէ ապահովութեան ուժերուն չենթարկուելու պարագային անոնց դէմ կրակ բանալու իրաւունք տրուած է:

Շարպել նշեց, որ նիստին ընթացքին ապահովական կառոյցներէն պահանջուած է Սայտան զինուորական շրջանի վերածելու հարցը քննարկել, որովհետեւ Սայտա յատուկ պարագայ է: «Կը փափաքիմ, որ Լիբանանի մէջ հարցը Սայտայէն ծայր չառնէ, ինչպէս պատահած էր 1975-ին», ըսաւ Շարպել:

Անդրադառնալով դէպքերուն զոհ գացած Լուպնան Ազզիի` Շարպել յայտնեց, որ ան շէյխ Ասիրի թիկնապահը չէ, այլ պարզապէս կը բաժնէ Ասիրի տեսակէտները:

Սայտայի առեւտրականներու միութիւնը երէկ երեկոյեան կոչ ուղղեց այսօր փակելու Սայտայի բոլոր վաճառատուները` սգալու համար զոհուած քաղաքայինները եւ մասնակցելու անոնց յուղարկաւորութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES