«Արաբ Ղեկավարները Այսօր Յանգած Են Այն Եզրակացութեան, Որուն Մասին Մենք Կը Խօսէինք Տարիներ Առաջ» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական տագնապին, Ազգային երկխօսութեան նիստին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմի փոփոխութեան հաւանականութեան եւ շարք մը այլ հարցերու, որոնք կը յուզեն երկիրը:

Կառավարութեան փոփոխութեան հարցին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կառավարութեան փոփոխութիւնը ընդդիմութեան պահանջն է եւ անիկա առկայ է ներկայ կառավարութեան կազմութենէն սկսեալ, կամ աւելի ճիշդը` նախորդ կառավարութեան հրաժարականէն անմիջապէս ետք:

Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման առաջարկած է Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկել կառավարութեան փոփոխութեան հարցը:

Ան աւելցուց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի գումարուէր 12 նոյեմբերին (այսինքն` այսօր), սակայն շուրջ երեք շաբաթ առաջ, զայն 29 նոյեմբերին յետաձգելու նպատակներ ի յայտ եկան: «Այսինքն` այդ յետաձգումը հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութենէն առաջ առկայ էր եւ ոչ մէկ կապ ունէր կառավարութեան նկատմամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ որդեգրուած կեցուածքին հետ: Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ մենք Ազգային երկխօսութեան նիստին պիտի մասնակցէինք ոչ թէ կառավարութեան փոփոխութիւնը, այլ` երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը քննարկելու: Սակայն նկատի ունենալով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն պահանջը, հանրապետութեան նախագահը առիթ տուած էր, որ այդ հարցը քննարկուի եւ նոր կառավարութեան կազմ մը ճշդելու մասին քննարկումներ կատարուին, նախքան իշխող կառավարութեան հրաժարիլը` առաջքը առնելու համար Լիբանանի մէջ ստեղծուելիք անիշխանութեան, ինչ որ անորոշութիւն կը պատճառէ եւ այս հանգրուանին վտանգաւոր է», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Լիբանան առանց երկխօսութեան չի կրնար գոյատեւել` աւելցնելով, որ Լիբանան ազգային գոյակցութեան եւ բազմազանութեան երկիրն է եւ շեշտելով, որ բազմազանութիւնն ու գոյակցութիւնը պահպանելու համար իրենք կարիքը ունին երկխօսութեան եւ ոչ թէ զէնքին կամ պատերազմին:

«Հետեւաբար, երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է, սակայն միաժամանակ կարեւոր է նաեւ առանց նախապայմանի կատարուող երկխօսութիւնը, որպէսզի ան ըլլայ հետեւողական եւ արդիւնաւէտ դուրս գայ», ըսաւ ան` նշելով, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու առումով հանրապետութեան նախագահը աննախընթաց զօրակցութեան արժանացաւ:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը օր մը օրանց Սուրիոյ կամ Իրանի կառավարութիւնը չէ եղած եւ այս կառավարութիւնը այլ կառավարութիւններէ աւելի նուաճումներ արձանագրած է եւ աւելի եւս կ՛աշխուժացնէ իր գործունէութիւնը:

«Հակառակ անոր որ կառավարութեան արձանագրած վերջին նուաճումները, մանաւանդ նշանակումներ կատարելու իմաստով ողջունելի են, սակայն իբրեւ լիբանանահայութիւն մենք կը մեղադրենք կառավարութիւնը, որ Քարիւղի տնօրինման ազգային խորհուրդին պարագային միայն վեց համայնք նկատի ունեցած է` գիտնալով հանդերձ, որ Թաէֆի համաձայնագիրով հայութիւնը ճանչցուած է իբրեւ Լիբանանի հիմնական 7 մեծագոյն համայնքներէն մէկը եւ ոչ թէ եօթներորդը», ընդգծեց ան:

Թաէֆի համաձայնագիրին մասին Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Թաէֆը վերատեսութեան ենթարկելու հաւանականութիւնը առկայ է մեզի համար, սակայն պայմանաւ որ զայն վերատեսութեան ենթարկելու շուրջ ազգային համախոհութիւն գոյանայ եւ ոչ թէ քաղաքացիական նոր պատերազմի մը դուռ բանայ»:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները չկատարելու իմաստով մտահոգութիւն կայ` աւելցնելով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ եւ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումին առումով քայլեր չառնել, եւ ընդհակառակն` ապահովական պատճառաբանութեամբ նիստերէն բացակայիլ:

Ուիսամ Հասանի սպանութեան օրուան ընթացքին Ռապիէի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, ՀՅԴ-ի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ կատարուած հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ նիստին ընթացքին քննարկուած են ընտրական օրէնքին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի գործունէութեան եւ կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու վերաբերող հարցեր: Ան աւելցուց, որ հակառակ անոր որ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրէնքը քրիստոնեաներուն համար լաւագոյնն է, սակայն նկատի ունենալով նաեւ այլոց տեսակէտները`  համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը ամէնէն արդարն է` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը ներկայացնելու իմաստով: «Սակայն կարեւորագոյնը կը մնայ այն, որ մշակուի ընտրական օրէնք մը` կատարելու համար 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ընտրական առումով ՀՅ Դաշնակցութեան քաղաքականութիւնը միշտ ալ եղած է ուրիշին ձեռք երկարելու եւ գործակցելու քաղաքականութիւն:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Դիմադրութեան դերակատարութիւնը մեծ է իսրայէլեան անպարտելի ուժերը պարտութեան մատնելու եւ ուժերու հաւասարակշռութիւն պարտադրելու իմաստով` աւելցնելով, որ մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնն ու լիբանանեան բանակը կարողութիւններ ունենան Լիբանանի քարիւղի հանքերը պաշտպանելու, մենք կը փափաքինք, որ Դիմադրութիւնը իր կարողութիւններով պաշտպանէ զանոնք` Լիբանանի փայլուն ապագային համար:

Շրջանային առումով Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ իր կարծիքով ամերիկեան քաղաքականութիւնը ոչ մէկ փոփոխութիւն պիտի կրէ:

Սուրիոյ տագնապին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ի վերջոյ այդ իմաստով համաձայնութիւն մը պիտի գոյանայ եւ պատերազմը վերջ պիտի գտնէ` մաղթելով, որ այդ պատերազմը շրջանին բաժանումով չաւարտի, որովհետեւ այդ պատերազմը բարեկարգումի կամ վարչակազմի փոփոխութեան պատերազմ չէ, այլ` աշխարհագրութեան եւ Իսրայէլը գոհացնելու պատերազմ:

Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ հայկական օժանդակութիւնները միայն հայոց չեն տրամադրուած: «Մարդասիրական այդ օժանդակութիւնները յատկացուած են Սուրիոյ կարմիր մահիկին ու Բերիոյ թեմի հայոց առաջնորդարանին եւ այդ օժանդակութիւնները սուրիացի ժողովուրդին կը բաշխուին ու ոչ միայն սուրիահայութեան», ըսաւ ան:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը ջրեց Թուրքիոյ կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ վերջինս հայկական օդանաւերը կը պարտադրէ էջք կատարելու` զանոնք խուզարկելու նպատակով: «Հայաստանի կողմէ ուղարկուած երեք օդանաւերուն պարագային ալ թրքական իշխանութիւններուն հետ կանխաւ համաձայնութիւն գոյացած էր Էրզրումի օդակայան էջք կատարելու եւ ապա ուղղուելու Սուրիա», ըսաւ ան:

«Ամէն պարագայի, նախագահ Պաշշար Ասատ տակաւին երէկ յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան ինքզինք սուլթան կը կարծէ եւ շրջանին մէջ օսմանցի խալիֆա. դժբախտաբար արաբ ղեկավարները այսօր եկած են այն եզրակացութեան, որուն մասին մենք կը խօսէինք տարիներ առաջ` «Մաւի Մարմարա» նաւուն «թատերախաղին» ընթացքին», եզրափակեց ան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES