«Բարգաւաճ Հայաստանի Հետ Առաջին Հանդիպումը Խոստմնալից Է» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւորներ Նայիրա Զոհրաբեանի ու Վարդան Օսկանեանի միջեւ հանդիպումը:
«Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին հանդիպման մասին խօսելով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ այդ հանդիպումը նախնական էր, անոր ընթացքին ներկայացուած են կողմերու տեսակէտները:
«Արձանագրեցինք, որ համաձայնեցման դաշտի գերակշիռ մասը առկայ է: Ստեղծուած իրավիճակի գնահատումները, բնականաբար, բաւական մօտ են: Հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ, որ այս հանգրուանին անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որ միաւորող գաղափարը ամրապնդուի, որմէ ետք արդէն միւս մարտավարական քայլերը պիտի քննարկենք: Ընդհանուր առմամբ, առաջին հանդիպումը բաւական խոստմնալից էր: Ատիկա կարելիութիւն պիտի տայ համագործակցիլ հիմնական կէտերուն շուրջ, զորս հրապարակած ենք նաեւ մեր վերջին ասուլիսին ընթացքին, համաձայնեցնել եւ երթալ առաջ», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:
Ռուստամեան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն մատնացոյց կ՛ընէ այն ճամբան, որով երկիրը այս վիճակէն դուրս պիտի գայ: Այս մասին ՀՅԴ-ն կը խօսի երկար ժամանակէ ի վեր:
«Ասիկա այն օրակարգն է, որուն մէջ կայ անհրաժեշտ եւ բաւարար քայլերու ցանկ, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ պիտի ապահովէ այն Հայաստանի կերտումը, որ մենք բոլորս կ՛երազենք: Ասիկա համախմբման ամէնէն կարեւոր առանցքը կրնայ ըլլալ, եւ եթէ ասիկա վերածուեցաւ հասարակական պահանջի, ով ալ ըլլայ իշխող ուժը, չի կրնար հաշուի չնստիլ արդէն ձեւաւորուած հասարակական պահանջին հետ», ընդգծեց Ռուստամեան:

