50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1962)
«Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան»
Քոլեճի Շինութիւնը
Լիբանանի թեմի Ազգային առաջնորդարանը կոչ մը ուղղած է հայ ճարտարապետ-երկրաչափներուն` մասնակցելու Պուրճ Համուտի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճի շէնքի նախագծի պատրաստութեան մրցումին:
Այս առթիւ, շէնքի շինութեան, կատարուած աշխատանքներուն եւ այլ մանրամասնութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ քաղելու համար ուրբաթ, 9 նոյեմբեր 1962, կէսօրէ առաջ, առաջնորդարանի մէջ տեսակցութիւն մը կ՛ունենանք լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ, Խորէն արք. Բարոյեանի հետ:
Սրբազան հայրը, որուն բազմարդիւն ջանքերուն կը պարտինք նաեւ կառուցուելիք այս շինութիւնը, սիրայօժար գոհացում կու տայ մեր հետաքրքրութեան:
Շինութեան յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներէ եւ Պուրճ Համուտի թաղային ազգայիններէ, Վահէ Սէթեան ատենապետ, Ռուբէն Հացագործեան ատենադպիր, Արամ Մինասեան, Ոսկեբերան Արզումանեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան, Կարօ Կիւլեսերեան, Լեւոն Փիրանեան, Յակոբ Քարբանեան եւ Գէորգ Էմմիեան, նախագահութեամբ Խորէն արքեպիսկոպոսի, նախնական աշխատանքները աւարտելէ ետք, անցած է գործնական քայլերու:
Կազմած է դատական կազմ մը` ծանօթ ճարտարապետ-երկրաչափներ Խոսրով Երամեանէ, Փասքալ Փապուճեանէ եւ Յարութիւն Գազանճեանէ, որոնք բարեացակամ, ընդառաջելով իրենց եղած հրաւէրին, շինութեան յանձնախումբին հետ միասնաբար, պատրաստած են շէնքի նախագծին հիմնական ծրագիրը:
Այս նախագիծը հիմք ունենալով, կոչ ուղղած է հայ ճարտարապետ, երկրաչափներուն` մասնակցելու շէնքի նախագծի պատրաստութեան մրցումին, պայմանաժամ դնելով մինչեւ 22 դեկտեմբեր 1962, շաբաթ կէսօրուան ժամը 12:00-ը:
Առաջին մրցանակը շահողին պիտի տրուի 1000 լ. ոսկի, երկրորդին 700 եւ երրորդին 500:
Ընդունուած ճարտարապետ-երկրաչափին պիտի տրուի նաեւ վեց հազար լիբանանեան ոսկի պատուագին` հետեւեալ աշխատանքներուն համար.
1.- Գործադրուելիք վերջնական յատակագիծերու պատրաստութիւն` ճարտարապետական մասերով եւ պեթոնի հաշիւներով:
2.- Ընդհանուր հսկողութիւն շինութեան ընթացքին:
3.- Առժամեայ հաշուեցոյցերու պատրաստութիւն կապալառուի վճարումներուն համար, ինչպէս նաեւ շինութիւնը լրանալուն` վերջնական չափահաշուի պատրաստութիւն:
Գործը ստանձնելու համար անհրաժեշտ է առնուազն երեք տարուան գործնական փորձառութիւն ունենալ:
«Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը, 12-էն 18 տարեկաններու համար պիտի կառուցուի Պուրճ Համուտի թիւ 3625, 3626, 3627 եւ 3628 հողաշերտերուն վրայ:
Պիտի ունենայ առաւելագոյնը մէկ գետնայարկ եւ երեք յարկ: Կը նախատեսուի 400-450 քառ. մեթր տարածութիւն մը գործածութիւն եւ շուրջ 160,000 լիբ. ոսկիի պիւտճէ:
Գետնայարկի մէջ, ճամբաներու երկայնքին պիտի շինուին խանութներ, պահակի կամ տնտեսի սենեակ մը, տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան սենեակներ, գրենական պիտոյքներու սենեակ, ձեռային աշխատանքի սրահ մը, ճաշարան մը` 100-150 աշակերտի համար փոքր խոհանոցով:
Խաղավայրին մօտ` լսարաններ, արտաքնոցներ, տուշի եւ հագուելու սենեակներ:
Վեց դասարան` 30-35 աշակերտի համար, վեց դասարան` 20-25 աշակերտի համար: Ընդամէնը 12 դասարաններ` 350-400 աշակերտի համար:
Երկու ուսուցչարան, երկու աշխատանոց` բնագիտութեան եւ տարրաբանութեան եւ մէկ սենեակ պահեստի:
Մատենադարան-ընթերցարան մը: Մեծ սրահ մը աշակերտութեան որպէս հաւաքավայր եւ հանդիսասրահ` 300-400 անձի համար:
Սրբազան հայրը գոհ է մինչեւ հիմա կատարուած աշխատանքներէն եւ յոյս ունի, որ Նոր տարուան առիթով պաշտօնական հիմնարկէքը կատարուի:
«Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» քոլեճը Պուրճ Համուտի հայաշատ կեդրոնին մէջ, շնորհիւ ամերիկահայ բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանի կարեւոր եւ հիմնական նուիրատուութեան, նաեւ` այլ սրտաբուխ նուիրատուութիւններու, պիտի ըլլայ հայեցի դաստիարակութեամբ, հայապահպանման սատարող, երկրորդական ուսման կեդրոն մը:
Պիտի դառնայ Պուրճ Համուտի հայութեան գուրգուրանքին առարկայ, այնքան անհրաժեշտ, պատուաբեր հաստատութիւն մը:
ՀՐԱԶԴԱՆ

