Երեսունվեց Ժամ Կրընոպլի Մէջ 19-20 Հոկտեմբեր 2012
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Ֆրանսայի մէջ ճամբորդել տաժանք չէ: Գնացքները հանգստաւէտ են եւ արագ, կը մեկնին եւ կը հասնին ճշդուած ժամերու: Կը մեկնիք քաղաքի կեդրոնէն, կը հասնիք քաղաքի կեդրոնը: Հիմա մանաւանդ, ճամբորդներուն կը խնայուի ծուխի ու մուխի անհարկի ապականութիւնը:
Նպատակը զբօսաշրջութիւն չէր, բայց` աշխարհ տեսնելու եւ ճանչնալու ցանկութիւնը ինչո՞ւ անտեսել: Ֆրանսացի իմաստուն Մոնթենեը կ՛ըսէր, որ ճամբորդութիւնները կը նպաստեն երիտասարդներու կազմաւորման: Ինչո՞ւ ոչ ` նաեւ երէցներու, զանոնք դուրս բերելով իրենց քաղքենիական միօրինակութենէն եւ ամէն բան արդէն գիտցողի հիւանդութենէն:
Խղճալի են անոնք, որոնց զբօսաշրջութիւնը կը սկսի եւ կ’աւարտի պանդոկով, ճաշարանով եւ մեծ վաճառատուներով` բաւարարելու համար գնելու անյագ մղումները:
Ուրբաթ առաւօտ: Մաքուր եւ լուսաւոր գնացքը կը սուրայ` առանց զգացնելու իր արագութիւնը: Հինգ հարիւր քիլոմեթր ճանապարհը պիտի կտրէինք երեք ժամէն: Մէկ անգամ կանգ առինք:
Աշնանային ամայութեամբ տարածութիւններէն ետք, Ալպեան լեռներն են: Սրածայր բլուրները արդէն սրածայր լեռ են: Մթնոլորտը բիւրեղի մաքրութիւն ունի: Կայարան: Քանի մը քայլ անդին` պանդոկը: Խճողումէ չտառապող փողոցներ:
Լեռներով շրջապատուած Կրընոպլը, ինչպէս ֆրանսացին կ’ըսէ, «մարդկային չափերու համապատասխան» քաղաք է, իր 150.000 բնակչութեամբ, արդիական եւ բնութիւնը չապականող հանրային փոխադրամիջոցներով:
Հանդարտութիւն մը կը ծաւալի, եւ հեռու ենք մեծ քաղաքներու առթած ջղագրգռութենէն, հեւքէն:
Պանդոկի սենեակին մէջ հեռատեսիլը կը փսխէ լուրեր. Պէյրութի մէջ կրկին ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է. զոհեր կան: Խաղաղութիւնը կարծէք մերօրեայ աշխարհին մէջ անգտանելի սննդամթերք պիտի դառնայ: Որմէ՞ եւ ուրկէ՞ ստացուած իրաւունքով խլուած են եւ կը խլուին կեանքեր:
Համեստութիւն թելադրող լեռներուն դիմաց, դեռ դոյզն չափով իր եսէն հեռանալու ատակ մարդը, կը հասնի իմաստութեան: Աշխարհ տարբեր կ’ըլլայ, եթէ մեր ճակատագրին իրենք զիրենք տէր հռչակած մեծ ու պզտիկ մարդիկ վրաններու տակ բանակելու ղրկուին լեռներուն դիմաց… Թերեւս գազանները կը դառնան Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդ: Արգիլուա՞ծ է երազել…
Հոս ալ կան հայեր: Ո՞ւր չկան: Այլեւս չենք հարցներ, թէ ինչո՞ւ հոն են, փոխանակ գտնուելու Թորգոմի Տան մէջ: Ըսին` վեց հարիւր ընտանիքներ: Թէեւ, ինչպէս միշտ, ոչ ոք կրնայ ճշգրիտ թիւեր տալ: Այժմ գնած են կաթողիկէ եկեղեցիի մը շէնքը, որ կրնայ պատսպարել շուրջ հազար հաւատացեալ: Դպրոց չունին: Ունին միօրեայ դասընթացքներ, նաեւ` Մշակոյթի տուն, ընդարձակ սրահով եւ սարքաւորումներ, որուն տիրութիւն կ’ընէ լիաժամ աշխատող տնօրէնուհին:
Հրաւիրած են զրուցելու «հայերէններ»-ու մասին: Հայերէնախօսութիւնը կը նուազի, բայց «հայերէններու վէճ» կայ, ըսուեցաւ, որ հաւանօրէն, ապահովաբար, կանգ պիտի առնէ, երբ ԺԷ. դարու թատերագիր Քոռնէյի հերոսին բառերը ստիպուած ըլլանք կրկնելու, որ` «կռիւը աւարտեցաւ կռուող մնացած չըլլալով»… Ոչ միայն հոս: Կը բանանք եւ կը շփենք թմբիրի մէջ եղողի մեր աչքերը` զանոնք լայն բանալու համար…
«Ապսպրուած է», որ` ֆրանսերէն խօսինք, քանի որ ֆրանսացիներ ալ ներկայ պիտի ըլլային: Նաեւ, որպէսզի հայեր ալ հասկնային: Այս հին-նոր ողբերգութիւն է: Երբ երիտասարդ էի, եւ տեղ մը կը վիճաբանէինք, հայ մարդու մը համբերութիւնը հատած էր, եւ ան ըսաւ, որ` «մի՞թէ հայ չէինք, որ թրքերէն խօսէինք եւ ինք ալ հասկնար»… Հիմա թրքերէն չէր, ֆրանսերէն էր, ուրիշ տեղ` անգլերէն: Չեմ գիտեր, թէ Քամչաթքա ո՞ր լեզուով պիտի խօսինք… հասկցուելու համար:
Կազմակերպիչները մտավախութիւն ունեցած են: Նման նիւթի մասին լսելու հետաքրքրութիւն ունեցողներ քիչ կ’ըլլային: Բայց Մշակոյթի տան կոկիկ սրահին մէջ ներկայ էր շուրջ եօթանասուն հոգի: Աւելի բազմամարդ համայնքներու մէջ ալ այդ համրանքը կարելի չէ գտնել, եթէ «երգիչ-երգչուհի» եւ «հիւրասիրութիւն» յայտարարուած չըլլան…
Հայաստանէն արտագաղթածներ բազմաթիւ են: Անհիմն վէճեր կան, «մեր լեզուն ճիշդ է, ձեր լեզուն ճիշդ է» անգլուխ եւ անպոչ հարցով: Այս պատճառով ալ, նոյնիսկ այս փոքրիկ համայնքին մէջ, հայեր կողք կողքի են, բայց` ոչ միասին: «Դասախօսութենէն» ետք տեղի ունեցաւ զրոյց: Հայաստանէն արտագաղթած երիտասարդ հայրը չ’ուզեր զաւակը հայերէնի դասերու ղրկել, եթէ «ան իր լեզուն պիտի չխօսի», երբ անդին ինք արդէն սկսած է ֆրանսախօս դառնալ, եւ զաւակը կը յաճախէ պետական վարժարան: Զարմանալի է անգիտութիւնը: Շատեր անտեղեակ էին հայերէնի ապրած հոլովոյթէն, գրաբարէն աշխարհաբարներ, եւ խորհրդային շրջանին քաղաքական նպատակներով իրականացուած ուղղագրութեան «բարեկարգում»:
Ինչպէս Վալանսի մէջ, հոս ալ եկեղեցիին կից շէնք կայ բազմաթիւ դատարկ սենեակներով: Ինչո՞ւ չի ձեռնարկուիր ամէնօրեայ հայկական վարժարանի մը ստեղծման, երբ սփիւռքի մէջ հարիւր քսան ընտանիք հաշուող համայնքներ կան, որոնք ունին եկեղեցի եւ ամէնօրեայ վարժարան:
Եթէ մշակութային ղեկավարութիւն եւ քաղաքականութիւն ունենայինք, չբաւարարուելով մանրուք անմիջականով, ոչ միայն այս փոքրիկ համայնքը, այլ ընդհանրապէս կէս միլիոն անձ գնահատուած գաղութը, որուն վրայ այժմ գումարուած է արտագաղթած հայերու պատկառելի անորոշ թիւ մը, թերեւս` երկու հարիւր հազար, այսօրուան եւ վաղուան պատկերը տարբեր կ’ըլլար: Սկսելու համար` համայնքը ի՛նք կը պատրաստէր իր եկեղեցականները, փոխանակ երկրի լեզուին, բարքերուն եւ համայնքի կացութեան անտեղեակ եկեղեցականներ «ներածելու», որոնք կրնան նպաստաւոր չըլլալ համայնքի ազգային նկարագրի պահպանման եւ ներքին հիւսկէնի ամրացման: Հակառակին փաստերը կան, դժբախտաբար:
Ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ, կան բացառութիւններ, հայերէնի ուսուցումը «սիրողական» է, եւ յաճախ կը բաւարարուի «սիրայօժար»-ով, որ ուսացման յոռեգոյն ձեւն է:
Այս բազմերես եւ որպէս բարդ ներկայացող հարցերը կրնային, կրնան, իրենց լուծումը գտնել, եթէ մշակութային ղեկավարութիւն եւ քաղականութիւն ունենար համայնքը` անհրաժեշտ մարդկային եւ նիւթական ներդրումներով:
Մարդիկ լսեցին, զիրար լսեցին: Լաւ է: Ի՞նչ պէտք է ընել վաղը, որպէսզի այսօրուընէ տարբեր որակի հասնինք: Այս հարցումը մեզմէ իւրաքանչիւրը ինք պիտի ուղղէ, ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ոճով, ինքնիրեն եւ իր շրջապատին: Թերեւս կը յառաջանայ լուծումներու ձգտող անհանգստութիւնը:
Յաջորդ օրը արեւ կար, որ նախորդ երեկոյի տպաւորութիւնները կը ջերմացնէր: Ճոպանուղին լեռ կը տանի: Ալպեան լեռներէն մէկուն վրայ ամրոց կար, խնամուած թանգարանով, կողքի ճաշարաններով, անոնց դիմաց պարզուող համայնապատկերով: Աշխարհագրութեան եւ պատմութեան կենդանի դաս, որ կը կերտէ ժողովուրդի մը զաւակներուն ինքնութիւնը: Ինչպէ՞ս հայացնել նորերուն ինքնութիւնը:
Կրընոպլը ունի զարմանալի մեծ թանգարան մը, ուր կարելի է ման գալ ժամերով: Բաց դուռ` սերունդին որակ տուող: Կրկին բութ հարցումը. ինչպէ՞ս դրոշմել մեր որակը: Երբեմն կան հաճելի անակնկալներ: Հսկայ կտաւի մը առջեւ կանգ առինք: Անոր անուան մէջ յիշուած էին նաեւ «Հայաստանի թագաւոր» բառերը…Roi d’Arménie:
Երեկոյ: Լաւ զբօսաշրջիկ ըլլալու համար ոգելից ըմպելիի վաճառատունէ մը կը գնենք վարդապետներու կողմէ պատրաստուած թունդ օշինդր մը, «Շարթրէօզ»: Ինչպէս երբ Վիէննա կ’երթաք, եթէ քիչ մը կը հետաքրքրուիք, կը գնէք հայ վարդապետներու պատրաստած «Մխիթարին»-ը:
Վեց հարիւր հայ ընտանիք: Եօթանասուն ներկայ` միասին մտածելու համար:
Տեղի տուող եւ ֆրանսերէնով փոխարինուող հայերէն, որուն աշխարհաբար տեսակներուն եւ ուղղագրութիւններուն համար կը վիճինք: Կը յիշէ՞ք, թէ սուլթանը, երբ կը գրաւէր Կոստանդնուպոլիսը, ի՞նչ կ’ընէին (չ)իմաստունները…
Գնացքը կը սուրայ. դուրսի աշխարհը բանտարկուած է մութի մէջ:
Լոյս ունի՞ն հոգիները:
29 Հոկտեմբեր 2012, Նուազի-լը-Կրան

