Սուրիահայ Գրականութիւն. Կինը Դա՛րձեալ Բեմահարթակի Վրայ (Պերճուհի Աւետեանի Պատմուածքներու Նորատիպ Հատորը)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ   

«Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի մատենաշարով անցեալ տարի (2011) Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ հալէպահայ արձակագիր Պերճուհի Աւետեանի պատմուածքներու նորատիպ հատորը`«ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿ»:

«Մելիտինեցի» մրցանակը 1968-էն ի վեր շատ թանկագին ծառայութիւն մը մատուցեր է (եւ դեռ կը շարունակէ մատուցել) սփիւռքահայ ժամանակակից գրականութեան` ամէն տարի մեր սեղանին դնելով հետաքրքրական քանի մը հատորներ: Պաշտօնական տուեալներու համաձայն, անցնող 43 տարիներու ընթացքին մրցանակը հրատարակած է 77 հատոր գիրք, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ` հայերէնով: Կը հետեւի ուրեմն, որ հայալեզու եւ հայագիր գրականութեան կարեւոր խթանիչ մըն է «Մելիտինեցի»-ն, որուն նախընտրութիւնը գրեթէ բացառաբար կ՛երթայ դէպի սփիւռքահայ գրողներու գործերը, ու հետեւաբար` դէպի արեւմտահայերէն ստեղծագործութիւններ: Ասիկա ինքնին գնահատելի սկզբունք մըն է:

2011-ին «Մելիտինեցի» մրցանակին մատենաշարով լոյսին բերուեցան հինգ հատորներ. լիբանանահայ պատմագիր Զաւէն Մսըրլեանի «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ ետք»-ը, պարսկահայ գրող Խաչիկ Խաչերի «Իմ ճակատագրի ծովը», հրապարակագիր Յակոբ Պալեանի «Ինքնութիւն, որակ, մշակոյթ եւ վերականգնում»-ը, արուեստաբան Ալեքսան Պերեճիքլեանի «Արուեստի ուղիներով»-ը եւ վերջապէս` պատմուածագիր Պերճուհի Աւետեանի «Բեմահարթակ»-ը:

Անտեղի պիտի չըլլայ նկատել տալ, որ վերոնշեալ հինգ հեղինակներէն վերջին երեքը` Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի հին շրջանի շրջանաւարտներ են: Հոսկէ ալ պէտք է չափել խորութի՛ւնը ակօսին, զոր Հալէպի մեր վարժարանները կրցած են բանալ հայ գիրի ու մշակոյթի անդաստանին մէջ…

Այդ անդաստանին համեստ ու հետեւողական մշակներէն մին է ահաւասիկ Պերճուհի Աւետեան:

Պերճուհին ամբողջովին կը պատկանի Հալէպին` իր ծնունդով, ուսումով, ստեղծագործական աշխատանքով, ներկայո՛վ: 1972-ին ան աւարտեր է Ճեմարանը, այնտեղ բախտն ունենալով աշակերտելու հայերէնաւանդ պատկառելի ուսուցիչի մը` Մկրտիչ Մկրտիչեանին: Տիրացեր է նաեւ համալսարանական վկայականի ու պատասխանատու պաշտօնի կոչուեր` երկրաչափական-շինարարական ասպարէզին մէջ, ի Հալէպ: Բայց բնաւ չէ մոռցած գրականութիւնը, զոր սիրեր ու կիրարկեր է տեւաբար, օգտագործելով իրեն ընծայուած ազատ ժամանակը, «անջատուելու համար չոր առօրեայէն», ինչպէս կը գրէ ինք իր ինքնակենսագրական նօթերուն մէջ: Աշխատակցեր է առաւելաբար սուրիահայ եւ լիբանանահայ պարբերականներու («Օշական», «Գանձասար», «Շիրակ», «Երթ», «Կամար» եւ այլն): 1994-ին հրատարակեր է պատմուածքներու առջինեկ ժողովածու մը` «Կտակը» խորագրով: Յետոյ, 2006-ին, լոյս տեսեր է իր «Միս Եփփէ մայրիկը» գրքոյկը, որ 50 էջանի իրապատում վիպակ մըն է` Քարէն Եփփէի հայասիրական գործունէութեան ուշագրաւ դրուագներուն վրայ հիւսուած:

«Բեմահարթակ»-ը Պերճուհիին երրորդ գիրքն է ուրեմն:

Այս նորատիպ հատորին դիմաց, մեր առաջին մտածումը կը կառչի ՀԱՅ ԿԻՆ ԳՐՈՂԻ երեւոյթին:

Ինչպէս ժամանակակից հայ կրթական ասպարէզին, նմանապէս գրականութեան ու մամլոյ դաշտերուն մէջ իգական սեռը տիրապետող ներկայութիւն է արդէն: Ասիկա 150 տարի առաջ էլպիս Կեսարացեանով սկսած եւ աւելի ուշ Սրբուհի Տիւսաբներու եւ Զապէլ Ասատուրներու կողմէ սալարկուած ծաղկազարդ ճամբու մը երկարաձգումն է: Ճամբայ մը, որուն աջ ու ահեակ եզրերուն` ձեզի պիտի ժպտին Զ. Եսայեանն ու Շուշանիկ Կուրղինեանը, Զարուհի Գալեմքեարեանն ու Զարուհի Պահրին, Անայիսն ու Պերճուհի Բարսեղեանը, Ատրինէ Տատրեանն ու Հայկանուշ Մարքը, Ա. Արփինէն ու Սիրան Սեզան, ու տակաւին` Կապուտիկեանն ու Մարօ Մարգարեանը, Աղաւնին, Անահիտ Սահինեանը…

«Բեմահարթակ»-ը կը բաղկանայ 288 էջէ: Հոս տեղ գտած են 28 պատմուածքներ, ոմանք` 5-6 էջի ծաւալով, ուրիշներ` 12-16 էջի սահմաններուն մէջ, գրի առնուած` 2004-2010 ժամանակաշրջանին: Բոլոր պատմուածքներուն հիմնական նիւթը ԿԻՆՆ է, աւելի ճիշդ` ԻԳԱԿԱՆ ՍԵՌԸ, իր մերօրեայ տարաբնոյթ տագնապներով, իր մնայուն եւ անփոփոխ հնհնուքներով կամ հոգեկան խռովքներով, կեանքէն իր ակնկալիքներով, իր երազներով ու յաճախակի յուսախաբութիւններով: Կինը, ուրեմն, միահեծան միապետն է այս հատորին… Գրեթէ անփոփոխելի առանցքն է բոլոր գրութիւններուն:

Բայց ասիկա զարմանալի չէ Պերճուհի Աւետեանի պարագային: 17 տարի առաջ հրատարակուած պատմուածքներու իր անդրանիկ հատորին ընդհանուր մթնոլոտը եւս տարբեր չէր «Բեմահարթակ»-ը պարուրող մթնոլորտէն: Ակնյայտ կը դառնայ ուրեմն, որ կնոջական հարցերը, հինէն ի վեր, առաջնային բացարձակ տեղ մը գրաւեր են հեղինակին գրական օրակարգին վրայ ու զինք մղեր են բա՛րձր վերցնելու Ֆեմինիզմի դրօշը` յանուն այն բոլոր ազնիւ ձգտումներուն, որոնք կը միտին թէ՛ պաշտպանել կնոջ պատիւը, թէ՛ ալ զգուշացնել զայն հաւանական գայթումներէ…:

Անմիջապէս ըսենք, որ Պերճուհիին էջերը ընդհանրապէս տրտմութիւն կը բուրեն: Թախիծ ու կսկիծ կը տիրապետեն այնտեղ համատարած չափերով: Իր հերոսուհիներուն կեանքին մէջ քիչ անգամ երջանկութիւն կայ, քանզի անոնք ճակատագրէն զարնուած անբախտ կիներ են, յաճախ` դժբախտութիւններու մէջ մեծցած կամ սեւաբախտ ամուսնութիւններ կնքած, կեանքէն հարուածուա՛ծ: Կը տարուինք մտածել, որ հեղինակը կարծէք կ՛ախորժի կեանքի գորշ երեսակին հայելէ, զայն գիրով ու գրականութեամբ ցոլացնելէ, այդպիսով` թերեւս նպատակադրելով ճեղքել խաւարը ու մատնանիշ ընել լոյսի ճամբան: Մինչեւ իսկ պիտի համարձակինք ըսել, որ Պերճուհիին պատմուածքները, մեծաւ մասամբ, կարծէք ետդարձ մը կ՛ընեն դէպի ԺԹ. դարու վերջին քառորդի արեւմտահայ իրապաշտ շարժումի գիրկը, կը ջանան վերստեղծել (գէթ իբրեւ խորք, ոչ` իբրեւ լեզու եւ ոճ) Բաշալեանով, Կամսարականով կամ Երուխանով ստեղծուած ապրումները, անշուշտ չմոռնալով զանոնք պատուաստել նո՛ր օրերու տուեալներով:

* * *

Ինչպիսի՞ տագնապներու դէմ յանդիման կրնայ գտնուիլ մերօրեայ կին արարածը, կամ ինչպիսի՞ հարուածներու զոհն է ան` մեքենայացած ու ստապատիր մեր ժամանակակից առօրեային մէջ:

Այս մայր հարցումին է, որ պատասխան կ՛ուզէ բերել «Բեմահարթակ»-ը:

Այնպէս կը թուի, թէ իգական սեռը տագնապեցնող երկու գլխաւոր հարցերը առ այսօր կը շարունակեն մնալ ՍԷՐԸ եւ ԸՆՏԱՆԻՔԸ:

Օրինակ, Պերճուհիին պատմուածքներուն մէջ կը հանդիպինք`

– Կէս ճամբան մնացած եւ յուշի վերածուած սէրերու («Գարնան առաւօտ մը»):
– Կեղծաւոր ու պատեհապաշտ սիրականներու («Խորտակուած խամաճիկը», «Տունը», «Նախազգացում»):
– Ձախողած ամուսնութիւններու կամ դժբախտ մէկտեղումներու («Կնոջ խոստովանութիւն»):
– Անզաւակ մնացած հարսերու լուռ եւ այրող տագնապանքին («Այր եւ կին»):
– Ամուսնական դաւաճանութիւններու («Միւսը»):
– Բարոյական ու նկարագրային սայթաքումներու («Հետքը»):

Բայց, «Բեմահարթակ»-ի նիւթերը այսքանով չեն սահմանափակուիր: Պերճուհին, զանազան էջերու վրայ, կրցած է արծարծել այնպիսի զգայուն նիւթեր` որոնք չափազանց էական են կին արարածին դիտանկիւնէն եւ որոնք շարունակ մտալլկումի պատճառ են իրեն համար:

Խօսինք քանի մը օրինակներով.

– ՅՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՄ ՄԱՅՐԱՆԱԼՈՒ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, այլ խօսքով` արարելու առանձնայատկութիւնը, գերագոյն զգացում մըն է կնոջ մօտ: Պերճուհիին հերոսուհիներէն մին` «երբ առաջին անգամ բժիշկի գործիքով ականջ դրաւ իրմէ կազմաւորուած, անծանօթ, բայց հարազատ սաղմի սրտի զարկերուն, զգաց, որ կրծքավանդակը կ՛ուռէր պայթելու աստիճան ու այդ բաբախումը կը դառնար իր նախընտրած սենՖոնին» (էջ 37): Ցնցիչ է պարագան ուրիշ երիտասարդուհիի մը, որ պայմաններու բերումով չէր կրցած մայրանալ, եւ որ տարիներ յետոյ նախանձով պիտի նայէր նո՛յնիսկ իր տան շնիկին, երբ անիկա 4 ձագուկներ աշխարհ պիտի բերէր…(«Մարող աստղը», էջ 163 ):

– ԾԵՐԱՆԱԼՈՒ բնախօսական հոլովոյթը մի՛շտ խռոված է կնոջ անդորրը: Վերեւի առաջին հերոսուհին, տարիներու սահանքին հետ, ափսոսանքով կը նկատէր, որ` «սկիզբը աննշմար փոթեր, ապա զգալի ծալքեր կը գոյանային իր աչքերուն, բերնին ու վզին շուրջ…» (էջ 38): Երկրորդ մը, ամուսնական բախտէն զրկուած, «աչքերուն տակ ու բերնին շուրջ նոր կնճիռներ կը նկատէր: Ամէն անգամ որ լար, կնճիռները իրենց ներկայութիւնը ակնբախ կը դարձնէին:…Տարիները իրենց դրոշմը կը դնէին: Քունքին վրայ ճերմակ մազերու թելերը կը յամառէին յիշեցնել, թէ ներկի հերթական ժամկէտը հասած էր…» (էջ 168):

– Շատ մը մայրերու ՉԱՓԱԶԱՆՑԵԱԼ ԽՐԱՏՆԵՐԸ իրենց հարսնացու դուստրերուն` ճնշիչ ու ժխտական ընկալում մը կը գտնեն: Մայր մը սա՛պէս խրատած էր իր աղջիկը. «Պզտիկ քոյրդ քեզի անցաւ, շուտով կ՛ամուսնանայ, արդէն մեծցար, ա՛լ գլխուդ ճարին նայիր» (էջ 56): Ուրիշ մը, իբր թէ կը փիլիսոփայէր. «Աղջիկ մը վարդի կը նմանի. կոկոն եղած ատեն հոտաւէտ կ՛ըլլայ, վարդի վերածուելով` աչքի կը զարնէ, ուշադրութիւն կը գրաւէ. յետոյ թերթիկները կը թափին ու…» (էջ 38):

Իր ընդհանուր գիծերուն մէջ այս հատորը հեղինակին մարդասիրական զգացումներուն ցոլացումն է: Ընտիր ու պատուական զգացումներու այս գրական տողանցումը, մա՛նաւանդ անմարդկայնութեամբ յատկանշուող սա մեր ժամանակաշրջանին, կը յուզէ ընթերցողը: Հեղինակին սիրտն ու համակրանքը տկարին ու ընկճեալին կողքին են միշտ (տե՛ս «Գեւոլիկը», էջ 240):

Պերճուհիին ինքնակենսագրական նոթերուն մէջ նշուած է, որ իր «Այր եւ կին» պատմուածքը (հատորին մէջ` էջ 25-36) 2009-ին Հայաստանի Գրողներու միութեան կողմէ կազմակերպուած կարճ պատմուածքի մրցոյթին յաղթող ճանչցուած ու համապատասխան գնահատագրի արժանացած է:

Շա՛տ բարի: Իրաւասու չենք հակաճառելու հայրենի մեր գրադատներու յարգելի վճիռին:

Միւս կողմէ, սակայն, կը համարձակինք յայտնել, թէ «Բեմահարթակ»-ին մէջ տեղ գտած երեք պատմուածքներ` «Կնոջ խոստովանութիւն», «Օժիտը» եւ «Լաւագոյն մաղթանքը» գեղարուեստական առաւե՛լ արժանիքներ ունեցող գրութիւններ են ու կրնան մրցանակի արժանանալ շա՛տ աւելի խստասէր ու պահանջկոտ գրադատներու կողմէ ալ…

Գիրքը ունեցողներուն կը յանձնարարենք կարդալ գէթ վերոնշեալ երեք պատմուածքները, որոնք թէ՛ խորապէս յուզիչ են, թէ՛ վարպետօրէն կը շօշափեն մարդկային ողբերգութեան ինչ-ինչ երեսներ, թէ՛ ալ յաջողած են մատչիլ գեղարուեստական ցանկալի բարձունքի:

***

Պերճուհին ունի պարզ, պատմողական անսեթեւեթ ոճ մը: Ունի նաեւ իր հերոսներուն միջեւ աշխուժ երկխօսութիւն ստեղծելու ակներեւ ճարտարութիւն մը: Միաժամանակ, սակայն, բովանդակութեան առումով իրարու շատ նմանող իր պատմուածքները, թերեւս, հատորին տուած են միապաղաղ շունչ մը կամ միագոյն մթնոլորտ մը:

Իսկ լեզուն, որ գրականութեան հիմնական եւ առաջնային լծակն է միշտ, դիւրասահ է ու հանրամատչելի:

Սիրեցինք իր օգտագործած կարգ մը նորաստեղծ բառերը, ինչպէս` սննդապարկ (հիւանդանոցային սերոմ), մոմահեղուկ (հալած մոմ), պոչաւոր բեռնատար եւ այլն: Համաձայն չեղանք նստարան բառին հետ, որ գրքին մէջ բազմիցս գործածուած է տիվանի իմաստով (Մալխասեան, Նուպարեան, Տէմիրճիպաշեան, Լուսինեան եւ արդի Ճերմակեան բառարանները միաբերան կ՛առաջարկեն բազմոցբառը, իբրեւ համազօր canapé-ին):

Նշենք նաեւ, որ հազուադէպ էին մեր ուշադրութիւնը գրաւող ուղղագրական կամ քերականական վրիպումները.- Օրստօրէ (ճիշդը` օրԸստօրէ), նշան չի տուաւ (ճիշդը` չտուաւ), պիտի չի լամ (պիտի չլամ), քրքրուած մազեր (ճիշդը` գրգռուած), մօրս անունը բերանդ չ՛առնես (ապաթարցը աւելորդ է), թեքերիլ (ճիշդը` դեգերիլ), աչքերուն հմայքը գերազանց էին (գերազանց ԷՐ):

* * *

Պերճուհիին «Բեմահարթակ»-ը ողջունելի նպաստ մը կարելի է նկատել սուրիահայ գրականութեան հաշուոյն, մանաւա՛նդ ինչ կը վերաբերի արձակ գրականութեան, որուն հետեւորդները դժբախտաբար նօսր են ու վարանոտ:

Ճիշդ է, որ սա վերջին տասը տարիներուն գրիչ շարժող հալէպահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու նորածիլ սերունդ մը խմորուիլ սկսաւ մեր առջեւ` երէց քանի մը անուններու շուքին տակ կամ քովն ի վեր: Ճիշդ է նաեւ, որ այդ սերունդէն շատեր արդէն իսկ հրապարակ հանեցին իրենց առջինեկ կամ երկրորդ հատորները: Ասիկա յուսատու եւ քաջալերելի երեւոյթ մըն էր անկասկած:

Բայց անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻՆ հետեւորդ էր: Կը թուի, թէ անոնք կը տառապէին լեզուական անբաւարարութենէ ու հետեւաբար տակաւին համարձակութիւն չունէին հանդէս գալու ԱՐՁԱԿ ԳՈՐԾԵՐՈՎ: Որովհետեւ արձակ ստեղծումնե՛րն են, որ իրական ու շօշափելի կերպով փորձաքարի կ՛ենթարկեն հեղինակին լեզուական ու ոճային կարողութիւնները: Մինչ բանաստեղծական գրառումները (մանաւանդ` ժամանակակից քերթողութեան «նորարար» կարգ մը դրսեւորումները)` բառերու, բառախաղերու եւ կարճ տողերու ընդմէջէն դիւրաւ կրնան մոլորեցնել բարեմիտ ընթերցողը եւ քողարկել ամէն տեսակ հաւանական խոտորում կամ անհեթեթութիւն…

Պերճուհիին նորատիպ ժողովածուն, ահաւասիկ, լուռ հրաւէր մըն է վերաշխուժացնելու սփիւռքահայ գրական արձակը:

 

Հալէպ    

Share this Article
CATEGORIES