«Գլաձոր». Տարեգիրք Դպրեվանուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ժզ. Տարի (2011-2012)
2012-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայոց կաթողիկոսութեան Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Պիքֆայայի դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու: Սոյն տարեգիրքին խմբագրութեան մաս կը կազմեն Սամուէլ Ա. սրկ. Լախոյեան, Հրայր կիս. սրկ. Տաղլեան, Համբարձում սրկ. Պալըքճեան եւ Պետրոս Մանճիկեան:
Դպրեվանքի տեսուչը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան «Գլաձոր-ով օղակում» խորագրեալ իր յառաջաբանին մէջ կ՛ըսէ, թէ սոյն տարեգիրքը ծնած է 1956-1957 կրթական տարեշրջանին եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ միեւնոյն յարաճուն ոգեւորութեամբ` իր 55-ամեայ հոգեմտաւոր ծառայութիւնը:
Արդարեւ, դրուատելէ ետք «Գլաձոր» տարեգիրքի առնչութեամբ օրուան տեսուչ Գարեգին վրդ. Սարգիսեանի եւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի բարոյական քաջալերանքն ու հայրական օրհնութիւնը, տեսուչ Նարեկ սրբազան «Գլաձոր»-ի ԺԶ. տարուան հրատարակութեան առիթով, հետեւեալ յորդորաշունչ խօսքը ուղղելով դպրեվանեցիներուն` կ՛ըսէ, թէ հետագային, «Գլաձոր»-ի իւրաքանչիւր թիւը` «ո՛չ թէ իր բովանդակութեան համար պիտի փնտռուի եւ կարդացուի, այլ հոն երեւցող դպրեվանեցիներուն անուններուն կապուած յոյսով պիտի գնահատուի աւելի ուշ, երբ, Աստուծոյ կամքով, ձեզմէ քանինե՜ր հայ հոգեւորականի սքեմով կամ հայ մտաւորականի գրիչով հեղինակ պիտի դառնան մեր ժողովուրդի գրական-մշակութային անդաստանին մէջ»:
Տարեգիրքի խմբագիրները «Դպրեվանեցին հայ գիրքի մտերմութեան մէջ» խորագրեալ խմբագրականով, կ՛ըսեն, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, 2009 տարեշրջանը հռչակեց «Հայ գիրքի տարի»: Թէ` հետեւելով Արամ Ա. վեհափառի պատգամին, յիշեալ խմբագիրները իրե՛նք եւս, ներկայ տարեգիրքով (2012), ցոյց կու տան իրենց երախտագիտութիւնը հայ դպրութեան հանդէպ, հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին առիթով:
«Գլաձոր»-ը կը բաղկանայ 302 էջերէ: Ունի հարուստ բովանդակութիւն, որուն մաս կը կազմեն հետեւեալ նիւթերը. «Քարոզախօսական», «Կրօնաբարոյական», «Ուսումնասիրական», «Գրական» (արձակ եւ բանաստեղծութիւն), «Թարգմանական», «Վերլուծական», «Գրախօսական», «Հարցազրոյցներ» եւ ընդհանուր տպաւորութիւններ դպրեվանքի 2011-2012 տարեշրջանին մասին:
Տարեգիրքին քարոզախօսական բաժինը յատկացուած է այն եօթը անդրանիկ քարոզներուն, որոնք խօսուած են աբեղայական իրենց ձեռնադրութիւնը նոր ստացած եօթը նորընծայ հոգեւորականներուն կողմէ:
Տարեգիրքին կրօնաբարոյական խորագրեալ երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէ եօթը յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին յատկապէս կրօնական հարցերու:
Այս բաժինով յօդուածագիրները կու տան ճշգրիտ բնորոշումները Աւետարանի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան նկատմամբ որոշ ըմբռնումներու:
Այսպէս, անոնք կը բացատրեն թէ ի՛նչ կը նշանակէ սարկաւագ, թէ ո՞վ է սարկաւագը եւ ի՞նչ է անոր հիմնական դերը:
Կ՛ըսեն, թէ կարելի՞ է արդարացնել Յուդա Իսկարիոտացիի մատնութեան արարքը, որ արծաթսիրութեան պատճառով իր Տէրը դատապարտեց մահուան: Յիշեալ յօդուածին էական մտածումը այն է, թէ Յուդայի նման, մե՛նք եւս կրնանք մատնուիլ փորձութեան եւ սայթաքիլ: Սակայն պէտք չէ յուսահատինք, այլ կենսաւորուինք` ապաւինելով Քրիստոսի յուսադրիչ եւ փրկարար զօրութեան:
Ապա յօդուածագիրները կը բացայայտեն այն իրողութիւնը, թէ աստուածային դիտանկիւնէն ի՛նչ է տարբերութիւնը օրէնքին եւ շնորհքին միջեւ: Կ՛ըսեն, թէ օրէնքը այն հայելին է, որո՛ւն միջոցով կը տեսնենք մեր մեղքերը: Իսկ շնորհքը Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած պարգեւ մըն է, որուն երկնահրաշ ներգործութեամբ կը սրբուինք մեր մեղքերէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս 2009 տարին հռչակեց «Երիտասարդութեան տարի»: Գործնականացնելով հայրապետական այս պատգամը` կ՛ըսեն, թէ հարկ է ստեղծել հոգեւորական կեանքի հետամուտ երիտասարդութիւն մը, որ մշակէ գիտակից յարաբերութիւն Աստուծոյ հետ, էապէս ճանչնայ Քրիստոսի անձը, գիտնայ, որ կրօնն ու գիտութիւնը մէկզմէկու լրացուցիչ երեւոյթներ են, եւ, վերջապէս, ստեղծել երիտասարդութիւն
մը, որ դառնայ ժառանգորդ մեր հոգեւոր հարստութեան:
Կ՛ըսեն, թէ պէտք չէ թոյլ տրուի երիտասարդներուն, որ ըլլան հաճոյապաշտ, մոռնան առաքինութեան ճամբան եւ կորսնցնեն մեր եկեղեցւոյ հոգեմտաւոր արժէքները:
Կը հաստատեն այն պատմական ճշմարտութիւնը, թէ Հայ եկեղեցին կը կոչուի «առաքելական»` հիմնուած ըլլալով Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու կողմէ: Թէ` Հայ եկեղեցին կը կոչուի նաեւ «լուսաւորչական», յարգելու համար յիշատակը բազմաչարչար հայրապետ` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ Հայաստանի մէջ 301 թուին քրիստոնէութիւնը յայտարարեց իբրեւ պետական կրօն:
Կ՛ըսեն նաեւ, թէ մեր Երկնաւոր հայրը, Արարիչ Աստուած, ինչ որ ստեղծեց, կատարեալ է ու հրաշալի: Այս իրողութեամբ, մենք` քրիստոնեաներս, եկած ենք աշխարհ` մեր Տիրոջ ծառայելու եւ յաւիտենականութեան հասնելու հիմնական առաջադրութեամբ:
«Գլաձոր»-ի յաջորդ բաժիններով լոյս տեսած են ուսումնասիրութիւններ Յակոբ Մեղապարտի, Ոսկան Վարդապետ Երեւանցիի, Հռոմայեցւոց Թուղթի, Յայտնութիւն Յովհաննու մասին եւ տպուած են նաեւ գրական չափածոյ եւ արձակ գրութիւններ, թարգմանութիւններ, վերլուծական բնոյթ կրող յօդուածներ, գրախօսականներ եւ տեսուչ սրբազանին հարցազրոյցները` «Ազդակ» եւ «Ալիք» օրաթերթերուն հետ:
Տարեգիրքի աւարտին կը ներկայացուին ո՛չ միայն արտադասարանային այն հանդիսութիւնները, որոնք կը կատարուին դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ, այլ կը նկարագրուին նաեւ այն այցելութիւնները, որոնք յատուկ առիթներով կը տրուին դպրեվանեցիներու կողմէ գաղութիս հայկական կարգ մը կրօնական, մշակութային եւ բարեսիրական հաստատութիւններու:
Պէտք է ըսել, թէ «Գլաձոր»-ը համապարփակ ծանօթութիւններով օժտուած մանրանկարն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին, որ իր կրօնաշունչ եւ կրթանուէր առաքելութեամբ կը պատրաստէ իմացական պաշարով հարուստ հոգեւորականներ հայ ազգին համար:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Հոկտեմբեր, 2012, Պէյրութ

