Պէյրութի 2012-ի «Անձրեւոտ» Մարաթոնին Մասնակցեցան 33,370 Վազողներ

Հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն եւ տեղացող յորդառատ անձրեւին, Պէյրութի 2012-ի «անձրեւոտ» մարաթոնին հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը, երբ անոր մասնակցեցան 33,370 վազողներ:

– Աւելի Քան 33 Հազար Վազողներ
Մասնակցեցան «Անձրեւոտ» Մարաթոնին

– Եթովպիացիներ Վիքատօ Եւ Քիտիր
Հանդիսացան Առաջին` Առանց
Նոր Մրցանիշներ Հաստատելու

 

Երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ 2012-ի Պէյրութի միջազգային մարաթոնը, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը անոր մասնակցութեան գծով, երբ 33,370 վազողներ` ժամանած 96 երկիրներէ, վազեցին «անձրեւոտ» այս մարաթոնին:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ բացման հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ կաթողիկէ միութեան Զալքայի մասնաճիւղի շեփորախումբի հարուածային գործիքներու բաժինը, հակառակ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն:

Խումբը կ՛առաջնորդուէր Լիբանանի, Եռագոյն եւ ՀԿՄ-ի դրօշներով: Կլիմայական աննպաստ պայմաններու եւ տեղատարափ անձրեւին պատճառով խումբերուն մեծամասնութիւնը չբերին իրենց մասնակցութիւնը: Խումբի ղեկավարն էր Արամ Գարատաղլեան:

Նշենք, որ շեփորախումբին մաս կը կազմեն 25 անդամներ, որոնք շաբաթական հերթականութեամբ կը հետեւին փորձերու: Նորաստեղծ խումբը, որ իր գործունէութեան սկսած է մայիս 2012-ի կիսուն, արդէն կարճ ժամանակի ընթացքին արձանագրած է նուաճումներ:

Յայտնենք նաեւ, որ մարաթոնին ՀԿՄ-ի Զալքայի մասնաճիւղէն խումբ մը պատանիներ Ժալ էլ Տիպի մէջ ստանձնած էին ջուրի մատակարարման կեդրոն մը, որ զարդարուած էր Եռագոյն փուչիկներով:

Այս մարաթոնին անունը կազմակերպիչներուն կողմէ դրուած էր «Կոտրել չարիքը եւ վազել ամբողջը»:

Ինչպէս ծանօթ է, տեղացող տեղատարափ անձրեւը ոչ մէկ ձեւով արգելք հանդիսացաւ մարաթոնին կայացման:

Առաւօտեան կանուխ ժամերուն, սկիզբի վայրը արդէն իսկ հաւաքուած էին վազողներ` սպասելով անոր ազդանշանին տրուելուն:

Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, նախկին նախարար Սելիմ Ուարտէ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդ. Ասատ Հաշեմ, Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ, Լիբանանի մէջ գտնուող շարք մը դեսպաններ, որոնց կարգին` Անգլիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, Լիբանանի առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, Լիբանանի նախկին առաջին տիկին Մունա Հըրաուի եւ ուրիշ շատեր:

Նկատի ունենալով անձրեւը, այս տարուան մարաթոնին, մանաւանդ գլխաւոր մարաթոնին (42,195 քմ) մասնակցողներուն կողմէ նոր մրցանիշ չհաստատուեցաւ:

Անոր առաջին դիրքը գրաւեցին եթովպիացիները: Տղոց առաջին հանդիսացաւ Քիտիր Վիքատօ (2 ժամ 12′ 57″), իսկ աղջկանց առաջին` Սիիտա Քիտիր (2 ժամ 35′ 08″):

Ինչ կը վերաբերի լիբանանցիներուն, տղոց առաջին (գլխաւոր մարաթոնին) հանդիսացաւ Հիւսէյն Աուատա (2 ժամ 28′ 29″), իսկ աղջկանց` Մարիա Փիա Նաամէ (3 ժամ 16′ 38″):

Անդամալոյծներու (հեծանիւով) տղոց գլխաւոր մարաթոնին առաջին հանդիսացաւ լիբանանցի Էտուար Մաալուֆ (1 ժամ 24′ 43″)` իր ետին ձգելով երկու ֆրանսացիներ:

Դեսպաններուն մէջ (տղաք) առաջին հանդիսացաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլի:

Իսկ հռչակաւոր անձերու պարագային (աղջիկներ) առաջին հանդիսացաւ Սիհամ Թուէյնի, մինչ Ռուլա Համատէ հանդիսացաւ երկրորդ:

Նշենք, որ այս մարաթոնին ընթացքին կազմակերպուած էր «Թելեթոն» մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Էշրեֆիէի պայթումին վնաս կրողներուն:

Յայտարարուեցաւ, որ մինչեւ մարաթոնին աւարտը, հանգանակուեցաւ 240 հազար ամերիկեան տոլար:

Նշենք, որ այս մարաթոնը ուղղակիօրէն պատկերասփռուեցաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն, մինչ վազողներու ապահովագրութիւնը ստանձնած էր «Եու. Էֆ. Ա.» ընկերութիւնը:

Պէտք է նշել, որ այս մարաթոնի գլխաւոր վազքին (42,195 քմ) կողքին տեղի ունեցան 1, 5 եւ 10 քմ վազքի մրցումներ, ինչպէս նաեւ 10 քմ ուրախութեան կամ նպատակի մը համար վազքի մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մայրեր` իրենց զաւակներով:

Ստորեւ կու տանք արդիւնքները.

42,195 ՔՄ (ԱՆԴԱՄԱԼՈՅԾՆԵՐ, ՏՂԱՔ)

1.- Էտուար Մաալուֆ (Լիբանան) 1 ժամ 24′ 43″
2.- Տիտիէ Քուրուն (Ֆրանսա) 1 ժամ 24′ 44″
3.- Սթեֆան Մասարտ (Ֆրանսա) 1 ժամ 33′ 39″

42,195 ՔՄ (ՕՏԱՐՆԵՐ, ՏՂԱՔ)

1.- Քիտիր Վիքատօ (Եթովպիա) 2 ժամ 12′ 57″
2.- Սթեֆան Շիպքոպոլ (Քենիա) 2 ժամ 13′ 14″
3.- Ուիլիըմ Քիփսանկ (Քենիա) 2 ժամ 14′ 53″

42,195 ՔՄ (ՕՏԱՐՆԵՐ, ԱՂՋԻԿՆԵՐ)

1.- Սիիտա Քիտիր (Եթովպիա) 2 ժամ 35′ 08″
2.- Մոնիքա Ժիպքոյիշ (Քենիա) 2 ժամ 36′ 20″
3.- Մարի Աքուր (Միացեալ Նահանգներ) 2 ժամ 37′ 32″

42,195 ՔՄ (ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐ, ՏՂԱՔ)

1.- Հիւսէյն Աուատա (Լիբանանեան բանակ) 2 ժամ 28′ 29″
2.- Օմար Իսա (Լիբանանեան բանակ) 2 ժամ 32′ 16″
3.- Մուսթաֆա Տաուտ (Լիբանանեան բանակ) 2 ժամ 42′ 36″

42,195 ՔՄ (ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐ, ԱՂՋԻԿՆԵՐ)

1.- Մարիա Փիա Նաամէ (Լուպնան) 3 ժամ 16′ 38″
2.- Մարի Աամ (Ինթըր Լեպանոն) 3 ժամ 21′ 21″
3.- Ղինա Ասիր (ներքին ապահովութեան ուժեր) 3 ժամ 22′ 26″

ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐ

(ՏՂԱՔ)

1.- Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիք Փաուլի
2.- Ֆիլիփ Պեսթրաս
3.- Սպանիոյ նախկին դեսպան Խուան Քարլոս Կաւօ

(ԱՂՋԻԿՆԵՐ)

1.- Սիհամ Թուէյնի
2.- Ռուլա Համատէ
3.- Նէյլա Արապ

Share this Article
CATEGORIES