ԼՕԽ-ականներու Այցելութիւն` «Զարեհեան» Դպրեվանք

Երկուշաբթի, 12 նոյեմբեր 2012-ին, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, շուրջ 100 ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ այցելեցին Պիքֆայայի «Զարեհեան» դպրեվանքը:

Մուտքին ընկերուհիներուն դիմաւորեց դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան: Միասնաբար ուղղուեցան դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահ: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որուն ընդմէջէն ընկերուհիները աւելի մօտէն ծանօթացան դպրեվանքին գործունէութեան:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Գէորգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ, թէ այս այցելութիւնը առիթ է մօտէն ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» դպրեվանքին: Ան բացատրեց, թէ դպրեվանք կը նշանակէ դպրութեան կեդրոն, ուր ուսանողներ կը ստանան կրօնական եւ ազգային դաստիարակութիւն, կը դառնան հայ ժողովուրդի պայծառութեան առաջնորդներ, գործիչներ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին սեմին յանձնախումբը իր տարեկան ծրագիրին վրայ աւելցուց այցելութիւններ հայկական մշակոյթն ու հայ արժէքները պահպանող կեդրոններու, ցեղասպանութիւնը յիշեցնող, հայութիւնը բնորոշող վայրերու:

Ապա Յասմիկ Գէորգեան խօսքը փոխանցեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին, որ ներկայացուց դպրեվանքի պատմութիւնը եւ շեշտեց անոր ունեցած դերակատարութիւնը մեր ազգային, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքին մէջ:

Սրբազանը մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց դպրեվանքի հիմնադրութեան, նման կառոյց մը ունենալու առաջադրանքներուն մասին` դիտել տալով, որ իր հիմնադրութեան օրէն մինչեւ օրս, դպրեվանքէն շրջանաւարտ եղածներ աշխարհի տարբեր ծագերուն լծուած են իրենց ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայութեան:

Ան շեշտեց, որ դպրեվանքը համայն հայութեան տունն է, անիկա ընտանիքն է այն տղոց, որոնք կու գան այդ երդիքին տակ կրթութիւն եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն ստանալու, որպէսզի երբ աւարտին երթան դէպի ժողովուրդը, իրենց ստացածը տան անոր:

Նարեկ արք. Ալեէմեզեան նաեւ անդրադարձաւ դպրեվանքի նախորդ տարուան գործունէութեան եւ տուած «բերք»-ին` 6 աբեղաներ: Ան շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ նման այցելութիւններ շատ կարեւոր են, որովհետեւ ժողովուրդը պէտք է մօտէն ծանօթանայ այս կառոյցին, որուն մասին պէտք է տեղեկութիւն ունենայ ամէն հայ, որպէսզի կարենայ նաեւ օժանդակել, քաջալերել տղաքը դպրեվանք յաճախելու եւ ծառայելու ազգին, հայրենիքին ու Աստուծոյ: Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի նուիրական գործունէութիւնը` հաստատելով, որ ԼՕԽ-ականներու այցելութիւնը կարեւոր, ողջունելի եւ պատգամաբեր է:

Ապա խումբին անդամները ուղղուեցան դէպի Ապրիլեան յուշարձան, որմէ ետք Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մոմեր վառեցին եւ Տէրունական աղօթքը աղօթեցին միասնաբար: Նարեկ սրբազան իր ներկայութեամբ յաւելեալ հաւատք ներշնչեց ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն, որոնք ուրախ, գոհունակ եւ հոգիները ազգային գիտակցութեամբ լեցուած վերադարձան իրենց տուները: Սրբազանին ազնիւ վերաբերումն ու ուշադրութիւնը ԼՕԽ-ականներուն համար եղան սիրտ լեցնող եւ այցելութեան յաւելեալ իմաստ տուող:

ԼՕԽ-ԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES