Երկու Ստեղծագործական Կեանք, Երկու Կալենց

Գործակցութեամբ Կալենցի անուան տուն թանգարանին եւ «Սոլիտեր»-ի «Տը Վենու» ցուցասրահին, այսօր երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի պիտի ունենայ Կալենցի յետահայեաց մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարներուն եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան: The Venue-Beirut souks (Souk Arwam):

Տրուած ըլլալով, որ Կալենց շուրջ երկու տասնեակ տարիներ ապրած եւ ստեղծագործած է Լիբանանի նոյնքան ալ Հայաստանի մէջ այս ցուցահանդէսը ունի երկու բաժին` լիբանանեան եւ հայաստանեան: Այս առիթով հրատարակուած է պատկերագրքոյկ մը, ուր ամփոփուած են ցուցադրութեան դրուած գեղանկարները յարակից տեղեկութիւններով, որոնք ընդհանուր գաղափար մը կու տան արուեստագէտին ստեղծագործական կեանքին մասին:

Անցնող դարասկիզբին Հալէպի եւ Լիբանանի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած է ֆրանսացի ֆովիստական որոշ հակումներ ունեցող, սակայն յետ-տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Միշլէ, որուն աշակերտած է նաեւ Կալենց: Ունեցած է անուանի ու տաղանդաւոր դասընկերներ, ինչպէս` Ռաշիտ Ուահպէ, Ժան Դարբինեան, Յովհաննէս Ասատրեան, Մարի Հատտատ, Թէրճան եւ այլն:

Միշլէի միջոցով Կալենց հաղորդակից կը դառնար Եւրոպայի վերջին նորութիւններուն ու իր տաղանդին ուժականութեամբ թարմութիւն կը հաղորդէր Լիբանանի եւ առհասարակ միջինարեւելեան կերպարուեստին: Ան ոչ միայն բազմաթիւ բարձրաքանդակներ եւ գեղանկարներ իրագործած է Լիբանանի մէջ, այլեւ Լիբանանը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած միջազգային ցուցահանդէսի մը առիթով: Ստացած է բարձր գնահատականներ եւ պատուոյ գիրեր: Ճակատագիրի բերումով ան ներգաղթած է հայրենիք, ուր յատկապէս սկզբնական շրջանին հալածուած ու ճնշուած է իբրեւ այլախոհ: Ամէն պարագայի սակայն, ան ոչ միայն չընկճուեցաւ ու տուրք չտուաւ խորհրդային գաղափարախօսութեան, այլեւ Սարեանին հետ ու անոր զուգահեռ թարմութիւն ներմուծեց նաեւ հայրենի գեղանկարչական անդաստանին մէջ:

Հայաստանի անկախացումէն ետք Կալենցի նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծապէս աշխուժացաւ յատկապէս Ռուսիոյ տարածքին, ուր արդէն իսկ խորհրդային տարիներէն, շնորհիւ Ալիխանեան եղբայրներուն, մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր: Կալենց այսօր ունի իր տուն թանգարանը եւ իր անունով փողոց` Երեւանի մէջ:

Անոր ստեղծագործութիւնները ամուր եւ վստահելի ձեռքերու մէջ են, կ՛ուսումնասիրուին ու կը գնահատուին թէ՛ հայրենի արուեստաբաններու, թէ՛ արուեստասէրներու եւ թէ՛ պետութեան կողմէ:

Այսօր դուք առիթը կ՛ունենաք տեսնելու եւ վայելելու Կալենցի ստեղծագործական աւանդը, ուր ձեզ կը սպասեն անակնկալներ նամանաւա՛նդ Լիբանանի մէջ անոր իրագործած ստեղծագործութիւններուն առումով, թէեւ պակասաւոր են անոնք թէ՛ քանակով եւ թէ՛ որակով:

Ան երիտասարդ տարիքէն կերտած է այնպիսի կերպարներ ու պատկերած այնպիսի բարձրորակ բնանկարներ, անկենդան բնութիւններ ու քաղաքային տեսարաններ, որոնք կը զարմացնեն ու կը հիացնեն մեզ միաժամանակ: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ ֆրանսական տպաւորապաշտ սերունդի մեծերու հետ կրնան մրցիլ: Տրուած գնահատականները չեն բխիր ազգային սնապարծութենէ եւ ոչ ալ ժամանակաւոր խանդավառութեան մը արդիւնք են: Ընդհակառակն` ինչքան դիտենք Կալենցի ստեղծագործութիւնները, յատկապէս լիբանանեան շրջանի գործերէն շատեր, այնքան աւելի կը համոզուինք, որ ան արժանի է յաւելեալ ուսումնասիրութիւններու եւ վերլուծումներու: Հակառակ անոր որ արդէն իսկ թէ՛ հայերէնով, թէ՛ ռուսերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով կարգ մը մենագրութիւններ ու պատկերագիրքեր հրատարակուած են, սակայն յատկապէս լիբանանեան բաժինը տակաւին թերի կը մնայ: Տակաւին կան որոշ հաւաքածոներ (ի մասնաւորի Թրատ ընտանիքին ունեցած հաւաքածոն), որոնք տակաւին չեն ցուցադրուած եւ ուսումնասիրուած: Պէտք է ընդունինք, որ Թրատ ընտանիքը ատենին քաջալերած, գնահատած ու հովանաւորած է Կալենցն ու իր արուեստը: Կան նաեւ այլ ստեղծագործութիւններ կարեւոր հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս` Անթիլիասի «Կիլիկիա» կամ Զմմառի թանգարանները:

Հարկաւոր է տեսնել Կալենցի ստեղծագործութիւնները` կարենալ ճիշդ եւ արժանի ձեւով գնահատելու համար անոր բերած գեղարուեստական նպաստը, ըլլայ Լիբանանի թէ Հայաստանի մէջ:

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ

 

 

Share this Article
CATEGORIES