Լեւոն Թաշճեան Մասնակցեցաւ Պէյրութի Միջազգային 10-րդ Մարաթոնին

Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային 10-րդ մարաթոնը: Մարաթոնը լաւապէս կազմակերպուած էր` միջազգային չափանիշներու հիման վրայ: Մարաթոնին ներկայ էին 96 երկիրներէ ժամանած 33 հազարէն աւելի երկսեռ մարզիկներ: Մարզիկները վճռած էին իրագործել մարաթոնի այս տարուան խորհրդանիշը եղող «Ամբողջացո՛ւր վազքը» կարգախօսը: Հակառակ տիրող անձրեւոտ ու աննպաստ կլիմային, մարզիկները առաւօտեան ժամը 7:00-ին սկսան 42,195 քմ վազքը «Պիել»-էն: Անոնք խանդավառօրէն շրջեցան Պէյրութի արուարձանները: Երկար ու դժուար վազքը ամբողջացաւ Նահատակաց հրապարակին մօտ: Մարզիկները հպարտ ու տօնական պահեր ապրեցան` ամբողջացնելով վազքը, հակառակ յորդառատ անձրեւին: Պէյրութ դարձեալ փայլեցաւ մարզական օրով` բարձր պահելով Լիբանանի անունը օտար երկիրներու առջեւ:

Պէյրութի միջազգային 10-րդ մարաթոնին կը մասնակցէին նաեւ հայեր: ՀՄԸՄ դարձեալ ունէր իր մասնակից անդամները սոյն մարաթոնին: Երբ վազքը անցաւ Պուրճ Համուտի փողոցներէն, ժողովուրդը նկատելով հայ մարզիկները մեծ ուրախութեամբ կը քաջալերէր զանոնք: Պուրճ Համուտի ոստիկանութիւնն ալ հպարտ էր հայ մարզիկներով: ՀՄԸՄ-ական Լեւոն Թաշճեան 10-րդ անգամ ըլլալով կը մասնակցէր Պէյրութի միջազգային մարաթոնին: Լեւոն Թաշճեան իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց հինգերորդ դիրքը` արձանագրելով 5 ժամ 10 վայրկեան արդիւնք մը:

 

Share this Article
CATEGORIES