«Օգնի՛ր Եղբօրդ» Նախաձեռնութեան Երրորդ Մարդասիրական Օգնութիւնը Կը Բաժնուի Հալէպի Մէջ

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Կարմիր մահիկը 11 նոյեմբերին սկսաւ բաժնել Հայաստանէն ուղարկուած երրորդ մարդասիրական օգնութիւնը: Սուրիացիներուն տրուող օգնութեան տրամադրումը կ՛իրականացուի Հալէպի Կարմիր մահիկին, Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանին, ինչպէս նաեւ Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինի եւ Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեամբ:

Պաաս կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի քարտուղար Հիլալ Հիլալը նշեց, որ սուրիացիները բարձր կը գնահատեն հայերուն կողմէ կատարուած այս մարդասիրական քայլը, ինչ որ կ՛ապացուցէ հայ-սուրիական շատ սերտ համագործակցութիւնը:

Հալէպի քաղաքապետ Մուհամմատ Ուահիտ Աքքատ իր կարգին նշեց, որ հայկական մարդասիրական օգնութիւնը ցոյց կու տայ խոր բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու առկայութիւնը սուրիացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ` աւելցնելով, որ սուրիացիները երբեք չեն մոռնար այս օգնութիւնները:

Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հալէպ հասած էր 8 նոյեմբերին:

Կացութիւնը Հալէպի Եւ Դամասկոսի Մէջ

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ նշեց, թէ հակառակ գոյութիւն ունեցող հանդարտ վիճակին, այսուհանդերձ Հալէպի մէջ հրասանդի հրթիռներու եւ արձակազէններու փամփուշտներուն սպառնալիքը կը մնայ առկայ:

Դամասկոսի պարագային եւս շատ զգուշաւոր հանդարտութիւն է: Քաղաքին կեդրոնին անմիջական արուարձանները կ՛ենթարկուին ռմբակոծումներու: Մայրաքաղաքի կեդրոնին մուտքերուն բանակը խիստ վերահսկողութիւն հաստատած է:

Share this Article
CATEGORIES