2014-ի Մոնտիալ. Լիբանան Կը Պատրաստուի Քաթարի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին

Նախորդ շաբաթավերջին Տոհա մեկնեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, ուր վաղը Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունենալիք 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Քաթարի դէմ:

Նախքան փորձերուն սկսիլը, Լիբանանի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքեր մարզիկներուն ըսաւ, որ իրենց կեդրոնացումին շնորհիւ է, որ կրնան լաւ արդիւնքի հասնիլ: Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Շըհաֆ, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն է, յայտնեց, որ մարզիկներուն կ՛արգիլէ հեռաձայնային խօսակցութիւններ, լրագրողներու հետ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ բարեկամներու եւ ազգականներու հետ տեսակցութիւններ ունենալ, որպէսզի անոնց կեդրոնացումը ըլլայ միայն մրցումին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES