Մինչ Սուրիական Ընդդիմութեան Ազգային Համաձայնական Մարմինը Կ՛արժանանայ Միջազգային Զօրակցութեան Իսրայէլեան Բանակը Հարուածեց Բռնագրաւուած Կոլանի Վրայ Երէկ Հրասանդի Հրթիռը Արձակած Աղբիւրը

Հալէպի մօտ սպաննուած ազրպէյճանցի զինեալի մը անցագիրը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ սուրիական ընդդիմութեան Տոհայի ժողովին գոյացած համաձայնութենէն բխած Ազգային համաձայնական մարմինին կ՛աջակցի:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ «մենք կը շտապենք աջակցելու Ազգային համաձայնական մարմինին, որ Ասատի վարչակարգի աւարտին ճամբան հարթեց»` աւելցնելով, որ «Ազգային համաձայնական մարմինին հետ պիտի գործենք, որպէսզի մեր մարդասիրական եւ խաղաղասիրական օժանդակութիւնները սուրիացի ժողովուրդի կարիքներուն համահունչ ըլլան»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նշեց, որ «Ֆրանսա ամբողջական կերպով կը զօրակցի սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինին, զոր սուրիական ընդդիմադիր ուժերը Տոհայի մէջ կազմեցին, որպէսզի այս մարմինը կարենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հաւաստի այլընտրանք մը ըլլալ»: Ան ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը նկատեց «սուրիական ընդդիմութիւնը միաւորելու անխուսափելի հոլովոյթին մէջ կարեւոր քայլ մը»:

«Ֆրանսա, որ Դամասկոսի ոճրային վարչակարգի յարձակումներուն դէմ սուրիացի ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան դիմելու իրաւունքը կը ճանչնայ, կը յուսայ, որ այս մարմինը կարենայ ինքզինք փաստել` ստանալով սուրիացիներու կարելի եղածին չափ ամէնէն լայն աջակցութիւն, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ աջակցութիւն», ըսաւ Ֆապիւս` աւելցնելով, որ «Ֆրանսա աշխատանք պիտի տանի, որպէսզի սուրիական յեղափոխութեան եւ ընդդիմութեան ուժերու Ազգային համաձայնական մարմինը միջազգային ճանաչում ստանայ` իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի ձգտումներուն օրինական ներկայացուցիչ»:

Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ ԺորԺ Սապրայի ղեկավարութեամբ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը մարմինին միացաւ` յոյս յայտնելով, որ խորհուրդը այդ մարմինին մէջ կարենայ իր ամբողջական դերը կատարել:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն ողջունեց միացեալ մարմին յառաջացնելու սուրիական ընդդիմութեան գոյացուցած համաձայնութիւնը` նշելով, որ «Տոհայի մէջ սուրիական ընդդիմութեան գոյացուցած համաձայնութիւնը դէպի յառաջ կարեւոր քայլ մըն է»: Ան աւելցուց, որ «պառակտուած ընդդիմութիւնը, ի հարկէ, խնդիր է, ուստի մեզի առաւել ընդգրկուն եւ առաւել համախմբուած ընդդիմութիւն պէտք է»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեց, որ «սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինը պէտք է ջանայ հասնիլ լուծումի մը, որ հիմնուած է առանց արտաքին միջամտութեան երկխօսութեան ու բանակցութեանց վրայ»:

Ծոցի արաբական երկիրները Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչցան իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի օրինական միակ ներկայացուցիչ: Իսկ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարութիւնը յանձնարարեց իր անդամներուն նոյն քայլին դիմել:

Նշենք, որ իսլամ քարոզիչ Միազ Խաթիպ ընդդիմութիւնը միաւորող Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ ընտրուեցաւ:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի սուրիական «Թըշրին» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին սուրիական «ազգային» ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` ազգային համաձայնական երկխօսութեան մէջ ներգրաւուելու եւ հեռանալու իր կարեւոր ներուժը Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին բացարձակապէս բարիք չցանկացող օտար օրակարգերու ի շահ ծառայեցնելէն:

Սուրիական ազատ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ իր  ուժերը Կոլանի սուրիական բաժինին վրայ պաշարած էին Սուրիոյ կանոնաւոր բանակէն ուժեր, որոնցմէ պահանջած են անձնատուր ըլլալ, եւ ճիշդ այդ պահուն իսրայէլեան ուժերը Սուրիական ազատ բանակին դէմ ռումբ մը արձակած են` սուրիական կանոնաւոր ուժերու պաշարումը քակելու համար: Հաղորդագրութիւնը կ՛ընդգծէ, որ «Սուրիական ազատ բանակը Սուրիոյ դէմ իսրայէլեան որեւէ շարժում սուրիական յեղափոխութեան ընթացքը արգելակող արարք մը պիտի նկատէ եւ ատկէ մեկնելով ատոր հետ պիտի վարուի»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Իսրայէլի եւ Սուրիոյ կոչ ուղղեց Կոլանի բարձունքներուն վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու: Քի Մունի բանբեր Մարթին Նիսիրքի յայտնեց, որ «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շատ մտահոգ է տագնապի մագլցումին կարելիութենէն» եւ «կոչ կ՛ուղղէ` առաւելագոյն ինքնազսպում ցուցաբերելու»:

Բայց եւ այնպէս, սուրիական կողմէն արձակուած հրասանդի հրթիռ մը երէկ դարձեալ ինկաւ Կոլանի բարձունքներուն վրայ` սահմանին իսրայէլեան կողմը: Իսրայէլեան բանակը անմիջապէս հակադարձեց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հրասայլ մը հակադարձելով ուղղակի կերպով հարուածած է հրթիռարձակման աղբիւրը:

Սուրիական ռմբաձիգներ երէկ ռմբակոծեցին Թուրքիոյ սահմանամերձ Ռասուլ Այն շրջանը: Անգարա յայտարարեց, որ ռմբակոծումին պատճառով սահմանին թրքական կողմին մէջ թուրք քաղաքացիներու շարքին վիրաւորներ արձանագրուած է: Թրքական կործանիչներ անմիջապէս օդ բարձրացան արգելք հանդիսանալու համար սուրիական ռմբաձիգներուն կողմէ թրքական օդային տարածքի որեւէ ոտնահարման:

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն կը յայտնէ, որ դաշինքը իր անդամ Թուրքիան պիտի պաշտպանէ Սուրիայէն: «ՕԹԱՆ-ը իբրեւ կազմակերպութիւն կարելին պիտի ընէ պահպանելու եւ պաշտպանելու համար Թուրքիան` մեր դաշնակիցը: Մենք Թուրքիոյ պաշտպանութիւնը ապահովելու աւելի շատ ծրագիրներ ունինք, եւ յոյսով ենք, որ այդ ձեւով նաեւ զսպուածութիւն պիտի ապահովուի. Թուրքիոյ վրայ յարձակումներ պէտք չէ տեղի ունենան», ըսած է ան:

Հալէպի Մօտ Ազրպէյճանցի
Չորս
Զինեալ Սպաննուած Է

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Հալէպի մօտ բախումներու պատճառով սպաննուած ընդդիմադիր զինեալներու շարքին եղած են ազրպէյճանցի չորս զինեալներ: Անոնց ինքնութիւնը յստակ դարձած է անոնց մօտ յայտնաբերուած փաստաթուղթերէն: Սպաննուած է նաեւ թուրք զինեալ մը:

«Վոսքանափաթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան Սուրիոյ զինեալներուն 500 հազար եւրօ տրամադրած է:

Նախապէս տեղեկութիւններ փոխանցուած էին, որ Ասատի իշխանութեան դէմ շարժումներու սկիզբէն իսկ Ազրպէյճան` Թուրքիոյ հետ միատեղ աշխուժ կերպով աջակցած է զինեալներուն: Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան աշխատակիցները սուրիական Իտլիպ շրջանը վերածած են զինեալ ընդդիմութեան գլխաւոր յենակէտերէն մէկուն: Ազրպէյճանցի զինեալները նախքան Սուրիա մուտք գործելը կը վերապատրաստուին Սուրիոյ սահմանամերձ Անտիոքի շրջանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES