Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի երկօրեայ այցելութեամբ մը (այսօր եւ վաղը) պիտի ուղղուի Վատիկան, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Պենետիկտոս ԺԶ. պապին, Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի եւ կարգ մը պատասխանատուներու հետ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն մօտ գիտակցութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ այդ գիտակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի երիտասարդութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ Լիբանան իշխանութեան կամ կառավարութեան տագնապ մը չէ, որ կը դիմագրաւէ, այլ` քաղաքական իսկական տագնապ մը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց բանակին երկաթեայ բազուկով հարուածելու երկրին ապահովութիւնը խախտել փորձող կողմերուն:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պիտի չըլլայ իշխանութիւն մը, որ կը հակադրուի Դիմադրութեան ուղեգիծին հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ միջազգային առումով կը գործադրուին այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք կը ջանան տկարացնել Միջին Արեւելքը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ բանակը պէտք է իր հակակշիռին տակ առնէ Լիբանանի ապահովութիւնը եւ ոչ մէկուն գործած արարքներուն դէմ խուլ ձեւանայ:

ՍԱՅՏԱՅԻ «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ Սայտայի դէպքերէն կ՛օգտուի միայն ան, որ կը փափաքի սիւննի-շիի սադրանքներ հրահրել:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր պիտի մասնակցի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին: Մանսուր անշեղ պիտի մնայ շրջանային տագնապներուն նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը ապահովութիւն չի ներշնչեր` աւելցնելով, որ դժուար է այլընտրանքին մասին մտածել անոր հրաժարականէն առաջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքին նպատակը լիբանանցիները ծնկադիր դարձնել է եւ այս մէկը խիստ մերժելի է:

 

 

Share this Article
CATEGORIES