Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Հարպի Եւ Ժահժահի

Սամիր Ժահժահ եւ Ինան Էօզեըլտըզ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց երեսփոխան Պութրոս Հարպի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցը կը վերաբերի թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ` աւելցնելով, որ Անգարա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ թղթածրարը լուծելու իմաստով:

Կէսօրէ ետք Էօզեըլտըզ այցելեց նաեւ Մաարապ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES