Վարչապետ Միքաթի Միւֆթի Քապպանիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան իր բնակարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Սայտայի մէջ ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու պաշտօնական որոշում կայ եւ այդ որոշումը պիտի գործադրուի:
Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը բռնկեցնելու վտանգ պէտք չէ ըլլայ, որովհետեւ կայունութիւնը անմիջապէս պիտի հաստատուի:
Անդրադառնալով երէկ Սայտայի մէջ արձանագրուած զինեալ երեւոյթներուն` Միքաթի շեշտեց, որ երէկ յուղարկաւորութեան օր էր, հետեւաբար յուզումի արտակարգ վիճակ կը տիրէր, սակայն այսօրուընէ սկսեալ Սայտայի մէջ զինեալ երեւոյթներ պիտի չարձանագրուին:
Իր կարգին, միւֆթի Քապպանի յայտնեց, որ ինք ամբողջ Լիբանանի միւֆթին է եւ ոչ թէ Մարտ 14-ի կամ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն միւֆթին: Ան շեշտեց, որ ինք մերժած է եւ կը մերժէ Լիբանանի կառավարութիւնը փողոցին մէջ տապալել, ոչ թէ որովհետեւ ինք կը պաշտպանէ վարչապետ Միքաթին, այլ որովհետեւ այդ քայլը լիբանանցիներուն վայել չէ:
Միւֆթի Քապպանի հաստատեց նաեւ, որ ինք այդ քայլը մերժած է նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի օրով:
«Մենք քաղաքակիրթ երկիր ենք եւ անվայել է, որ նման քայլերու դիմենք, երբ սահմանադրութիւնը կառավարութիւնը տապալելու միջոցներ եւ ձեւեր ճշդած է օրինական առումով», ըսաւ միւֆթի Քապպանի:
Հանրապետութեան միւֆթին հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ղեկավարները պէտք չէ իրարու հետ կռուին եւ իրարու միջեւ տագնապներ հրահրեն:
Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ վարչապետին հետ քննարկեց կեղծուած դեղորայքի թղթածրարը:
Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ Խալիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի հետ եւ շեշտեց, որ այդ թղթածրարը արմատական լուծման պիտի արժանանայ եւ ոչ մէկուն անձնական շահերուն դիմաց կանգ պիտի առնէ:


