«Բանակը Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնէ Խախտել Երկրին Ապահովութիւնը» Շեշտեց Ղոսըն
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն ընդունելէ ետք Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը զգուշացուց Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութեան խախտումէն:
Ղոսըն կ՛ակնարկէր Սայտայի զինեալ միջադէպերուն, որոնց պատճառը համայնքային եւ յարանուանական գրգռութիւններն էին, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ապրող տարբեր քաղաքական կողմերուն միջեւ երկխօսութեան բացակայութիւնը:
Ղոսըն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը ոչ ոքի նկատմամբ թուլամորթ պիտի գտնուի: Բանակը բոլորին պիտի արգիլէ խախտել երկրին ապահովական կայունութիւնը, իսկ զինեալներուն հետ պիտի վարուի ըստ արժանւոյն:
«Լիբանանի մէջ իրենց գլուխը ցցած սադրանքները անկարելի է, որ տեղ գտնեն, եթէ լիբանանցիները ամրապնդեն իրենց ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ ան:
CATEGORIES Լիբանանեան

