Սաֆատի – Փլամպլի Հանդիպում
Ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերն ու Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան


