Զօր. Աուն Ընդունեց Տեղեկատուութեան Նախարարը

Տաուք – Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի վարչութեան նշանակման թղթածրարը:

Հանդիպումէն ետք Տաուք շեշտեց, որ «Թելէ Լիպան»-ի վարչութեան պաշտօնավարութեան շրջանը 11 տարիէ ի վեր աւարտած է` ընդգծելով, որ պէտք է նոր վարչութիւն մը նշանակել եւ կայանին նոր շունչ ներարկել:

Տաուք նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներքին քաղաքական հարցերն են, որոնք կ՛ուշացնեն պետական պատկերասփիւռի կայանին նոր վարչութեան նշանակումը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը տնօրէնի պաշտօնին համար թեկնածուներ ունի, սակայն կը մտածէ, թէ ո՛վ է ամէնէն ատակ թեկնածուն:

 

Share this Article
CATEGORIES