Պըրրի. «Պէտք Է Ամէն Գնով Համայնքային Եւ Յարանուանական Սադրանքները Կանխարգիլել»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրէնքներուն մանրամասնութիւնները` անհրաժեշտ նկատելով, որ այդ իմաստով աշխատանքը ընթացք առնէ:
Ֆըրզլի հաստատեց, որ Պըրրի կարեւոր կը նկատէ, որ ամէն գնով երկրին մէջ կանխարգիլուին համայնքային եւ յարանուանական սադրանքները, որոնք կրնան երկիրը հարուածել եւ անոր մեծ վնասներ պատճառել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


