Նախագահ Սլէյման Զգուշացուց Սադրանքներուն Ծուղակը Իյնալէ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Շարպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կոչ ուղղեց զգուշանալու սադրանքներուն ծուղակը իյնալէ` շեշտելով, որ պէտք է զգուշանալ այդ գրգռութիւններուն հետեւանքներէն, որոնք կրնան հարուածել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ պէտք է անշեղ մնալ Պաապտայի յայտարարութենէն եւ շրջանային տագնապներէն չէզոք մնալ ու անոնց երբեք միջամուխ չդառնալ` պահպանելով երկրին հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտը, յատկապէս այս զգայուն հանգրուանին:

Նախագահ Սլէյման մօտէն հետեւեցաւ Սայտայի զինեալ միջադէպերուն եւ պահանջեց ձերբակալել այդ հարցին յանցագործները:

Այս շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց Սայտայի միջադէպին մանրամասնութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիլլի Սուվենտալը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Սայտայի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Դանիացի պաշտօնատարը յայտնեց, որ իր երկրին պետութիւնը որոշած է սուրիացի գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն 20 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութիւն կատարել` քաջալերելու համար անոնց մարդասիրական առաքելութիւնը:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով բանակին որդեգրած միջոցառումները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES