Սայտայի Մէջ Սուգ Եւ Յուղարկաւորութեան Արարողութիւն
Կիրակի օր Սայտայի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուած զոհերը երէկ սուգի եւ ընդվզումի մթնոլորտի մէջ յանձնուեցան հողին:
Սայտայի մէջ տիրեց ընդհանուր գործադուլ եւ հոն տիրական եղան զինեալ երեւոյթը եւ բնակիչներուն կողմէ արիւնահեղութեան մերժումը:
Բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը Սայտայի մէջ դարձան տիրական ներկայութիւն եւ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին այն շրջաններուն մէջ, ուր գրգռութիւններու արձանագրութեան հաւանականութիւն կար:
Շէյխ Ահմետ Ասիրի զոհուած հետեւորդներէն Լուպնան Ազզիի եւ Ալի Սամհունի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Նահատակաց մզկիթին մէջ:
Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր, որ անձամբ ներկայ գտնուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան, խուսանաւում մը կատարեց եւ դէպի Սայտայի գերեզմանատունը ուղղուող իր հետեւորդները առաջնորդեց դէպի Սայտայի մուտքի հրապարակը` Մաքսար Ապըտի հրապարակը, ուր անոր հրահանգով թաղուեցան դէպքերուն զոհերը:
Ասիր, որ ամիսներ շարունակ բաց նստացոյց մը յայտարարած էր եւ փակած այդ հրապարակը` զայն կոչելով «Քարամա» հրապարակ, ինքնագլուխ որոշեց այդ հրապարակին մէջ թաղել զոհերը` զարմացնելով բոլորը:
Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտի իր կարգին զարմացաւ այս քայլէն եւ հաստատեց, որ արիւնահեղութիւնը կանխարգիլելու նպատակով քաղաքապետարանը ոչ ոք գործուղած է Ասիրի մօտ` արգիլելու համար անոր արարքը: Սէուտի յայտնեց, որ ինք պիտի ստուգէ, եթէ այդ քայլը օրինական է:
Միւս կողմէ, Սայտայի ազգային քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները համախմբուեցան Նասըրական շարժումի ղեկավար Ուսամա Սաատի գրասենեակին մէջ եւ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը շէյխ Ասիրը պատասխանատու նկատեցին Սայտայի մէջ արձանագրուած արիւնահեղութեան ու շեշտեցին, որ Սայտայի մէջ ապահովական կայունութիւնը պէտք է վերահաստատել եւ վերջ տալ Դիմադրութեան զէնքը մերժող խորթ իրավիճակին: «Եթէ երկրին կառավարութիւնը լուրջ քայլերու չդիմէ լուծելու այս հարցը, ապա ան պատասխանատու է Սայտայի մէջ արձանագրուելիք այլ միջադէպերու», ըսաւ Սաատ:
Միջադէպերուն ընթացքին սպաննուած երրորդ զոհին` 16-ամեայ եգիպտացի պատանի Ալի Շըրպինիի մայրը շէյխ Ասիրը պատասխանատու նկատեց իր զաւկին սպանութեան եւ յայտնեց, որ ինք Ասիրի դէմ դատական հարց յարուցած է:
Սայտայի «Քուտս» մզկիթի իմամ շէյխ Մահեր Համմուտ շեշտեց, որ Սայտայի մէջ Ասիր սադրանքներ կը նախապատրաստէ, եւ ոչ ոքի վրայ կրնան ազդել անոր արարքները:
Մինչ Ասիր յայտնեց, որ երեք օր խորհրդակցութիւններ պիտի կատարէ եւ ապա որոշում տայ, Սայտա համախոհութեամբ ընդգծեց, որ ինք կը մերժէ բոլոր տեսակի սադրանքները:

