«Պէտք Է Զգուշանալ Լիբանանեան Ներքին Սադրանքներէն, Յատկապէս Սիւննի-Շիի Գրգռութիւններէն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը արտասանեց «Նահատակի օր»-ուան առիթով Հըզպալլայի կազմակերպած ձեռնարկին ընթացքին:
Իր արտասանած ճառին ընդմէջէն սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ պէտք է զգուշանալ լիբանանեան ներքին առումով հրահրուող սադրանքներէն, յատկապէս սիւննի-շիի գրգռութիւններէն:
Անդրադառնալով Դիմադրութեան 30 տարուան փորձառութեան` սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ լիբանանցիները միայն իրենց ջանքերով` բանակին, Դիմադրութեան եւ ժողովուրդին ջանքերով է, որ կրցան պահել ու պահպանել Լիբանանը իսրայէլեան բռնարարքներէն:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ, Իսրայէլ, Արեւմուտքն ու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը անկարելի է, որ կարենան Դիմադրութեան առաքելութեան վերջ տալ:
Ազգային երկխօսութեան նիստին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա հարց տուաւ, որ արդեօք արդա՞ր է, որ քաղաքական տարբեր անցեալ եւ ենթահող ունեցող կողմեր իրարու հետ նստին: Այս ծիրին մէջ ան կ՛ակնարկէր լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմերու, յատկապէս Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ քրիստոնեաներու, որոնք մեղսակցած են Իսրայէլի հետ, ոճիրներ գործած են եւ մինչեւ օրս երկրին ապահովական կայունութիւնը կը փափաքին խախտել, ինչպէս նաեւ սիւննի-շիի սադրանքներ հրահրել` ծառայելու համար Իսրայէլի շահերուն:
«Արդեօք անոնք ատա՞կ են քննարկելու Լիբանանի պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը եւ Լիբանանը Իսրայէլէն պաշտպանելու միջոցները: Սակայն մենք յօժար ենք եւ համաձայն, որ անոնք մասնակցին Ազգային երկխօսութեան նիստին: Հետեւաբար, այդ նիստին մասնակցելու նպատակով նախապայմաններ առաջարկող կողմերուն կ՛ըսեմ. մեր մեծահոգի եւ բարոյական արժանիքներու տէր ըլլալուն պատճառով է, որ մենք կ՛ընդունինք ձեզի հետ երկխօսութիւն կատարել` երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին: Երբ ուզէք վերադառնալ երկխօսութիւն կատարելու, բարի եկած էք, իսկ եթէ պիտի շարունակէք մերժել, ապա Աստուած ձեզի հետ ըլլայ. մենք հարց չունինք, եւ երբեք չմտածէք, որ երկխօսութեան ձեր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելով մեր վրայ ճնշում բանեցուցած կ՛ըլլաք», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութեան յաջորդող դէպքերուն եւ այդ ոճիրին շահագործումին մասին իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն գիտակցութիւնը եւ իշխող քաղաքական ուժերուն համբերութիւնն ու ինքնազսպումը, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Ուիսամ Հասանի սպանութեամբ Հըզպալլայի դէմ ուղղուած քաղաքական ամբաստանութիւնը` շեշտելով, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր առաջին վայրկեանէն մերժեցին այն հաւանականութիւնը, որ Իսրայէլ կրնայ ըլլալ Հասանը սպաննողը:
«Ընդդիմութիւնը վարչապետը ոճրագործ նկատեց եւ կառավարութիւնը, որ Հըզպալլայի կառավարութիւն կը կոչէ, ոճրագործ նկատեց եւ փորձեց միջազգային ընտանիքը համոզել, որ անիկա իսկապէս Հըզպալլայի կառավարութիւն է, սակայն ո՛չ միջազգային ընտանիքը, ո՛չ կառավարութեան մաս կազմող ուժերը եւ ո՛չ ալ ընդդիմութեան մաս կազմող քաղաքական ուժ մը համոզուած է, որ այս կառավարութիւնը Հըզպալլայի կառավարութիւն է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս քաղաքական հիմնական երկու ուղեգիծ կայ, առաջինը ազգային եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն մասնակցութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ ապահովել փափաքող ուղեգիծ մը, իսկ միւսը` առանձինն իշխելու եւ մենատիրութիւն կատարելու ուղեգիծը:
«Տոհայի մէջ նախկին կառավարութիւնը բռնի ուժով ընդունեց Ազգային միասնականութեան կառավարութիւն կազմել եւ ոչ թէ համոզումով: Երբ կառավարութեան մաս կը կազմէիք, ազգային երկխօսութեան ձեր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեցիք, իսկ այսօր երբ ընդդիմութիւն էք, նոյն քայլին կը դիմէք, որովհետեւ դուք երկխօսութիւն չէք ուզեր», յայտնեց սէյիտ Նասրալլա` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ մասնագէտներու կառավարութիւն կամ չէզոք կառավարութիւն անկարելի է կազմել, որովհետեւ երկրին մէջ ամէն բան քաղաքականացած է:
Շարունակելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մասին իր յայտարարութիւնները` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ երկու օր առաջ այդ ուժերուն ղեկավարներէն մէկը յայտարարեց, որ ընտրական որեւէ օրէնքի գործադրութեան պարագային Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ընտրութիւններէն յաղթական դուրս պիտի գան: Այս յայտարարութեան լոյսին տակ սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց ինքնավստահ խնդրոյ առարկային ընդունիլ կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրէնքը, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է:
«Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը օրինական է ու սահմանադրական եւ անիկա կը գործէ բնական ընթացքով», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

