Ճատրակ. Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան` Յաղթական
Նախորդ շաբաթավերջին Խանթի Մանսիսքի մէջ (Ռուսիա) սկսաւ ճատրակի աղջկանց աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան յաղթանակով սկսան մրցաշարքը, երբ յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Սոփիքօ Խուխաշվիլին եւ Քեթեւան Արախամիա – Կրանթին:
Նշենք, որ մրցաշարքին կը մասնակցին 32 երկիրներէ 64 լաւագոյն ճատրակ խաղացողներ:
CATEGORIES Մարզական

