Ճատրակ. Հայաստան Շատ Հաւանաբար Չմասնակցի Աշխարհի Քաղաքներու Խմբային Ախոյեանութեան
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Վարդապետեան PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի լրագրողին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ շատ հաւանաբար Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը չբերէ աշխարհի քաղաքներու խմբային ախոյեանութեան:
«Ֆետերասիոնը որոշեց, որ հայրենի կազմը չմասնակցի այս ախոյեանութեան: Սակայն այս որոշումը վերջնական չէ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ աշխարհի քաղաքներու այս խմբային ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2-29 դեկտեմբերին` Այնի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
CATEGORIES Մարզական

