Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան հրաւէրով` 28 նոյեմբերէն 4 դեկտեմբեր 2012, ամերիկահայ գրող, «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» («Աւազէ ամրոցի աղջիկները») գիրքի հեղինակ Քրիս Պոհճալեան հրաւիրուած է Լիբանան:

Քրիս Պոհճալեան «Տը սենտքեսըլ կըրլզ»-ը  կոչած է լաւագոյն գիրքը, որ ինք երբեւէ գրած է: Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող այս վէպը արժանացաւ բարձր գնահատանքի` յուլիս 2012-ին իր հրատարակութենէն ետք գրաւելով  «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերու ցանկին 7-րդ դիրքը: Ան նաեւ ընդգրկուած է «Փապլիշըրզ ուիքլի»-ի, «Եու. էս. էյ. թուտէյ»-ի եւ Ամերիկայի անկախ գրատուներու ամէնէն շատ վաճառուող գիրքերու ցանկին մէջ:

Պոհճալեան հեղինակած է տասնհինգ գիրքեր, որոնց շարքին «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն հետեւեալները` «Տը նայթ ըսթրէյնճըրզ» («Գիշերուան  օտարականները»),  «Սիքրըթց աֆ իտըն» («Եդեմի գաղտնիքները»), «Սքելեթընզ էթ տը ֆիսթ» («Կմախքներ` խնճոյքին»), «Տը տապըլ պայնտ» («Կրկնակի կապը»), «Պիֆոր եու նօ քայնտնես» («Նախքան բարիութիւն գիտնալդ»): Իր «Միտուայվզ» («Մանկաբարձուհիները») վէպը արժանացած է «Տը Նիւ Եորք թայմզ»-ի ամենաշատ  վաճառուած գիրքերու առաջին դիրքը գրաւելու պատիւին, ընտրուած  է Օփրայի «Պուք քլապ»-ի կողմէ եւ ստացած է «Փապլիշըրզ ուիքլի»-ի «Լաւագոյն գիրք» մրցանակը: Պոհճալեանի գործերը թարգմանուած են աւելի քան քսանհինգ լեզուներու եւ երեք առիթներով վերածուած են ժապաւէններու:

Քրիս Պոհճալեանի «Տը սենտքեսըլ կըրլզ» գիրքի շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ կազմակերպութեամբ Համազգայինի հրատարակչատան, կաթողիկոսարանի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ, երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին: Այս առիթով նաեւ տեղի պիտի ունենայ  գիրքի մակագրութիւնը:

Պոհճալեանի Լիբանան կեցութեան ընթացքին Ամերիկեան եւ Հայկազեան համալսարաններու ուսանողութեան հետ պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ: Ան պիտի այցելէ նաեւ հայկական երկրորդական վարժարաններ:

Յայտնենք, որ գիրքը արդէն հասած է Լիբանան եւ կարելի է զայն գտնել Համազգայինի գրախանութին մէջ:

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՎԱՀԷ ՍԷԹԵԱՆ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ

 

 

Share this Article
CATEGORIES