50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1962)

Հայկական Կեանք

Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ
Անթիլիասի Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 11 նոյեմբեր 1962, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին  զանգակները, քանի մը ամսուան դադարէ ետք, կրկին հնչեցին իրենց օրհնաբեր ղօղանջիւնով:

Վերանորոգուած, գեղեցիկ փայլ մը ստացած էր մայր տաճարը, արտաքին ու ներքին տեսքով:

Հաւատացեալներու ստուար բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագին:

Պատարագեց Զարեհ Ա. կաթողիկոս:

Ս. պատարագը, տպաւորիչ երգեցողութեամբ, երգուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ` Եկմալեան քառաձայնով, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի:

Վեհափառ հայրապետը իր քարոզին մէջ պանծացուց հայ ժողովուրդին շինարար առաքինութիւնը, յիշեց անունները բոլոր բարերարներուն եւ նուիրեալ շինարարներուն, որոնք Անթիլիասի կաթողիկոսարանը իր այսօրուան վիճակին հասցուցին: Օրհնեց անոնց յիշատակը:

Վերանորոգութեան գլխաւոր բարերարը եղած է ամերիկահայ Խոսրով Մեղրիկեան` հինգ հազար տոլարի նուիրատուութեամբ:

Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` բոլոր բարերար ու շինարար ննջեցեալներու եւ անոնց պարագաներուն հոգիներուն համար:

Արարողութիւններէն ետք, թափօրով, վեհափառը առաջնորդուեցաւ վեհարանի դահլիճը, ուր երգեցիկ խումբը երգեց «Կիլիկիա» երգը:

Հաւատացեալները վեհափառ հայրապետին վերջին օրհնութիւնը ստանալէ ետք, գոհ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան:

 

Սիսեցի Երիտասարդներու
Համասիսեցիական
Հաւաքոյթը

Սիսեցի երիտասարդներու միութեան կազմակերպած առաջին հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ ի ներկայութեան Լիբանանի հայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի եւ միութեան պատուոյ նախագահ Միսաք Ազիրեանի:

Հաւաքոյթին բացումը կատարեց միութեան ատենապետ Սարգիս Տեմիրճեան: Ջերմօրէն ողջունելէ ետք ներկաները, ան ամփոփ կերպով ներկայացուց միութեան կազմութիւնն ու անոր առած առաջին քայլերը: Ան շեշտեց. «Ծրագրած ենք յաճախ կազմակերպել գրական ասուլիսներ, արտասանական երեկոներ եւ դասախօսութիւններ` բերելու համար կրթական նպաստ մը երիտասարդութեան յառաջդիմութեան: Մասնաւորապէս մեծ ճիգ պիտի գործադրենք համալսարանական երիտասարդութիւն մը պատրաստելու ճամբուն վրայ»: Իր խօսքը վերջացուց` ըսելով. «Միութեան գործունէութիւնը պիտի ըլլայ այնքան բազմարդիւն, որքան ըլլայ գուրգուրանքը մեր հայրենակիցներուն այս նորակազմ միութեան վրայ` ի շահ եւ ի պատիւ սիսեցի ժողովուրդին»:

Երգող, արտասանող եւ նուագող երիտասարդ ու երիտասարդուհիները խանդավառեցին ներկաները` իրենց գեղեցիկ ելոյթներով: Եղան նաեւ խօսք առնողները, որոնք գնահատեցին միութեան հիմնադիրները, որ գիտակից, լուրջ եւ յարատեւ աշխատանքով կրցած էին իրագործել այս միութիւնը:

Յայտագրի կէսին միութեան ատենապետը տուաւ օրուան մեծ աւետիսը` ըսելով. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ծրագրած էինք սեփական եւ գեղեցիկ սրահ մը ունենալ մեր միութեան համար, կը յուսանք մօտ օրէն սկսիլ անոր շինութեան աշխատանքներուն: Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ անհրաժեշտ բոլոր ծախսերը յանձն առած է գոյացնել մեր միութեան պատուոյ նախագահ Միսաք Ազիրեան»:

Որոտընդոստ ծափահարութիւնները շարունակուեցան երկարօրէն: Երջանկութիւն կը յորդէր բոլորին դէմքերէն:

Ստեղծուեցաւ ընտանեկան քաղցր մթնոլորտ մը` սեղաններու շուրջ, հիւրասիրութեամբ, ուր ամէն ոք ինքզինք կը զգար իր սեփական տան մէջ, ուրախ եւ երջանիկ:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Խորէն արք. Բարոյեան: Սրբազան հայրը մասնաւորաբար ըսաւ. «Սիրով կը հետեւիմ ձեր երիտասարդութեան այս նոր շարժումին: Կը քաջալերեմ ձեր գործունէութիւնը, սիրելի՛ երիտասարդներ, որովհետեւ դուք ընտրած էք ուղիղ ճամբան` խտրութիւն չդնելով հատուածի եւ դաւանանքի: Գեղեցիկ են եւ ազգօգուտ ձեր ծրագիրները, որոնց համար կը մաղթեմ լիակատար յաջողութիւն: Կ՛օրհնեմ ձեր վարչութիւնը, ձեր միութեան բոլոր անդամները եւ սիսեցի սիրելի ժողովուրդը»:

Սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով փակուեցաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Պէտք է արձանագրել հոս, որ սիսեցի երիտասարդներու միութեան կազմակերպած այս առաջին հաւաքոյթը, իր փայլուն յաջողութեամբ, պիտի մնայ անմոռանալի բոլոր սիսեցիներուն համար:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES