«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Գաղութներէն Հայաստան Ներգաղթը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, հայրենի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ խորհրդային իշխանութիւններու համամտութեամբ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ներգաղթ կազմակերպուեցաւ, պատերազմի տարիներուն զոհուած բազմահազար հայորդիներու կորուստները մասամբ դարմանելու եւ հայրենիքը ծաղկեցնելու նախանձախնդրութեամբ: Յիշենք նաեւ շրջանառութեան մէջ դրուած այն կարծիքը, որուն համաձայն մէկ միլիոնէ նուազ բնակչութիւն ունեցող խորհրդային հանրապետութիւն մը կը կորսուի եւ դրացի հանրապետութիւններուն կը միացուի:

Այլ գաղութներու շարքին, Լիբանանէն եւ Սուրիայէն մեծ թիւով հայեր, հայրենիքի մէջ մնայուն բնակութեան հիմեր դնելու եւ փայլուն ապագայի հեռանկարներով կատարուող քարոզչութենէն խանդավառ` Եղեռնէն ետք բազում դժուարութիւններով ձեռք ձգած իրենց տունն ու տեղը ծախեցին, գործ, աշխատանք, հող ու կալուած, սիրելիներ ու հարազատներ ձգեցին եւ ներգաղթի ճամբան բռնեցին: Այսուհանդերձ, վերջին պահուն հրեայի եւ հեթանոսի հարցեր արծարծուեցան եւ «հակառակորդ» նկատուած անձեր ու ընտանիքներ արհամարհուեցան եւ նուաստացուցիչ պայմաններու ենթարկուեցան: Շատ մը ընտանիքներ կոտորակուեցան եւ հարազատներ իրարմէ բաժնուեցան այլեւս զիրար չտեսնելու դառն զգացումով:

Մեծ խանդավառութեամբ ներգաղթած հայորդիները յուսախաբ եղան ի տես համատարած թշուառութեան ու չքաւորութեան: Անոնցմէ շատեր ալ իրենք զիրենք Սիպերիոյ սառնամանիքներուն մէջ գտան:

«Ազդակ» օրին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ ներգաղթի լուրերուն: 25 յունիս 1946-ի թիւով եւ «Առաջին կարաւանը մեկնեցաւ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր:

«Ներգաղթի առաջին կարաւանը, Լիբանանէն ու Սուրիայէն մեկնեցաւ երէկ` կիրակի կ. վ. ժամը 3:00-ին, Թրանսիլվանիա շոգենաւով, որ շաբաթ առաւօտ հասած էր Պէյրութի նաւահանգիստը: Ներգաղթողները շաբաթ կէսօրէ վերջ Քարանթինայէն քամիոններով սկսան փոխադրուիլ նաւ: Նախ տեղաւորուեցան Դամասկահայ ներգաղթողները եւ կիրակի առտու կանուխ սկսաւ մնացող հայերու փոխադրութիւնը, որ վերջացաւ ժամը 2:00-ին:

Փոխադրութեան եւ տեղաւորման բոլոր աշխատանքները տեղի ունեցան կանոնաւորութեամբ եւ կարգապահութեամբ: Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն օժանդակութիւն ընծայած էր դիւրացնելու եւ արագացնելու համար ներգաղթողներու տեղաւորումը նաւուն մէջ:

Շոգենաւը մեկնեցաւ որոշուած ժամէն առաջ, փոխադրելով 1800 ներգաղթողներ: Նաւը մեկնելէ առաջ ներգաթողներուն այցելեց վեհափառը, ընկերակցութեամբ Խադ սրբազանի եւ վարդապետներու: Ան օրհնեց մեկնողները, խրատներ տուաւ ու մաղթանքներ ըրաւ:

Մեկնումի տեսարանը շատ յուզիչ եղաւ: Մեկնողներն ու ողջերթի եկողները հաւասարապէս յուզուած էին եւ արցունք կար անոնց աչքերուն մէջ: Մեկնողները իրենց ետեւ կը ձգէին սիրելիներ եւ բազմաթիւ տարիներու յիշատակներ: Սակայն միւս կողմէ, հայրենիքը տեսնելու երջանկութիւնը նոր յոյսերով կը լեցնէր անոնց հոգին:

Բարի ճանապարհ մեր սիրելի հայրենակիցներուն:

Ներգաղթող հայերը մեկնելէ առաջ Լիբանանի եւ Սուրիոյ նախագահներուն շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան հեռագիրներ ղրկեցին այն հիւրընկալ վերաբերումին համար որ այս երկիրներու ժողովուրդներն ու կառավարութիւնները 25 տարի ցոյց տուին իրենց հանդէպ:

Թրանսիլվանիա, որ ուղղակի մեկնեցաւ Պաթում, առաջիկայ ամսոյն կէսերուն պիտի վերադառնայ Պէյրութ, փոխադրելու համար երկրորդ կարաւանը, որ պիտի բաղկանայ մեծ մասամբ հալէպահայերէ»:

* * *

4 յուլիս 1946-ի թիւով եւ «Ներգաղթի  չարաշահները» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.

«Ներգաղթի առաջին կարաւանը մեկնեցաւ: Մենք հաւատարմօրէն արձանագրեցինք փաստերը եւ ուրախութիւն յայտնեցինք, որ գաղթականի ցուպը մէկ կողմ նետելով 1800 հայեր հայրենիք կը վերադառնան: Ուրախութիւն` մեկնողներուն համար եւ մաղթանք` որ մնացողներն ալ բախտը ունենան զանգուածօրէն օր մը հայրենի հողին վրայ հաստատուելու: Ա՛յս է զգացումը ամէն պարկեշտ հայու, որ Հայաստանի երազով ապրած է ու Հայաստանի անունով` մութ հաշիւներ չի հետապնդեր:

Ներգաղթի առաջին կարաւանը սակայն չարաշահութեան փնտռուած առիթ մը կ՛ընծայէ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներուն:

… Մենք կողմնակից ենք ներգաղթին եւ ատոր ապացոյցը տուած ենք մեր դիրքով եւ ընթացքով: Եթէ քննադատած ենք սրտցաւօրէն ներգաղթը կազմակերպելու եղանակը եւ զայն չարաշահութեան ենթարկելու ձգտումը, ատիկա ըրած ենք յանուն մեկնողներու շահերուն եւ մնացողներու ապահովութեան:

… Ներգաղթը, առանց թրքահայ հողերու ազատագրութեան, դատապարտուած է սահմանափակ մնալու: Քանի մը հազարի Հայաստան փոխադրութիւնը օգտակար է անշուշտ, բայց հարիւր հազարաւոր հայ զանգուածներու դարձը կապուած է հայկական դատի լուծումին հետ:

… Մենք թելադրեցինք ու դարձեալ կը թելադրենք ներգաղթը կազմակերպել աւելի լուրջ ձեւով, որպէսզի  մեկնողները հնարաւորութիւն ունենան իրենց գործերն ու կալուածները նուազագոյն վնասով հաշուեյարդարի ենթարկելու, փոխանակ մետասաներորդ ժամուն իրար անցնելու եւ մէկ տասներորդ գինով ծախելու այն ինչ որ կրցած են մէջտեղ բերել տարիներու տքնաջան աշխատանքով: Անգործներ կան, որոնք իրենց գործը ձգած են Հայաստան երթալու համար, Սուրիոյ մէջ հայկական գիւղեր կան, ուր ցանք չկայ այս տարի, պարզապէս սպասողական դրութեան հետեւանքով: Ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը պիտի ենթարկուէր այս կորուստներուն, երբ կարելի էր ներգաղթը կազմակերպել աւելի իրատես եւ տրամադրելի միջոցներու համապատասխան ձեւով»:

* * *

11 յուլիս 1946-ի թիւով եւ «Ներգաղթի Բ. կարաւանը մեկնեցաւ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.

«Երկու օրէ ի վեր Պէյրութի նաւահանգիստը կը գտնուին ներգաղթի նաւերը` Թրանսիլվանիա եւ Ռուսիա: Յարմար տեսնուած ըլլալով որ Բ. կարաւանը մեկնի Թրանսիլվանիայով, Հալէպի ներգաղթողները եւ մաս մ՛ալ Պէյրութի ներգաղթողներ երէկ երեքշաբթի սկսան փոխադրուիլ շոգենաւ: Բոլոր ներգաղթողները, ինչպէս առաջին կարաւանին, օրինակելի կարգապահութեամբ գրաւեցին իրենց տեղերը նաւուն մէջ: Ընդամէնը 2000 հոգի կը ներգաղթեն Բ. կարաւանով:

Թրանսիլվանիա ճամբայ կ՛ելլէ այսօր` չորեքշաբթի առաւօտ: «Ռուսիա» շոգենաւը պիտի մեկնի քանի մը օրէն: Կ՛ըսուի թէ 3000 ներգաղթողներ պիտի կրնան տեղաւորուիլ անոր մէջ: Ներգաղթի կոմիտէն զեկոյցով մը կը հաղորդէ, թէ Գ. կարաւանի ներգաղթողները այսօրուընէ իսկ պէտք է իրենց ծանր բեռները փոխադրեն նաւահանգիստ եւ առտուան ժամը 7:00-էն սկսեալ համախմբուին Քարանթինայի մէջ:

Գ. կարաւանի մասնակցելիք հալէպահայերը, երէկ` երեքշաբթի առաւօտ ճամբայ ելան եւ հասան Պէյրութ: Անոնք 230 ընտանիք կը հաշուըւին: Այսօր պիտի հասնին նաեւ Դամասկոսի ներգաղթողները: Կ՛ըսուի թէ այժմէն պատրաստութիւններ կը տեսնուին Դ. կարաւանին համար»:

* * *

Իսկ 14 յուլիս 1946-ի թիւով եւ «Ներգաղթը. Գ. կարաւանը մեկնեցաւ երէկ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ  «Ազդակ» կը գրէր.

«Երէկ` ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Ռուսիա» նաւը մեկնեցաւ, փոխադրելով Ներգաղթի երրորդ կարաւանը, որ կը բաղկանար 2300 հալէպահայ եւ պէյրութահայ ներգաղթողներէ: Ողջերթի համար նաւամատոյց եկած էին մեծ թիւով հայեր: Շատեր նաւակներով հետեւեցան նաւուն, որ կամաց-կամաց անյայտացաւ արեւի վերջին ցոլքերուն հետ:

Կ՛ըսուի, թէ մօտերս Պէյրութ պիտի հասնի ռուսական ուրիշ նաւ մը, փոխադրելու համար ներգաղթողները: Չորրորդ կարաւանի պատրաստութեան աշխատանքը սկսած է, որուն մաս պիտի կազմեն Դամասկոսի եւ Լիբանանի շրջաններու ներգաղթողները:

«Ռուսիա» շոգենաւը, որ Գ. կարաւանը փոխադրեց, նախապէս կը պատկանէր գերման առեւտրական նաւատորմին»:

* * *

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Խորհրդային Միութեան կողմէ արծարծուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ բռնակցուած եւ նախապէս Ռուսական կայսրութեան պատկանող Կարսի եւ Արտահանի հարցը: Այս առիթով «Ազդակ», 10 նոյեմբեր 1946-ի թիւով եւ ֆրանսական «Նուվէլ ռեփիւպլիք» թերթի «Նեղուցներու պատերազմը պիտի ըլլա՞յ». յանուն հարստահարուած փոքրամասնութեանց Ռուսիա կը պահանջէ Կարսի եւ Արտահանի նահանգները» խորագիրով տեղեկատուութենէն թարգմանաբար կը ներկայացնէ Կարսի եւ Արտահանի հարցը:

«Իսմէթ Ինէօնիւի երկրին մէջ ուրիշ փոքրամասնութիւններ, ուրիշ ցանկալի հողեր ալ կան. օրինակ Կարսն ու Արտահանը: Անոնք եւս Ռուսիոյ տարածումի հին երազը կ՛ապացուցանեն:

Նեղուցներուն խնդիրը Ժոզէֆ Սթալինի կողմէ չստեղծուեցաւ: Ռուսիա հազիւ իր ներքին հաւասարութիւնը գտած, քայլերն ուղղեց դէպի Տարտանէլ, դէպի Պալքանները անշուշտ, բայց նաեւ դէպի Ասիա: 1802-ին ան արդէն կը գրաւէր Մինկրէլին (Վրաստան), 1813-ին կ՛արշաւէր Ազրպէյճան եւ Տաղստան, զոր 1864-ին վերջնապէս կցեց: 1828-ին գրաւեց Երեւանեան Հայաստանը: 1878-ին կցումի այս քաղաքականութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ: Ռուսեւթուրք պատերազմէն վերջ, անկարող` վճարելու պատերազմական հատուցումները, օսմանցիները ստիպուեցան ցարերու կայսրութեան ձգել Կարսի եւ Արտահանի լեռնային նահանգները:

1917-ին Ռուսիան խորտակուեցաւ: Պրէսթ-Լիթովսկի դաշնագիրով, Թրոցքի պարտաւորուեցաւ այդ երկու նահանգները եւ Պաթումի քարիւղաբեր նաւահանգիստը Թուրքիոյ վերադարձնել: Չորս տարի վերջ, 1921-ին Միութիւնը Լեհաստանի եւ Վրանկէլի ու Տէնիքինի «սպիտակներու» դէմ մղած պայքարը շահած ատեն, կամովին վաւերացուց այն զիջումը զոր կատարած էր ճարահատ: Հաճոյակատար շարժուձեւ մը: Բայց Լենին ազգայնական Թուրքիոյ պետին անձնական բարեկամն էր, ու ռուս մամուլը, այդ միջոցին հրաման ստացաւ ջերմապէս գովաբանել Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրները: Մանաւանդ որ այդ դաշնագիրներով Պաթումը Ռուսիոյ վերադարձուած էր:

Ժամանակին խորհրդային սպայ մը հետեւեալ կերպով կ՛արտայայտուէր.

– «Թուրքիա արշաւել ի խնդիր հայկական շահերու` պիտի նշանակէր Արեւելքի բոլոր ժողովուրդներուն ապացուցանել թէ` Սովետական Ռուսիան ցարական Ռուսիոյ  քաղաքականութիւնը կը շարունակէ, թէ համայնավարութիւնը քօղարկուած աշխարհակալութիւն մըն է միայն…»:

Այսօր Մոսկուայի եւ Ռուսիոյ ամբողջ մամուլը ուժգնօրէն կը պահանջէ այդ երկու նահանգներուն կցումը, յանուն Անգարայի կառավարութեան կողմէ հարստահարուած փոքրամասնութեանց:

Որո՞նք են այդ փոքրամասնութիւնները,- նախ յոյներն էին, որոնք անհետացած են այժմ: Դարերով ռուսերու եւ թուրքերու կողմէ անընդհատ ջարդուելէ վերջ, անոնց նօսրացած մնացորդները 1921-ին թուրքեւյոյն պատերազմէն վերջ,  Յունաստան վերադարձան, ժողովուրդներու փոխանակութեամբ:

Կը մնան լազերը, վրացիները եւ հայերը:

Լազերը թրքացած կովկասցիներ են, մասամբ իսլամացած, սակայն իրենց քրիստոնէական ծագումէն որոշ ազատութիւն մը կը պահեն Քուրանին հանդէպ: Հակառակ կրօնական արգելքին, այգեմշակութիւն կ՛ընեն եւ գինի կը խմեն: Հիւանդին վիճակը ծանրանալու պարագային անոր վրայ Աստուածաշունչի աղօթքներ կը կարդան:

Այս բարձրահասակ, ճկուն, քաջ եւ արթուն երիտասարդները Թուրքիոյ տորմիղին լաւագոյն նաւազները կը կազմեն: Անվարան, կարելի է ըսել որ անոնք ուսանելու ո՛չ մէկ փափաք ունին:

Վրացիներու պարագան բոլորովին տարբեր է: Նախ, որովհետեւ անոնք սպարապետ Սթալինի սիրեցեալ զաւակներն են: Ծնած` Գորի Խ. Միութեան ղեկավարը խորապէս կապուած է իր ծննդավայրին: 1936-ին պաշտօն տուաւ իր այժմու ներքին նախարար Լաւրենտի Բերայի – նոյնպէս վրացի – որ երեք կովկասեան հանրապետութեանց սահմանները գծէ ի նպաստ իր հայրենակիցներուն: Նոյն հոգածութեամբ, անհրաժեշտ միջոցներ ձեռք առնել տուաւ, որպէսզի պատերազմի օրերուն քաթվելիները (վրացի) ընդհանուր զօրակոչի չենթարկուին:

Բայց Խ. Միութեան կողմէ պահանջուած այս հողերուն վրայ ապրող վրացիները բնակչութեան հազիւ 30 առ հարիւրը կը կազմեն:

Հայերու պարագան ալ շատ տարբեր չէ: Արար աշխարհ գիտէ այս մարտիրոս ժողովուրդին ցաւալի պատմութիւնը, անոնց կրած յաջորդական ջարդերը Թուրքիոյ կողմէ:

Ի՞նչ կը մտածեն այսօր հայերը: Բաւական դժուար է պատասխանել: Անոնց մէջ կայ ազգայնական շատ նշանակելի հոսանք մը, մարմնացած` Դաշնակ կուսակցութեան մէջ, որ համաձայն Արեւելքի մէջ դասական դարձած  եղանակի մը ազգայնական պահանջները կը միացնէ կրօնական արտայայտութեանց եւ որ, եկեղեցիին վայելած բարեացակամութենէն ի վեր` Խ. Միութեան բացայայտ թշնամի չէ այլեւս:

Այստեղ ալ սակայն թրքահայերու թուական սակաւաթիւ հանգամանքը թոյլ չի տար, որ Ռուսիա յոյս դնէ անոնց վրայ, կազմակերպուած շարժումի մը համար»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES