Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Շարլ Ազնաւուրի Եւ Ջիւան Գասպարեան
Միացեալ
Ձայնասկաւառակ Պիտի Հրապարակեն

Ֆրանսահայ նշանաւոր արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան միացեալ ձայնասկաւառակ մը պիտի հրապարակեն, յայտնած է Ջիւան Գասպարեան` Իժեւսքի հայ համայնքին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին:

Երաժիշտին հարց տուած են, որ արդեօք ծանօ՞թ է Ազնաւուրին, ան պատասխանած է. «Շարլը իմ մտերիմ ընկերս է: Ան շատ լաւ մարդ է, մենք կը պատրաստուինք միասին ալպոմ մը ձայնագրել»:

Հաղորդենք, որ Գասպարեան Իժեւսք մեկնած էր «Փրոմօ կրուփ»-ին հրաւէրով` նուագահանդէս ունենալու նպատակով:

Նշանաւոր տուտուկահարը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Ուտմուրթիոյ մայրաքաղաք` իր թոռան, երաժիշտ Ջիւան Գասպարեան կրտսերին եւ «Հայաստանի վիրտուոզներ» համոյթին հետ:

Անանիա Շիրակացիի 1400-ամեակի Ձեռնարկները
Կը
Շարունակուին Բարձր Որակով

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ տեղի ունեցած է Անանիա Շիրակացիի 1400-ամեակին նուիրուած յանձնախումբին նիստը:

Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է յոբելենական ծրագիրին մէջ նկատի առնուած նախաձեռնութիւններու իրականացման ընթացքին եւ արդիւնքներուն: Յատկապէս նշուած է, որ արդէն իսկ տեղի ունեցած է «Աստղագիտական ժառանգութիւնը ազգային մշակոյթին մէջ» նիւթով միջազգային պատմական-աստղագիտական գիտաժողով, որուն մասնակցած են 50-է աւելի գիտնականներ:

Կազմակերպուած են նաեւ Անանիա Շիրակացիին նուիրուած երիտասարդ աստղագէտներու միջազգային դպրոց, գիրքերու ցուցահանդէսներ, ստեղծուած է Անանիա Շիրակացիին նուիրուած թուային շտեմարան եւ կայքէջ, տեղի ունեցած է «Անանիա Շիրակացի ? 1400» յոբելենական ցուցահանդէս: Կայացած է նաեւ «Շիրակացիի օրեր» աւանդական փառատօնը: Յոբելենական ծրագիրներու ծիրին մէջ  բարեկարգման աշխատանքներ կատարուած են Կումայրիի 7-րդ դարու եկեղեցւոյ տարածքին մէջ: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կազմակերպուած են Անանիա Շիրակացիի նուիրուած բաց դասեր, քննարկումներ եւ այլն: Կը նախատեսուի 2013 թուականին հրատարակել  «Անանիա Շիրակացի. ուսումնասիրութիւններ» գիրքը:

Ժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ նիստին մասնակցողներուն առաջարկները`  Անանիա Շիրակացիի 1400-ամեակին նուիրուած այլ նախաձեռնութիւններու կազմակերպման մասին:  Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է շարունակել ձեռնարկներու կազմակերպումը բարձր մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ` հանրութիւնը ներգրաւել այդ գործընթացին մէջ:

Թարգմանիչներու Եւ Հրատարակիչներու
6-
րդ Միջազգային Համաժողովը Երեւանի Մէջ

Նոյեմբեր 5-8 Երեւանի մէջ «Տեսութիւն եւ կիրառութիւն. անջրպետի յաղթահարում» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ Թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու 6-րդ միջազգային համաժողովը: Ինչպէս կը յայտնէ «Գիրք» հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը, համաժողովը կը կայանայ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի աջակցութեամբ, եւ իրականացուեցաւ «Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ձեռնարկներու ծիրին մէջ:

Եռօրեայ համաժողովին ընթացքին տեղի ունեցաւ «Հեղինակային իրաւունքի ձեռքբերում եւ պաշտպանութիւն» նիւթով միջազգային սեմինարը, որուն մասնակցեցան երկու յայտնի փորձագէտներ` Անտրէ Սորենսըն եւ Ռիչըրտ Պալկուիլ:

Երեւանեան համաժողովի օրակարգը յագեցած է կլոր սեղաններով, թարգմանական գրականութեան եւ նոր հրատարակութիւններու շնորհահանդէսներով, յայտնի թարգմանիչներու եւ հրատարակիչներու դասախօսութիւններով, վարպետութեան դասերով, ինչպէս նաեւ հայ եւ հրաւիրեալ մասնակիցներու կողմէ գրական ընթերցումներով:

Եունեսքօ–ի Ցանկին Վրայ Հայկական
Ժայռապատկերները
Հայաստանի
Նոր
Այցետոմսերն Են

Հայկական հնագոյն ժայռապատկերներու հետազօտութեան հայ-գերմանական միացեալ ծրագիրին իբրեւ արդիւնք` պիտի ստեղծուի հայկական ժայռապատկերներու համացանցային ամբողջական շտեմարան: Լրագրողի մը հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան: Ան դիտել տուած է, թէ հայկական ժայռապատկերները խորքին մէջ լուրջ ուսումնասիրութեան կարիքը ունին: «Մենք պէտք է գերմանացի մասնագէտներու օգնութեամբ հաւաքագրենք այն, ինչ որ ունինք: Անոնք մեզ յորդորած են, որպէսզի շտեմարան ստեղծենք, որովհետեւ հայկական ժայռապատկերները եզակի արժէք կը ներկայացնեն եւ պէտք է ներառուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ», նշած է Յ.Պօղոսեան:

Անոր համաձայն, գերմանացիները արդէն ներկայացուցած են գրաւոր հսկայական նիւթ, ուր ամէն ինչ վաւերագրուած է. յատուկ սարքաւորումներու միջոցով միատեղուած է ժայռապատկերներուն մասին հսկայական տեղեկութիւն: «Աշխատանքները կը շարունակուին մէկ տարի եւս, որմէ ետք կ՛ամփոփենք եւ կը հասկանանք, թէ ի՛նչ պիտի ընենք: Հարցը ո՛չ միայն համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուիլն է, այլեւ այդ ժառանգութիւնը հանրահռչակելը, շրջանառելը, անկախ անկէ, թէ կը ներառուի՞ն ժայռապատկերները այդ ցանկին մէջ, թէ՞ ոչ», յայտնած է նախարարը: Անոր համաձայն, նաեւ պիտի մշակուին անոնց պահպանութեան համապատասխան միջոցները:

Հայկական ժայռապատկերներու համացանցային տուեալներու շտեմարանի ստեղծումը նաեւ պիտի նպաստէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման: 2012 թուականի օգոստոսին փոքր քառաթիռ սարքի միջոցով կատարուած են օդային նկարահանումներ: Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան անգնահատելի արժէքները` հնագոյն ժայռապատկերները, յառաջիկային պիտի ներառուին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ: «Վստահ եմ, որ սկսած գործընթացը իր տրամաբանական աւարտին կը հասնի», հաստատած է նախարար Յ.Պօղոսեան: Իւրաքանչիւր ժայռապատկեր պատմական է եւ արժէքաւոր, ու չկայ յատուկ տարանջատում, քանի որ խօսքը ամբողջական միասնական դարաւոր մշակոյթի ներկայացման եւ պահպանման մասին է:

Նշենք, որ 2011-ին սկսած է Ջերմուկի եւ Սիսիանի մէջ հայկական ժայռապատկերներու հետազօտութեան հայ-գերմանական միացեալ ծրագիրը, զոր կը ղեկավարէ Սաքսոնիա-Անհալթ երկրամասէն փրոֆեսէօր Եարալտ Մելլըրը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը:

Հնդիկ Բեմադրիչը Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Մարդկութեան
Պատմութեան Ամէնէն
Ամօթալի
Էջերէն Մէկը Կը Համարէ

Բազմաթիւ շարժապատկերներու հեղինակ, հնդիկ բեմադրիչ, բեմագիր, դերասան եւ արտադրող Շեխար Քափուր կը շարունակէ իր ստեղծագործական պոռթկումները: Անոր վերջին թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն է. «Ան գիտէ, թէ իրեն դժուարութիւններ կը սպասեն», հնդկական «ՆիուզթրաքԻնտիա» եւ «ԶինիուզԻնտիա» պարբերականները նման նախաբանով մը սկսած են հնդիկ բեմադրիչին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին շարժապատկեր մը բեմադրելուն մասին իրենց յօդուածները: Շարժապատկերը նուիրուած պիտի ըլլայ օսմանեան թուրքերու կողմէ հայոց բնաջնջումին:

Լրատուամիջոցները այնուհետեւ կը մէջբերեն Քափուրի` «Twitter Blog»-ին վրայ վերջերս կատարած գրառումը, թէ ան կը պատրաստուի Երեւան այցելելու` դէպքերուն մասին նիւթեր հաւաքելու նպատակով: «Հայոց ցեղասպանիւթիւնը աշխարհի պատմութեան մէկ մասն է` ամէնէն ամօթալի էջերէն: Շարժապատկերը նկարահանելու գաղափարը մէջս ծագած է յայտնի «Մոթոր սայքըլ տայըրիզ» շարժապատկերի բեմագիրին կողմէ ինծի ուղարկուած մէկ այլ բեմագրութիւն մը կարդալու ընթացքին: Սակայն ժապաւէնի նկարահանումները պիտի չսկսին մինչեւ գալիք տարի», այս մասին յայտնած է Քափուր:

Լրատուամիջոցները կը շեշտեն նաեւ, որ «սովորական թուրքեր»-ը, օրինակ` Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Օրհան Փամուք, կը հետապնդուին եւ կը յայտնուին թրքական կառավարութեան «սեւ ցանկ»-ին վրայ` Ցեղասպանութեան մասին բացայայտ յայտարարութիւններ ընելուն համար: Անոնք հարց կը բարձրացնեն` արդեօք Քափուր կը վախնա՞յ նման իրավիճակի մէջ յայտնուելէն:

Իսկ Քափուր այս առնչութեամբ շեշտած է, որ թրքական հասարակութեան մէջ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են վերջերս, եւ որ նոր սերունդը կ՛ըսէ` ինչո՞ւ չենք կրնար ընդունիլ այն, ինչ որ պատահած է:

«Հասարակութիւն մը, որ դասեր չի քաղեր իր անցեալէն, դատապարտուած է կրկնելու նոյն սխալները: Իբրեւ շարժապատկերի բեմադրիչի` պատմութիւնը ինծի համար գիտաերեւակայական է: Ես կրնամ ամբողջ աշխարհ մը ստեղծել անով», աւելցուցած է հնդիկ բեմադրիչը:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Երաժշտական
Գրադարաններու
Միջազգային Գիտաժողով

Հայ տպագրութեան 500-ամեակին եւ Երեւանը` գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակման ծիրին մէջ  Հայկական գրադարանային միութիւնը, Երաժշտագիտական եւ Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանները, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, կազմակերպած են «Երաժշտութիւնը եւ երաժշտական գրադարանները 21-րդ դարուն» խորագիրով գիտաժողովը` նուիրուած Սայաթ Նովայի 300-ամեակին: Գիտաժողովը  տեղի ունեցաւ 1-3 նոյեմբերին, Երեւանի Խնկօ Ապոր  անուան գրադարանին մէջ:

Յատկանշական է, որ այս տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն 18-րդ դարու հայ մեծանուն բանաստեղծ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակը ընդգրկած է հռչակաւոր մարդոց եւ տարուան  կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն ցանկին վրայ:

Գիտաժողովը  նպատակ ունի հասարակութիւնը վերադարձնել իր հոգեւոր արմատներուն, նպաստել  երաժշտական գրադարաններու զարգացման, ազգային  երաժշտութեան դերի բարձրացման եւ երաժշտական արժէքներու  հանրահռչակման, հայ երաժշտական մշակոյթի քարոզչութեան, ինչպէս նաեւ`  նոր սերունդի ստեղծագործական ներուժի  բացայայտման: Միջազգային երեւանեան հաւաքին մասնակցեցան  տարբեր երկիրներէ երաժիշտներ, յայտնի  արուեստագէտներ  եւ մտաւորականներ:

Համաժողովին ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ Սայաթ Նովայի եւ անոր ստեղծագործական ժառանգութեան նուիրուած շարք մը հանդիսութիւններ:

Շարժանկարների «Ռէանիմանիա» Փառատօնը
Անգամ
Մը Եւս Երեւանի Մէջ

4-9 նոյեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Ռէանիմանիա» միջազգային 4-րդ  շարժապատկերի փառատօնը, որուն ծիրին մէջ ցուցադրուեցան աւելի քան 40 երկիրներէ 400 ժապաւէններ: Յայտնենք, որ փառատօնին մուտքը եղած է անվճար:

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահի կարմիր դահլիճին մէջ: Նոյն օրը ցուցադրուած են ֆրանսական «Նկար» շարժանկարը:

Այս ծիրին մէջ Հայաստանի մօտաւորապէս 11 շարժապատկերի սրահներու մէջ կազմակերպուած են շարժանկարներու ցուցադրութիւններ:

«Ցուցադրուող ժապաւէններուն մեծ մասը միջազգային շուկայի մէջ դեռ չէ ներկայացուած: Մենք անոնք ստացանք եւրոպական տարբեր փառատօններէ. ուստի Հայաստանի բնակչութիւնը իւրօրինակ կարելիութիւն ունեցաւ այդ ժապաւէնները դիտելու աւելի կանուխ` քան ամերիկայի շարժապատկերի սիրահարները», յայտնած է Լուսինէ Գասարճեան: Ան նաեւ դիտել տուած է, որ փառատօնին ընթացքին ցուցադրուեցան տարբեր նիւթերով ժապաւէններ, ինչպէս նաեւ «Խնկօ Ապոր» գրադարանին մէջ` մանկական ժապաւէններ:

«Ժապաւէններ ցուցադրուեցան նաեւ Սիրահարներու զբօսայգիին մէջ. յատուկ արհեստագիտութեան ճամբով կրնանք ջեռուցել 60-100 հոգինոց դահլիճ, ուստի զբօսայգիի ամառնային աշխուժութիւնը կը շարունակուի նաեւ` ուշ աշնան», աւելցուցած է Վ. Քասունի:

Նոյեմբեր 5-ին նաեւ տեղի ունեցած է ծրագիր մը` նուիրուած ռուսական գծանկարային շարժանկարի 100-ամեակին: Հոն ներկայացուած են լաւագոյն ռուսական շարժանկարները, որոնք պատրաստուած են «Սուզտալ» ընկերութեան հետ համադրաբար:

Նշենք, որ փառատօնի կայացման նախորդ 3 տարիներուն ընթացքին «մասթըր քլաս»-ներու մասնակցած են 175 երիտասարդներ, անոնցմէ 11-ը Շթութկարտի մէջ մասնակցած է Ռոպըրթ Պոշխի գծանկարային շարժանկարի փառատօնին: Իսկ անոնցմէ մէկը` Լեւոն Պետրոսեան, բրիտանական շարժանկարի հիմնարկին մէջ ուսումը շարունակելու կարելիութիւն ստացած է:

Արցախի Մէջ Ինքնաշարժներ Կ՛արտադրուին

Արցախի մէջ առաջին անգամ ըլլալով սկսած են ինքնաշարժներու կազմութեան եւ արտադրութեան. այս առաքելութիւնը ստանձնած է «ԱԿԱՅ 27-18» ընկերութիւնը: Այս օրերուն վարչապետ Արա Յարութիւնեան այցելած է ընկերութիւն եւ ծանօթացած` կատարուող աշխատանքներուն: Այս մասին յայտնած է Արցախի հանրային պատկերասփիւռի կայանը:

«Կամազ» մակնիշի ինքնաշարժներու սարքաւորումները կը բերուին Ռուսիայէն, որմէ ետք ինքնաշարժներուն կազմութիւնը կը կատարուի ընկերութեան մէջ:

Ընկերութեան ղեկավար Արթուր Բաբուրեանի համաձայն, այդպիսով նիւթական հսկայական խնայողութիւն կը կատարուի. եթէ ինքնաշարժը կ՛արժէ մօտաւորապէս 80 հազար տոլար, ապա սարքաւորումները ներածելը եւ ինքնաշարժը Արցախի մէջ կազմելը` մօտաւորապէս 55 հազար տոլար:

Ներկայիս ընկերութեան մէջ կը պատրաստուի ձիւնի մաքրութեան ինքնաշարժ մը, իսկ 10 օրէն պատրաստ պիտի ըլլայ նաեւ աղբատար ինքնաշարժ մը, որմէ ետք ընկերութիւնը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ ձիւնի մաքրութեան համար նախատեսուած 2 ինքնաշարժի շինութեան: Վերջիններս ձմրան պիտի օգտագործուին Ստեփանակերտ-Բերձոր ճանապարհահատուածի եւ Ստեփանակերտի դժուարանցանելի փողոցներուն համար:

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց
«
Կիլիկեան» Դպրոց

Հոկտեմբեր 22-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց 3 շաբաթ առաջ Հայաստանի մէջ բացուած սուրիական կրթական ծրագիրով դասաւանդուող «Կիլիկեան» դպրոց: Մինչեւ ուսումնական գործընթացին ծանօթանալը` նախարարը խորհրդակցութիւն ունեցաւ դպրոցի տնօրէնութեան, Երեւանի քաղաքապետութեան մասնագէտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ` Կիլիկեան բարեսիրական միութեան ղեկավարներուն մասնակցութեամբ: Ներկաները նախարարին տեղեկացուցին, որ  ապահոված են բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, որպէսզի փոքրիկները կատարեն իրենց դասերը վերանորոգուած դասարաններու մէջ, մարզանքի պահերը կայանան կահաւորուած մարզադահլիճի մէջ, իսկ Սոֆի Դեւոյեանին շնորհիւ` աշակերտները անվճար կը յաճախեն պարի դասընթացքներու: Ներկայիս դպրոց կը յաճախեն 1-9-րդ դասարանի 265 աշակերտներ, այս յատուկ ծրագիրը կը դասաւանդեն Սուրիայէն Հայաստան եկած ուսուցիչներ, արդէն իսկ բազմացուած եւ աշակերտներուն տրուած համապատասխան դասագիրքերով:

Նախարար Հ. Յակոբեան հետաքրքրուած է դասաւանդման եւ ուսման մակարդակով` կարեւոր համարելով անթերի դասընթացքներու իրագործումը եւ աշակերտներուն` ուսման նկատմամբ տրամադրուածութիւնը: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք փորձեցին օգտակար ըլլալ այս նախաձեռնութեան: Մեր ուսուցչուհիները այսօր հերոսական եւ նուիրեալ աշխատանք կ՛իրագործեն, որպէսզի ոչ մէկ աշակերտ խորթութիւն չզգայ: Բնականաբար մենք չէինք կրնար անտեսել սուրիահայերուն փափաքը` ունենալ սուրիական ծրագիրով դպրոց, որուն բացումը առաջին հերթին Հայաստանի նախագահի քաղաքական կամքին դրսեւորումն էր: Եւ երբ կարգաւորուի իրավիճակը Սուրիոյ մէջ, մեր հայրենակիցները որոշած են վերադառնալ. Ուստի, փոքրիկները որեւէ դժուարութիւն կամ ուսումնական բացթողում պիտի չունենան` շնորհիւ անոնց համար կազմակերպուած այս դպրոցին», նշած է սփիւռքի նախարարը:

Այնուհետեւ նախարարը շրջած է դասարանները, զրուցած է աշակերտութեան հետ, լսած է անոնց տպաւորութիւնները հայաստանեան կեանքին, ժամանցին եւ կենսակերպին վերաբերող, ինչպէս նաեւ ծանօթացած է անոնց ընտանիքները յուզող տարաբնոյթ հարցերուն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES