Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած Է Վերապրող Ընտանիքի Զաւակ` Ս. Չերքեզեանի Գիրքը

Պոլսոյ «Պելկէ» հրատարակչութիւնը հրատարակած է Սարգիս Չերքեզեանի «Աշխարհը կը հերիքէ բոլորիս» գիրքը: Չերքեզեանը ծնած է 1916 թուականի 15 մայիսին, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքի մէջ: Սարգիս ծնած է սուրիական անապատին մէջ, ուղտի ախոռի մը մէջ: «Սի. Էն. Էն. Թուրք»-ին համաձայն, գիրքին մէջ տեղ գտած պատմութիւնը կ՛անդրադառնա՛յ 20-րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:

Թրքական պատկերասփիւռի կայանը մէջբերած է «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիպումին ընթացքին ընթերցողներուն արտայայտած հետեւեալ միտքերը. «Սարգիս Չերքեզեանը մեծապէս զգացած է հայ ազգի եւ ընտանիքին կրած ցաւերը, ու մանկական միամտութիւնը չկորսնցուցած` յարգուած համայնավար էր: Ան ամբողջ կեանքին ընթացքին աշխատած է Թուրքիոյ համայնավարական շարժման կարեւոր մասը հանդիսացող Համայնավար կուսակցութեան կարեւոր օղակներուն մէջ»:

«Սարգիս Չերքեզեան նուիրեալ կեանք ապրած է` գաղթի տարիներ, Սուրիոյ անապատներ, վերադարձ Քարաման, Էրելի եւ Պոլիս»:

«Ուստա Սարգիսը ատաղձագործ էր, կեանքի վարպետ, ուսուցիչ, գիտակ, գիրքին մէջ անոր բացատրածը հասարակական հաւասարութեան եւ եղբայրութեան համար ներդաշնակ, անխոնջ պայքարի պատմութիւն է»:

«Ան միեւնոյն ժամանակ կը բացատրէ նաեւ ապրողներուն պատմութիւնը, անոր պատմածին մէջ պատմութիւնը կանգը, չառներ, այլ կը շարունակուի»:

 

Share this Article
CATEGORIES