Խմբագրական Հայրենիքի. Բարեկամութեա՞ն, Թէ՞… Ամօթի Զբօսայգի

«Ի՞նչ է կապը Մահաթմա Կանտիի, Մարթին Լութըր Քինկի, Ապրահամ Լինքըլնի եւ Յայտար Ալիեւի» հանելուկը կռահելը անհնար է: Աշխարհի չորս ծագերուն ալ դժուար է կապ մը գտնել այս չորս անձնաւորութիւններուն միջեւ: Այդ տիպարներու ետին կանգնող երկիրներու բնակիչներն անգամ պիտի չկարենան լուծել հանելուկը` ո՛չ հնդիկը, ո՛չ ամերկացին ո՛չ ալ… ազերին:

Նոյնիսկ Մեքսիքայի մայրաքաղաքի եւ, աւելի՛ն, հանրածանօթ Փոլանկօ զբօսայգիին մօտակայ տեղացիին համար ալ որոշ ժամանակաշրջան մը այս հարցում-հանելուկին պատասխանը դժուար պիտի ըլլայ կռահելը:

Յաւելեալ բացատրութեան համար կարճ պարզաբանութիւն մը տեղին է` ընթերցողին յաւելեալ ուղղութիւն տալու եւ դիւրացնելու համար: Արդարեւ, ազթեքներու երկրի մայրաքաղաքի այդ հանրածանօթ «Բարեկամութեան զբօսայգի»-ին մէջ տեղադրուած են վերոյիշեալ չորս անձնաւորութիւններուն արձանները: Հոս տեղին է աւելցնել, թէ վերոյիշեալ չորսէն ամէնէն աւելի նորեկ  բնակիչն է պրոնզաձոյլ Հայտար Ալիեւի հսկայ արձանը:

Թէ ինչպէ՞ս պատահած է, որ այս «հերոս»-ը բնակութիւն հաստատէ այդ զբօսայգիին մէջ, հետաքրքրական է փնտռտուքներ կատարել եւ իսկական պատճառները յայտնաբերել: Անշուշտ, Ազրպէյճանի վարած քաղաքականութեան քաջատեղեակ ընթերցողը, շուտով կրնայ եզրակացնել, թէ տարիներ շարունակ, Խորհրդային Միութեան օրերուն բռնատիրական գործունէութիւն ունեցած եւ տեղւոյն գաղտնի սպասարկութեան` Քա. Կէ. Պէ.-ն ղեկավարած, նաեւ բազմիցս մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու կողմէ մեղադրուած եւ

տեղեկագիրներու մէջ նշուած հայր Ալիեւի ներկայութիւնը կամ բնակութիւնը այդ «բարեկամութիւն, ազատութիւն եւ անմեղութիւն» բուրող զբօսայգի-բնակավայրէն ներս, համեմատած միւս բնակիչներուն, բաւական մը ծախսալի եղած է: Սակայն, ի վերջոյ, Մեքսիքայի հիւսիսի դրացիները հռչակաւոր խօսք մը ունին, թէ «Դրամն է, որ աշխարհ կը դարձնէ»: Վստահաբար կարգ մը տեղացի պատասխանատուներ այդ խաղին զոհը գացած են, ինչպէս որ շաբաթներ առաջ այլ երկրի մը` Հունգարիոյ պատասխանատուները կատարեցին` նիւթականին համար զոհելով բարոյականը…եւ ազատ արձակեցին մարդասպան ազերի սպայ Սաֆարովը:

Մեքսիքոյի մէջ կատարուածը կը տարբերի Պուտափեշթի մէջ պատահածէն, նկատի ունենալով թէ՛ վայրը եւ թէ՛ նպատակը: Արդարեւ, ազթեքներու հեռաւոր  երկրին մէջ չկայ ազերի շօշափելի գաղութ, ո՛չ ալ ազդեցիկ ներկայութիւն, այլ պարզապէս` Պաքուի կողմէ արտաքին քաղաքականութեան ոտնձգութիւն:

Արձանի բացման հանդիսութենէն ի վեր մեքսիքացիք սկսած են գիտակցիլ, թէ ճիշդ ի՛նչ պատճառներով կովկասեան շրջանէն «հերոս»-ի մը տիպարը ժամանած եւ բնակութիւն հաստատած է: Աւելի՛ն. վերոյիշեալ հանելուկին փոխարէն, թէ՛ մեքսիքացիին եւ թէ՛ առ հասարակ ոեւէ բնակիչի համար շատ աւելի դիւրին է շրջանցել հանելուկը եւ հարցադրել, թէ վերոյիշեալ չորս քաղաքական դէմքերէն ո՞ր մէկը կարելի է առանձնացնել… Պատասխան` յաչս ազատութեան համար պայքարած Լութըր Քինկի, Լինքըլնի եւ Կանտիի… մարդասպան Յայտար Ալիեւ:

 

Share this Article
CATEGORIES