Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Կազմակերպութեամբ Բնապահպանման Շաբաթ` «Զերօ Աղբ» Նշանաբանով

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթը հռչակեց բնապահպանման շաբաթ եւ այս առիթով կատարեց շարք մը նախաձեռնութիւններ` գործակցութեամբ YMCA-ի (Youth Men’s Christian Association), կենսոլորտի հարցերու ուսումնասիրութեան MECTAT կեդրոնին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքին եւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան: Նախաձեռնութեան իրենց աջակցութիւնը բերին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը եւ «Էքզոթիքա» հաստատութիւնը:

Բնապահպանման շաբթուան նախաձեռնութիւնը ընդգրկեց դասախօսական հանդիպումներ, տեսերիզներու ցուցադրութիւններ, մրցանքներ եւ կանաչապատումի աշխատանքներ:

Տնօրէնութեան դիմումին ընդառաջելով` շաբթուան ընթացքին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նոր բոյսերով եւ ծաղիկներով կանաչապատեց քոլեճին աշակերտական բակը եւ դասարաններու լուսամուտները: Քաղաքապետարանը նաեւ ջրամատակարարման յատուկ դրութիւն մը ստեղծեց քոլեճին բոյսերը մեքենականօրէն ջրելու համար:

Լիբանանեան հանրծանօթ «Էքզոթիքա» հաստատութիւնը 12 եղեւիններ տրամադրեց քոլեճին 12 դասարաններուն, մինչեւ Նոր տարի լաւագոյն ձեւով խնամուած եղեւինը ընտրելու եւ համապատասխան դասարանը մրցանակով մը պարգեւատրելու համար:

YMCA կազմակերպութիւնը քոլեճին միջնակարգի աշակերտութեան համար կազմակերպեց մրցանք մը` բնապահպանման նիւթերու շուրջ: Երկու հանգրուանով կատարուած մրցանքին արդիւնքներուն լոյսին տակ, կազմակերպութիւնը ընտրեց բնապահպանման ամէնէն աւելի հոգ տանող դասարանը, որ արժանացաւ կազմակերպութեան յատուկ գնահատագիրին:

Դասախօսական հանդիպումները ունեցան մասնագիտական բնոյթ.

– YMCA-ի կողմէ Ժոէլ Սլէյման եւ Սառա Տանիէլ եօթներորդ դասարանի աշակերտութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին բացատրեցին, թէ ինչպէ՛ս մեր առօրեայ սովորութիւններուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելով` կը նպաստենք բնութեան պահպանման: Զրոյցէն առաջ աշակերտները դիտեցին «Տուն» («Հոմ») տեսերիզը, որ կը ծանօթացնէր մեր երկրագունդը եւ անոր սպառնացող կենսոլորտային հարցերը:

– Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բնապահպանման առողջութեան բաժանմունքէն Սառա Շըհայթօ ութերորդ դասարանի աշակերտութեան ներկայացուց` ինչպէ՞ս ուտելիքները զերծ պահել միջավայրի ապականումէն նիւթը:

– Կենսոլորտի նախարարութեան ներկայացուցիչ Վահագն Գապագեան իններորդ դասարաններու աշակերտութեան խօսեցաւ կլիմայական պայմաններու փոփոխութիւններուն եւ այդ գծով մեր ունեցած պատասխանատուութեան մասին:

– «Կենսոլորտ եւ զարգացում» («Պիա ուա թանմիա») թերթի խմբագրութեան անդամ եւ կենսոլորտի հարցերու ուսումնասիրութեան MECTAT կեդրոնի տնօրէն Պօղոս Ղուկասեան երկրորդականի աշակերտութեան ներկայացուց ուժանիւթի վերարտադրութեան կարեւորութիւնը եւ վերարտադրութեան ձեւերը: Անոր ներկայացումին ընկերացաւ «Ջուր եւ անապատ» տեսերիզին ցուցադրութիւնը:

Բնապահպանման շաբթուան վերջին օրը` ուրբաթ, 9 նոյեմբերը յայտարարուեցաւ «Կանաչ օր»: Այդ օր քոլեճին Աշակերտական խորհուրդը կանաչ խնձորներ բաժնեց աշակերտութեան, նաեւ` կանաչ օշարակներ եւ կարկանդակներ վաճառեց զբօսանքներուն: Քոլեճին մուտքը զարդարուեցաւ ծաղիկներու կամարով, իսկ անցքերն ու դասարանները` բնապահպանման նշանախօսքերով:

Նոյն օրը, կէսօրին, տեղի ունեցաւ աշակերտական եզրափակիչ ձեռնարկը, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր դասարանէ աշակերտ մը ներկայացուց շաբթուան ընթացքին իր դասարանին փոխանցուած դասախօսական նիւթին հիմնական գիտելիքները: Ութերորդ դասարանը ցուցադրեց այս առիթով պատրաստած իր կարճ տեսերիզը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ այլ տեսերիզ մը («Կանաչ փոփոխութիւնը»)` արաբական աշխարհին սպառնացող կլիմայական այսօրուան վտանգներուն մասին:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բնապահպանման շաբթուան նպաստած ազգային եւ լիբանանեան բոլոր հաստատութիւններուն: Ան մաղթեց, որ «Զերօ աղբ»-ը աշակերտութեան համար սոսկ նշանախօսք չըլլայ, այլ վերածուի կեանքի սկզբունքի, որպէսզի ապրինք ու մեծնանք մարդկօրէն առողջ միջավայրի մը մէջ:

Խօսք առաւ նաեւ հիւրաբար ձեռնարկին գտնուող YMCA կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Ժոէլ Սլէյման: Ան շնորհաւորեց Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը իր նախաձեռնութեան համար եւ դրուատեց կազմակերպութեան հետ տնօրէնութեան մշակած գործակցութիւնը: Այս առիթով Սլէյման հրամցուց նաեւ անակնկալ մը, երբ հրաւիրեց կազմակերպութեան մրցանքին մասնակցած դասարաններու ներկայացուցիչները եւ անոնցմէ խնդրեց ստորագրել Լիբանանի քարտէսին մանրակերտին վրայ, իբրեւ հրապարակային յանձնառութեան արտայայտութիւն` տէր ու պահապան ըլլալու Լիբանանի բնութեան եւ կենսոլորտին: Ապա ան մանրակերտը նուիրեց քոլեճին մրցանակակիր դասարանին:

Աշակերտական ձեռնարկը վերջ գտաւ մեծ խանդավառութեամբ, աշակերտներուն փոխանցելով անմիջական ու գործնական շարք մը հնարներ` «Զերօ աղբ»-ի ցանկալի հանգրուանին հասնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES