Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Վաւերագրական Տեղեկահաւաքի Ծիրին Մէջ. Հայու Ինքնութեան Կամրջումի Ու Բնօրրանի Վերակազմութեան Լուրջ Փորձ Մը` «Կիլիկոյ Հայերը» Գիրքը

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2012-ին Լիբանանի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ «Կիլիկիոյ հայերը» խորագրեալ ֆրանսերէն գիրքը: Առաջին անգամը  չէ, որ  հայր Սելիմ Ապուի ղեկավարութեամբ գործող  այս հրատարակչատունէն հայութեան մասին գիրք լոյս կը տեսնէ: 2010-ին նոյնպէս լոյս տեսած էր «Հայերը. ապաստանարանի մը փնտռտուքը» խորագրեալ ֆրանսերէն գիրքին  արաբերէն թարգմանութիւնը  (արաբերէնի երկարամեայ դասատու եւ հմուտ թարգմանիչ`  Ժոզեֆ Գալուստեանի կողմէ) եւ այլ նման հրատարակութիւններ: 170 էջերէ բաղկացած սեւ ու ճերմակ նկարներով հարստացած այս գիրքը արգասիքն է հինգ հայ մտաւորականներու` տոքթ. Վահէ Թաշճեանի, փրոֆ. Ռեմոն Յարութիւն Գէորգեանի, փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեանի ու բանասէրներ Միշել Փապուճեանի եւ Միհրան Մինասեանի նկարներու եւ յուշագրութեանց հաւաքածոներու  տքնաջան պրպտումներուն:

Հայաշխարհի մօտիկ անցեալի պատմութեան յուշագրութեանց հաւաքածոն ընդգրկող գիրք մըն է «Կիլիկիոյ հայերը» խորագրեալ  հաւաքական այս աշխատասիրութիւնը: Անհատական նկարներու եւ մենագրութեանց ընդմէջէն հայու մօտիկ անցեալի ապրելակերպն ու աւանդութիւնները ցոլացնող ինքնութեան ու բնօրրանի վերակազմութեան ճիգ մը, ինչպէս նշուած է նախաբանին մէջ: Հոն շնորհակալութիւն կը յայտնուի  գիրքին հրատարակութեան նպաստողներուն, յատկապէս` Սեն Ժոզեֆ համալսարանի համանուն Արեւելեան գրադարանին, Փարիզի  «Նուպար»  գրադարանին,  Հալէպի «Վիոլեթ  Ճեպեճեան» գրադարանին ինչպէս նաեւ` բանասէրներ Միշել Փապուճեանին (Ֆրանսա)  եւ  հալէպահայ թարգմանիչ Միհրան Մինասեանին` իրենց անձնական հաւաքածոներու տրամադրութեան համար: Նախաբանին մէջ նաեւ հակիրճ կերպով նշուած են գիրքի բովանդակութեան գլխաւոր եօթը ենթաբաժինները, զորս նշեալ հինգ ակադեմականները ուսումնասիրած են: Գիրքը կը սկսի Գէորգ Ա. Սարաֆեանի աշխատասիրութեամբ ու խմբագրութեամբ 1953-ին Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած «Պատմութիւն Այնթէպի հայոց» խորագրեալ գիրքին կողքի պատկերով: Ապա «Յուշամատեան» կայքէջի (Օսմանեան հայերու բնաշխարհը վերականգնելու ծրագիր) գլխաւոր խմբագիր` ակադեմական տոքթ. Վահէ Թաշճեան երկու անջատ  ուսումնասիրութիւններով` «Վերակազմել կորուսեալ հողը» (RECONSTITUER LE TERRITOIRE PERDU) եւ «Կիլիկիոյ հայը» (L՛ARMÉNIEN DE CILICIE)

Վահէ Թաշճեան

Կ՛անդրադառնայ յետ-եղեռնեան շրջանին,  յատկապէս` 1930-էն ետք լոյս տեսած մենագրութեանց եւ յուշագրութեանց: Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներու հազուագիւտ նկարներու եւ յուշագրութեանց վերլուծումով Թաշճեան կը փորձէ վերակազմել հայու երբեմնի բնօրրանին մէկ կարեւոր տարածքը, Կիլիկիոյ ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը` աշխարհագրական, ազգային աւանդութեանց թէ մարդագրական առումով: Նախկին լիբանանահայ այժմ`  գերմանահայ մտաւորական տոքթ. Թաշճեան կը փորձէ վերակենդանացնել կիլիկեցի հայու տիպարը, անոր ապրելակերպը, աշխարհահայեացքը, աւանդութիւնները եւ առհասարակ Կիլիկեցի հայերու հաւաքական ֆոլքլորը` մեկնած զայն տարբաղադրող հայկական զանազան գաւառներու երբեմնի իրավիճակի մասին յուշագրութիւններէն:  Նշենք, որ նշեալ «Յուշամատեան» կայքէջին խմբագրութիւնը ներկայիս լծուած է  «Օսմանեան հայեր, Ա. հատոր. կեանք, մշակոյթ, ընկերութիւն»  (Ottoman Armenians, Vol. 1: Life, Culture, Society) խորագրեալ  գիրքի հրատարակութեան:

Իր կարգին  Փարիզի «Նուպար»  գրատան պատասխանատու, պատմաբան Ռեմոն Յ. Գէորգեան, 21 եւ 9 էջերէ բաղկացած երկու  անջատ ուսումնասիրութիւններով` «Կիլիկիան» եւ «Կրթական Սկզբունքը Կիլիկիոյ Մէջ»,  կ՛անդրադառնայ Կիլիկիոյ աշխարհագրական տարածքին ու անոր ընդգրկած հայկական շրջաններու` Ատանայի, Սիսի, Մարաշի, Ուրֆայի, Քիլիսի, Զէյթունի, Հաճընի, Այնթէպի, Մալաթիոյ, Եոզկաթի, Չորք Մարզպանի (Տէօրթ Եոլ), Քեսապի, Պէյլանի, Անտիոքի, Ալեքսանտրեթի եւ այլ գաւառներու նախաեղեռնեան իրավիճակին: Գունաւոր թէ պարզ նկարներով, վաւերական հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով  ան կը փորձէ վերակենդանացնել կիլիկեցիներու հաւաքական յիշողութիւնը, պատմական աւանդը: Հոն  ուշագրաւ է Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ հրապարակուած վիճակագրական տախտակը` հայկական եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ բնակչութեան թուապատկերին մասին: Փրոֆ. Գէորգեան կը փորձէ  լուսարձակի տակ առնել նախա-եղեռնեան շրջանին Կիլիկիոյ հայերուն դէմ ցցուած գլխաւոր հիմնահարցը` ինքնութեան մարտահրաւէրը:

Իսկ լիբանանահայ ակադեմական, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի նախապատմական  թանգարանի տնօրէն, մտաւորական, փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեան աւելի քան երեսուն էջերու մէջ կ՛անդրադառնայ հայոց երբեմնի Ռուբինեան հարստութեան մայրաքաղաքներէն ու կաթողիկոսանիստ քաղաքներէն` Սիսի (այժմ` Գոզան) յատկապէս` անոր կաթողիկոսանիստ մայրավանքին: Գիտաշխատող, տոքթ. Նորտիկեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Սիսի սրբավայրերը, յիշարժան վայրերը`  կեդրոնանալով  Սիսի մայրավանքին վրայ, փորձելով վերակենդանացնել անոր երբեմնի հայաբոյր յիշատակը: Գիրքի նախավերջին գլուխով ֆրանսահայ մտաւորական Միշել Փապուճեան շուրջ քսան էջերու մէջ  «Եզակի Զէյթունը» (ZEYTOUN LA SINGULIÈRE ) խորագրով կ՛անդրադառնայ Զէյթունի (այժմ` Սուլէյմանլի)  պատմական ու յատկապէս նախաեղեռնեան փուլին: 1860-ին ու ապա`

1862-ին Զէյթունի զոյգ  ապստամբութեանց  պատճառով տարի մը ետք (1863-ին) Մարաշ գործուղուած ֆրանսական քննիչ պատուիրակութեան անդամ` Մ. Ռոպերի պատրաստած խիստ շահեկան տեղեկագրէն հիմնաւորեալ տեղեկութիւններով փրոֆ. Փապուճեան կը պարզէ զէյթունցիներու ապստամբ ոգին, իր ինքնութեան պահպանման նախանձախնդիր հայու դիմագրաւած  օրհասական պայմանները կանխած  իրավիճակը:

Միհրան Մինասեան

Վերջին բաժինով հալէպահայ բանասէր Միհրան Մինասեան  իր  հաւաքած  պատկերներու անձնական հաւաքածոյէն կը պարզէ Այնթէպի նկարներու համառօտ ակնարկ մը: Ան կը թուէ այս գծով  նախապէս Կիլիկիոյ հայոց մասին պատկերներ հրապարակած հեղինակները, որոնք առաւելաբար հիմնուած են Տիքինսըն  Ճենքինզ Միլըրի հրատարակած հայկական լուսանկարչութեան  յատկացուած գիրքին վրայ  (The Craftsman՛s Art: Armenians and the Growth of Photography in the Near East (1856-1981), AUB): Կը թուի, թէ Կիլիկիոյ հայոց յատկացուած նկարչութիւնը կամ պատկերները ցարդ լուրջ ու սպառիչ  ուսումնասիրութեան  չեն  ենթարկուած  ու այս մէկը (ինչպէս կը հաստատէ սուրիական լրագրութեան թարգմանչութեան բաժինի մրցանակակիր Միհրան Մինասեան), թէկուզ իր ամփոփ ակնարկով առաջին  փորձն է այս ուղղութեամբ:

Արամ Ա. վեհափառին կողմէ 2012-ը գիրքի տարի հռչակման ու այս օրերուն Անթիլիասի մայրավանքին մէջ կայացող համահայկական գիրքերու 34-րդ ցուցահանդէսին զուգադիպող այս գիրքի հրատարակումը խիստ կարեւոր ներդրում է հայ պատմագրութեան համար, մէկէ աւելի իմաստներով:

«Կիլիկիոյ հայերը» խորագրեալ այս գիրքը կ՛ընդգրկէ  ներքին ու արտաքին մակարդակներով պատգամներ:

Ներքին, ներազգային առումով անիկա փորձ մըն է Կիլիկիոյ նախաեղեռնեան բնօրրանի պարզած իրավիճակի վերակազմութեան` մարդագրական, աշխարհագրական, տեղեկագրական իմաստով: Հաւաքական յիշողութեանց   հաւաքական  յուշագրութիւն  մըն է:

Շատ բան ըսուած ու գրուած է նախաԵղեռնեան հայութեան մասին, յատկապէս յետեղեռնեան յաջորդող կանուխ շրջաններուն: Հնատիպ այդ գիրքերը, որոնք կ՛ընդգրկեն հազուագիւտ նկարներ, մենագրութիւններ` բնիկ կիլիկեցիներու մասին, այս հրատարակումով  (գէթ իրենց բովանդակութեան գլխաւոր կէտերով) մատչելի կը դառնան  բոլորին, յատկապէս` նորահաս սերունդին, անկախ թէ որքա՛ն հին է անոնց հրատարակութեան թուականը:

Յետեղեռնեան շրջանին ու մինչեւ օրս թուրքերու կողմէ շատ բան փոխուած է նշեալ շրջաններու իրավիճակին մէջ: Այս գիրքը լուսարձակի տակ կ՛առնէ  փոխուած տեղանունները, ինչպէս` Սիսը, որ այժմ վերածուած է «Գոզան»ի, Զէյթունը` «Սուլէյմանլի»-ի, Վահական` «Ֆեքքէ»-ի եւ այլն:

Աշխարհասփիւռ հայ գաղթաշխարհին  մօտ հետզհետէ  շեշտուող տեղայնացման երեւոյթով  առաւել եւս կ՛աղաւաղուի ու կը վտանգուի հայու իսկական տիպարի, աւանդութեանց,  ինքնութեան, աւանդաբար սերունդէ սերունդ փոխանցուող  նկարագիրը: Այս գիրքը կու գայ  վերյիշեցնելու հայու իւրայատուկ ինքնութիւնը, պապենական հայաշունչ խառնուածքը, որ պէտք չէ խաթարել ու աղաւաղել: Այլ խօսքով` հայակերտումի առաքելութեան  անուղղակի վերակոչ մըն է:

Այսօր, իւրաքանչիւր հայ տան մէջ վստահաբար Եղեռնի զոհուած նահատակ կամ նահատակներ եւ անհետ կորսուածներ կան, որոնց ճակատագրին մասին ոչինչ գիտենք: Երբեմն պատահական զուգադիպութեամբ, հայու բեկորներ կը վերամիանան: Այս գիրքը կու գայ իբրեւ որոշ սկզբնաղբիւր ծառայելու` կորուսեալ այդ բեկորներու հետքերու պրպտման աշխատանքը շարունակելու ծիրին մէջ:

Հայոց արդի պատմագրութեան առումով  որոշ «բացթողում» մը կայ Եղեռնի օրհասական  պայմաններուն եւ անոնց յաջորդած իրադարձութիւններուն մասին: Այս գիրքը այդ իմաստով եւս կրնայ նպատակայարմար ըլլալ` իբրեւ նախանիւթ կամ «հում» նիւթ:

Արտաքին իմաստով, «Կիլիկիոյ հայերը» խորագրեալ այս գիրքը իր լեզուական ոճի ու խմբագրական առարկայական ու հիմնաւորեալ տուեալներով, հարազատ լուսապատկերներով կրնայ իբրեւ նոր ապացոյց եւ աղբիւր ծառայել Կիլիկիոյ երբեմնի հայերու բնիկ տեղացի ըլլալու իրողութեան փաստարկման գծով: Իրողութիւն  մը, որ անհաւանական չէ, որ թուրքը օր մը հերքէ` ըսելով, թէ` «հոս երբեք հայեր չեն ապրած…»:

Նաեւ` այս գիրքի տեղեկութիւնները  կրնան իբրեւ աղբիւր (reference) օգտագործուիլ հայ թէ օտար ուսումնասիրողներու կամ պրպտողներու  (researchers) եւ պատմաբաններու կողմէ:

Արտաքին իմաստով, այս գիրքը նմանապէս կարեւոր ու վաւերական աղբիւր կրնայ նկատուիլ միջազգային ամպիոններէն հայկական  պահանջատիրութեան տեսակէտը կամ թեզը պաշտպանելու` ցոյց տալով Կիլիկիոյ  հայոց բնօրրանը ըլլալու իրողութիւնը պարզող տուեալներ: Ասիկա նաեւ անուղղակի խթան կրնայ նկատուիլ տակաւին թերահաւատ արտաքին կողմերուն` ճանչնալու հայոց  ցեղասպանութիւնը:

Որեւէ գրութիւն կամ առհասարակ մամուլին առնչուող որեւէ  հրատարակութիւն  հետաքրքրական ու կարեւոր կը նկատուի`  տուեալ նիւթի մը շուրջ իր բերած նորութիւններով ու կիրարկած ոճի առարկայական ու լուրջ մօտեցումով ու   նախանձախնդրութեամբ: Այս իմաստով, Սփիւռքահայ մտաւորականներու` տոքթ. Վահէ Թաշճեանի, փրոֆ. Լեւոն Նորտիկեանի եւ անոնց ընկերակից միւս մտաւորականներու  այս ազգօգուտ նախախաձեռնութիւնը շահեկան օրինակ մըն է նշեալ գրութեանց գծով: Վերջին հնգամեակին մէկէ աւելի միացեալ հրատարակութիւններ լոյս տեսան անոնց կողմէ, ի հարկին նաեւ այլ  բանասէր ակադեմականներու եւ մտաւորականներու կողքին,  ինչպէս` տոքթ. Այտա Պուճիգանեան,  գրագէտ Գրիգոր Պլըտեան եւ ուրիշներ:

Կը մնայ, որ այս եւ նման գիրքերը մատչելի դառնան ոչ միայն կիլիկեցի հայերուն, այլեւ`  համա՛յն հայութեան: Այս իմաստով, հետաքրքրական պիտի ըլլար, օրինակ, նման հրատարակութիւններ «աւետող» լրաբացիկի  (նիուզլեթըր-newsletter) դրութիւն ստեղծել աշխարհասփիւռ հայորդիներու միջեւ`  Հայկական լրատուական համացանցի  (Armenian News Network) սքանչելի քայլին  օրինակով: Մինչ այդ, առաջին  քայլին կարելի է նախաձեռնել` գնելով  «Կիլիկիոյ հայերը» գիրքը, որ  մատչելի գինով (20 ամ. տոլար)  տրամադրելի է, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի համանուն գրատունէն, ինչպէս նաեւ` մինչեւ 9 դեկտեմբեր երկարող Անթիլիասի մայրավանքի գիրքերու 34-րդ համահայկական ցուցահանդէսէն:

 

Share this Article
CATEGORIES