Յարութիւն Կալենցի Յետահայեաց Ցուցահանդէսի Բացում` Սուք Արուամի Մէջ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարներուն եւ գործակցաբար Կալենցի անուան տուն-թանգարանին ու Պէյրութի «Սոլիտեր»-ի «Սուք Արուամ»-ի «Տը Վենու» ցուցասրահին, երէկ` երեքշաբթի, 13 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Յարութիւն Կալենցի յետահայեաց ցուցահանդէսին:
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսին ներկայ էին մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, անոր ներկայացուցիչը` Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, արուեստագէտ Կալենցի զաւակները, Միրէյ Խանամիրեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, «Սոլիտեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Թոնի Տուէյհի, պետական, միութենական, քաղաքական թէ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայ թէ ոչ հայ արուեստասէր հոծ բազմութիւն մը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան անգլերէնով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկի իրականացման նպաստողներուն, յատկապէս` մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի, անոր ներկայացուցիչին` Միշել Տը Շատարեւեանին, Կալենցի զաւակներուն` Սարօ, Արմէն ու Լարիսա Կալենցներուն, «Սոլիտեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Թոնի Տուէյհիին:
«Մեծ հաճոյքով ու հպարտութեամբ այսօր բացուած կը յայտարարեմ 20-րդ դարու ամէնէն տաղանդաւոր գեղանկարիչներէն արուեստագէտ Յարութիւն Կալենցի 2-րդ ցուցահանդէսին: Անոր մահէն աւելի քան չորս տասնամեակներ ետք` 2010-ին, Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ անոր տուն-թանգարանը», ըսաւ դեսպան Քոչարեան` նշելով, որ Կալենց կանուխ` 1930-ական թուականներէն արդէն նուիրուած էր գեղանկարչութեան, սերտ կապեր ստեղծելով հայրենիքի հետ: «Ան դժուար ու դառն կեանք մը ապրեցաւ եւ հալածուեցաւ իր ազատատենչ համամարդկային մտածողութեան համար», եզրափակեց դեսպան Քոչարեան` խօսքը փոխանցելով մշակոյթի նախարարին:
Նախարար Կապի Լայեուն իր կարգին անդրադարձաւ անցնող ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստան կատարած իր այցելութեան: «Շրջագայելով Հայաստանի տեսարժան վայրերը, որոնց կարգին եւ` Կալենցի տուն-թանգարանը, զգացի, թէ որքան անտեղեակ եմ, մանաւանդ երբ իմացայ, որ Կալենց կեանքին որոշ մէկ շրջանը ապրած եւ ստեղծագործած է Լիբանանի մէջ», ըսաւ Լայեուն եւ աւելցուց. «Յարութիւն Կալենցի եւ իր նման շատերու ճամբով ծանօթացանք հայ ժողովուրդի արուեստին, որ յաւելեալ վարկ ու դրոշմ տուաւ լիբանանեան արուեստին»: Նախարար Լայեուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի դեսպանատան` նշելով, որ «այս ցուցահանդէսը առիթ մը պիտի ըլլայ շարունակելու մեր կապերը դեսպանատան եւ հայ արուեստասէր հասարակութեան հետ»: Նախարարը խոստացաւ լիբանանեան ու հայկական արուեստի միջազգային փառատօն մը կազմակերպել Այնճար հայաւանին մէջ:
Ապա խօսք առաւ «Սոլիտեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Թոնի Տուէյհի, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ու հպարտութեամբ առաջին անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ հայ արուեստագէտի մը ցուցահանդէսը: Այս առիթով Թոնի Տուէյհի շնորհաւորեց պատկան կողմերը, յատկապէս` Կալենցի ընտանեկան պարագաները, խոստանալով շարունակել այս գործակցութիւնը Հայաստանի դեսպանատան եւ առհասարակ արուեստասէր հայ շրջանակներուն հետ:
Այս առիթով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` վաղամեռիկ արուեստագէտին` Յարութիւն Կալենցի զաւակը` Սարօ Կալենց յայտնեց, որ իր հայրը խորապէս ազդուած է Ցեղասպանութեան արհաւիրքի տեսարաններէն ու պայմաններէն, սակայն իր մէջ «թաղած է» իր զգացումները:
Իսկ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով Կալենցի անունով ձեռնարկ մը կազմակերպելու մասին «Ազդակ»-ի հարցումին անդրադառնալով` Սարօ Կալենց ըսաւ. «Կալենց արուեստագէտին գոյութիւնն իսկ պատասխան է ցեղասպան թուրքին»: Իսկ հայ ժողովուրդին այս առիթով ըսելիք խօսքին մասին հարցապնդուելով Սարօ Կալենց ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը իմ ժողովուրդս է, եւ ես խորապէս կը հաղորդուիմ անոր ապրումներով»:
Յարութիւն Կալենց ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Կիւրին շրջանը` 1910-ին: Յուզումնալից պայմաններու մէջ ճողոպրած է 1915-ի Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ հասած Հալէպ, ապա` Պէյրութ: 1925-26 թուականներուն արդէն պատանի Կալենց սկսած է ստեղծագործել: Մեծապէս ազդուած է ֆրանսացի գեղանկարիչ Միշլէէն, որուն աշակերտած է: Լիբանանի մէջ ան ունեցած է տաղանդաւոր դասընկերներ եւ իր ստեղծագործական արուեստով Լիբանանը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ կազմակերպուած մէկ ցուցահանդէսին: 1940-1945-ի միջեւ աշխատակցած է Պէյրութի մէջ հրատարակուած «Ան Ռութ» (En Route) ֆրանսերէն թերթին: Կալենց մահացած է 1967-ին: Անոր ստեղծագործութեանց առանցքը կազմած են բնութիւնը, ընտանիքը, յատկապէս կինը: Անոր գործերը, որոնցմէ կը գտնենք Անթիլիասի եւ Զմմառու վանքերու թանգարաններուն մէջ, կ՛ընդգրկեն իր հօր` Ժանօ Աղայի (Տիրատուր Խարմանտայեան), հօրեղբօր, հօրաքրոջ եւ եղբայրներուն գեղանկարները: Ան իր կեանքին վերջին շրջանը անցուցած է Ֆրանսայի մէջ, ուր միաժամանակ ստեղծագործած է ու հետեւած արուեստի բարձրագոյն դասընթացքներու: Ան Լիբանանի մէջ եղած է Լիբանանցի արուեստագէտներու միութեան հիմնադիրներէն:
Կալենցի նուիրուած այս ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 նոյեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

