Իրան Մտադիր Է Դարձեալ Ամերիկեան Առանց Օդաչուի Թռչող Սարքերուն Դէմ Յարձակիլ, Եթէ Անոնք Դարձեալ Լրտեսեն

Ամիր Ալի Հաճիզատէ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար Ամիր Ալի Հաճիզատէ յայտարարած է, որ ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքը, որ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը նոյեմբերին փորձած էին վար առնել, կը լրտեսէր Իրանի ծովափին մօտիկ գօտիին մէջ քարիւղատար նաւերը:

«Առանց օդաչուի թռչող սարքը Հարք կղզիին մօտ թռիչք կը կատարէր, եւ ինչպէս մենք կը պատկերացնենք կացութիւնը, տնտեսական եւ հետախուզական տեղեկութիւններ կը հաւաքէր կղզիին եւ այնտեղ գտնուող քարիւղատար նաւերու վերաբերեալ», ըսած է Հաճիզատէ:

Հրամանատարը նշած է, որ եթէ ամերիկեան առանց օդաչուի թռչող սարքը դարձեալ իրանեան սահմանի մօտ նկատուի եւ դարձեալ կասկած ըլլայ, որ ատոր միջոցով հետախուզական տեղեկութիւններ կը հաւաքուին, հակաօդային պաշտպանութիւնը դարձեալ պիտի փորձէ զայն վար առնել:

«Իրանի շուրջ քանի մը կարմիր գիծ կայ, զորս ամերիկացիները պէտք է յարգեն: Եթէ նման բան կրկնուի, մենք համապատասխան կերպով պիտի արձագանգենք», աւելցուցած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES