«Սուրիական Սպառնալիքը Դիմակայելու Համար Որեւէ Տեսակի Զէնքով Զինուիլը Մեր Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Կիւլ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երէկ յայտարարեց, որ «սուրիական սպառնալիքը դիմակայելու համար որեւէ տեսակի զէնքով զինուիլը մեր իրաւունքն է»:
«Ռաշա Թուտէյ» հինգշաբթի օր հաղորդեց, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի իր գործընկերներէն պաշտօնապէս պիտի պահանջէ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ տեղակայել Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ: Այդ համակարգերուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ մինչեւ 160 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող օդանաւեր հարուածել:
Ըստ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, այդ պահանջը «անխուսափելի է»: Ան ըսած է, որ այդ հարցը կը յետաձգուէր` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան արդիւնքին սպասման պատճառով:
Աղբիւրը նշած է, որ ՕԹԱՆ տրամադիր չէ առանց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն լիազօրուելու միջամտել Սուրիոյ տագնապին: Եւ անկախ ատկէ, Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի ստեղծման հարցը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր կը քննարկուի. այդ գօտիին մէջ ընդդիմադիր զինեալները «պաշտպանուած» պիտի ըլլան կառավարական օդուժի յարձակումներէն:
Նախապէս, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը յայտնած էր, որ այն պարագային, երբ ընդդիմադիր զինեալները Սուրիոյ մէջ նկատառելի տարածքներու կը վերահսկեն, անոնք խոցելի են միայն օդուժէն:
Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հինգշաբթի օր յայտարարած էր, որ «դրամ վճարելով «Փաթրիոթ»-ներ ձեռք ձգելու որեւէ մտածում չունինք»:

