Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի Օպամա Պաշտպանութեան Նախարարի Պաշտօնը Պիտի Առաջարկէ Ճոն Քերիի

Ճոն Քերի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա կը շարունակէ իր նոր վարչակազմի ձեւաւորման աշխատանքները եւ այդ ծիրին մէջ կը մտածէ երկրի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը առաջարկել դեմոկրատական ծերակուտական Ճոն Քերիի:

Նախապէս շրջանառութեան մէջ դրուած էին լուրեր, թէ Քերի պիտի նշանակուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար, սակայն, ըստ Սպիտակ տան մէկ աղբիւրին, այդ պաշտօնը կրնայ վարել ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս: Ինչ կը վերաբերի «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնի պաշտօնին, ապա զայն կրնայ վարել Ազգային ապահովութեան խորհրդական Ճոն Պրենըն:

«Հայաթ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ ծերակուտական Ճոն Քերիի աշխատանքային խմբակէն պաշտօնեաներ ապահովական բարձրաստիճան արտօնագիրներ ստանալու համար ամերիկեան վարչակարգին փաստաթուղթեր ներկայացուցած են, ինչ որ կը հաստատէ, որ Քերի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին վրայ Հիլըրի Քլինթընը փոխարինելու ամէնէն հաւանական անձնաւորութեանց շարքին է:

Օրաթերթը նշած էր, որ Քերի այդ մարզին մէջ ամէնէն վաստակաւոր անձնաւորութիւններէն է, աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր անդամ է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ Օպամայի առաջին նստաշրջանին ընթացքին օժանդակած է Աֆղանիստանի նախագահ Համիտ Քարզայի հետ առանցքային միջնորդութիւններ կատարելով, Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելով եւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած «Սթարթ» համաձայնագիրին Քոնկրեսի կողմէ որդեգրումով:

 

Share this Article
CATEGORIES