«Ընթացող Բռնարարքները Սուրիան Դէպի Քայքայում Կը Տանին» Կ՛ըսէ Արապի

Գահիրէի եւրոպական – արաբական ժողովը

Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր նիստի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ տառապանքին ժխտական անդրադարձները կը զգանք»` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապին լուծումը մեր պարտաւորութիւնն է»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «ընթացող բռնարարքները իշխանութեան կարծր կեցուածքին պատճառով Սուրիան` արաբական երկիրը դէպի քայքայում կը տանին»: Ան ըսաւ, որ իշխանութիւնը պատերազմական բոլոր զէնքերը օգտագործեց, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այդտեղ տեղի ունեցող արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու առնչութեամբ անկարող գտնուեցաւ:

Արապի նշեց, որ Սուրիական յեղափոխական ուժերու եւ ընդդիմութեան ազգային համաձայնական մարմինի կազմութիւնը յոյսի նշոյլ մըն է, որ ձեռք բերուեցաւ Քաթարի հովանաւորութեամբ եւ մեծ ջանքերէ ետք: Ան յոյս յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան մնացեալ խմբաւորումները եւս այդ մարմինին միանան եւ պետութեանց կոչ ուղղեց` զայն ճանչնալու:

Արապի բոլորին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան աջակցելու:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն վճռակամութիւն յայտնեց Արաբական լիկային հետ գործակցելու` նշելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդեն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց Սուրիական ազգային համաձայնական մարմինին աջակցելու` շեշտելով, որ «ընդդիմութեան միաւորուելէն ետք այլեւս պատրուակներ չունիք»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիա սուրիական տագնապը կը դիտէ մարդասիրական տեսանկիւնէ` քաղաքական հաշիւներէ եւ շահերէ հեռու»` շեշտելով, որ իր երկիրը կը փափաքի սուրիացի ժողովուրդին համար խաղաղութիւն գոյացնել:

Էրտողան նաեւ նշեց, որ Թուրքիա վճռակամ է Սուրիոյ մէջ ներկայ ողբերգական կացութեան վերջ տալու իր ջանքերը շարունակելու:

Մինչ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Սուրիական Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալու համար տակաւին կանուխ է եւ այդ հարցը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս մարմինի ղեկավարութեան հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Ֆրանսա այս մարմինին պիտի զօրակցի, սակայն չնշեց, թէ իր երկիրը մարմինը պիտի ճանչնա՞յ, թէ՞ ոչ:

Աւելի ուշ, Ֆապիւս մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կոչ ուղղեց Ազգային համաձայնական մարմինը ճանչնալու` իբրեւ սուրիացի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչ:

Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Ֆապիւս Գահիրէի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Միազ Խաթիպի եւ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Ժորժ Սապրայի հետ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինը ամերիկեան-քաթարական ծրագիր մըն է եւ օտար ուժերը զայն կ՛օգտագործեն Սուրիան քանդելու համար: Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիական արտադրութիւն չէ, այլ` ամերիկեան եւ քաթարական, իսկ անոնք, այսինքն` սուրիացի ընդդիմադիրները ատով հպարտ են»:

«Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային յարաբերութեանց խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնած է, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան 90 առ հարիւրը սուրիացիներէ չէ կազմուած: Ան «արաբական յետադիմական երկիրներ»-ը ամբաստանեց «Քայիտայէն վարձկաններ Սուրիա ուղարկելու եւ քաղաքայիններու սպանութեան համար անոնց դրամ ցրուելու» յանցանքով` շեշտելով, որ իր երկիրը սուրիական կառավարութեան կը զօրակցի: «Սուրիոյ նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը սուրիական կառավարութեան գոյատեւման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւնը ունէր», նշեց ան:

Վիլայեթի յայտնեց, որ «Իրան Սուրիոյ մէջ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը կ՛ընդունի»` աւելցնելով, որ «իսլամական զարթօնքին հակառակորդ խմբակը որդեգրեց շարք մը միջոցառումներ, որոնցմէ մէկն է Սուրիոյ դիմագրաւած տագնապը, իսկ Սուրիան տապալել չյաջողելու պարագային անոնց այլընտրանքային ծրագիրը անոր մասնատումն է»: Ան յոյս յայտնեց, որ անոնք «այդ նպատակը չեն իրագործեր»:

Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Թոմի Վիթոր յայտնեց, որ նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդական Թոմ Տոնիլոն իսրայէլեան բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը հետ Սուրիոյ, Իրանի եւ շրջանի ապահովութեան վերաբերող այլ հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարած է:

Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտելլաթիֆ Զապանի յայտնեց, որ Ծոցի արաբական երկիրներու վեց արտաքին գործոց նախարարները այսօր Ռիատի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ անոր հետ պիտի քննարկեն Սուրիոյ տագնապը:

 

Share this Article
CATEGORIES