Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին պահանջեց Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնքին վերջ տալ եւ կազմել չէզոք կառավարութիւն մը: Մուսթաքպալ պլոքը անդրադարձաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին` զայն նկատելով սադրանքներ հրահրող յայտարարութիւններով լեցուն ճառ մը:

ՍԵՆՏԻՔԱՅԱԿԱՆ համակարգումի խորհուրդը յառաջիկայ 27 եւ 28 նոյեմբերը Լիբանանի մէջ ընդհանուր դասադուլ յայտարարեց բոլոր դպրոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գործադուլ պետական բոլոր հաստատութիւններուն պարագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ ուժերու նախկին պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ` Լինօ ծածկանունով) զգուշացուց, որ Ժունտ Շամի եւ Ֆաթհ Իսլամի մնացորդացները կը ծրագրեն Լիբանանի մէջ սպանութիւններ գործել:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի հետ` շեշտելով Սայտայի մէջ կրակ բացող յանցագործները պատժելու անհրաժեշտութիւնը:

ԴԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարար Վիլլի Սուվանտալ շեշտեց Լիբանանի ներկայ կառավարութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք չէ երկրին մէջ անիշխանութիւն ստեղծել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ 15 օրէն «Քալամ»-ի եւ «Թելեքարթ»-ի յատուկ թիւեր պիտի դրուին լիբանանցիներուն տրամադրութեան տակ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի յայտնեց, որ ինք ներկայ պիտի չկարենայ գտնուիլ 22 նոյեմբերին նշուելիք Լիբանանի անկախութեան տօնին: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն տէր կանգնելու Լիբանանի անկախութեան, որ լիբանանցիներուն գոյատեւման երաշխիքն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ պէտք է վերսկսին ընտրական նոր օրէնքի մշակման քննարկումները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ինք նախարարաց խորհուրդէն պիտի խնդրէ Սայտան զինուորական շրջան յայտարարել` աւելցնելով, որ շէյխ Ահմետ Ասիրի ձերբակալումը զգայուն քայլ մըն է:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մարուան Խէյրէտտին կոչ ուղղեց բոլորին նեցուկ կանգնելու վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` աւելցնելով, որ Լիբանանը կարելի է կառավարել միայն համախոհութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն երկխօսութեան սեղան նստիլ այն կուսակցութեան հետ, որ սուրիացի ժողովուրդը կը սպաննէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ դրուատեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը լիբանանեան բանակին կը պատկանի, իսկ Դիմադրութիւնը առաջնորդի դերակատարութիւն ունի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` ի խնդիր երկրին ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիական անվտանգութեան պահպանումին:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Սայտան շէյխ Ահմետ Ասիրէն փրկելը  ազգային պարտականութիւն է եւ քաղաքին տրուած իրաւունք մըն է, որ պէտք է յարգուի դատական իշխանութիւններուն եւ պետութեան կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES